Ակնարկ. Պրանսըն, Կիւլեն, Խաշոկճի` Պատժամիջոցներու Որդեգրման Պատրուակային Կերպարներ

Ռիատ Ուաշինկթըն – Անգարա գիծին վրայ արձանագրուող իրադարձութիւնները իրենց բնոյթով անջատ ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգեն, սակայն միջպետական յարաբերութիւններու դիտանկիւնէն փոխկապակցուածութեան տեսութեան մասին կը համոզեն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ ընդունած էր ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսընը, որ աւելի քան երկու տարի Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ մնալէ ետք, շաբաթ օր վերադարձած էր իր երկիրը:

Թուրքիոյ կողմէ լրտեսութեան եւ ահաբեկչութեան աջակցութեան համար մեղադրուող պատուելիին ազատազրկումը դիւանագիտական լուրջ ճգնաժամ յառաջացուցած էր Ուաշինկթընի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ: Պրանսընը ազատ արձակելու պահանջով անցեալ օգոստոսին Միացեալ Նահանգներ մինչեւ իսկ պատժամիջոցներ հաստատած էին ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ դէմ, որմէ ետք թրքական լիրան կտրուկ կերպով արժեզրկուած էր:

Պրանսընի ազատ արձակման զուգահեռ, Սէուտական Արաբիա կը սպառնար առաւել լուրջ միջոցներով պատասխանել այն պատժամիջոցներուն, որոնցմով Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան սկսած էին սպառնալ թագաւորութեան` Պոլսոյ մէջ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի անհետացման պատճառով: Այս մասին յայտարարեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Թագաւորութիւնը ամբողջութեամբ կը մերժէ որեւէ սպառնալիք կամ տնտեսական պատժամիջոցներով զինք խոցելու փորձ, քաղաքական ճնշումի կիրարկում կամ կեղծ մեղադրանքներ, որոնք պիտի չցնցեն թագաւորութիւնն ու անոր յառաջատար դիրքը արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ: Թագաւորութիւնը կը հաստատէ, որ յաւելեալ լուրջ միջոցներով պիտի պատասխանէ իր դէմ որեւէ որոշումի որդեգրման պարագային», շեշտած էր նախարարութիւնը:

Պրանսըն Կիւլենի դիմաց Անգարայի կողմէ ձեռնարկուած խաղը փաստօրէն չընթացաւ Անգարայի կանոններով: Կիւլենը առ այս պահը չէ արտայանձնուած Անգարային, մինչ Պրանսընը ազատ արձակուած է: Թրամփ ամենայն հաւանականութեամբ պիտի յիշէ Անգարայի ռազմավարական յատուկ գործընկերութիւնը, Ուաշինկթըն- Անգարա պատմական կապերը, տնտեսական պատժամիջոցներու բաւարար ըլլալը, մինչ թրքական լիրան անկումէն կայունացում եւ գուցէ վերարժեւորման միտումներու ուղղութիւն ցոյց տալու նախադրեալներ պիտի պարզէ:

Այս անգամ Ռիատն է, որ իրեն նկատմամբ խոստացուող պատժամիջոցներուն դիմաց Թեհրանի հետ մերձեցման սպառնալիքներ պիտի յղէ Ուաշինկթընին: Իսկ այստեղ Ուաշինկթընի համար լրագրողի անհետացումը պարզապէս պատրուակ է դէպի Անգարա եւ դէպի Ռիատ սլաքները տարբեր ուղղութիւններով ճշդելու:

Տարածաշրջանին մէջ սիւննի դաւանաբնակչութիւնը հզօր գործօն է իրավիճակներ ստեղծելու, ազդեցութեան գօտիներ ձեւաւորելու եւ միջպետական յարաբերութիւններուն ընթացքին հակակշռումներ եւ այս պարագային Թեհրանի դիմաց խաղաթուղթ օգտագործելու:

Կը թուի, որ զանգուածային այս դաւանաբնակչութեան տիրութիւն ընելու մրցակցութեան մէջ Ռիատը սկսած է զիջիլ Թուրքիոյ, Ուաշինկթընի անուղղակի մղումով եւ հովանաւորչութեամբ: Գէթ որոշ ժամանակի համար:

Խնդիրը ուրեմն տարածաշրջանային առանցքին մէջ, նման դերակատարութեան ստանձնման պարագային ուղղակիօրէն կը վերաբերի երկրորդ դաւանաբնակչութեան` շիի զանգուածին տիրութիւն ընող Թեհրանի հետ Անգարայի արդէն սպառման եզրին գտնուող մերձեցման: Մանաւանդ որ Իտլիպի հանգուցալուծումէն ետք մերձեցման քայլերը նախկին նշանակութիւնը չունին յայտնապէս:

Պրանսըն – Կիւլեն խաղը աւարտած է յօգուտ Ուաշինկթընի, որ կը թելադրէ` Ռիատ ընդդէմ Անգարայի տեսքով նոր խաղի կանոնները: Այստեղ Խաշոկճիի ճակատագիրը պարզապէս պատրուակ է:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել