Դաշնակցութիւնը իր գործին խստագոյն քննադատն է


Սեդօ Պոյաճեան

Դիմատետրի էջիս տեղադրած «ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԻ ԳԱՐ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ» յօդուածիս առիթով երեց ընկերս Կարօ Արմենեան կատարած է սքանչելի նկատողութիւն, որուն ճշմարտութիւնը, հարազատութիւնը եւ իմաստութիւնը թարգմանն է իւրաքանչւր Դաշնակցականի գաղափարական բծախնդրութեան։

Կ՛ուզեմ հրապարակաւ բաժնել ընկերոջս այս գրառումը, որ թէ՚ դաստիարակող է եւ թէ յուշող՝ այն ծանր պատասխանատուութեան մասին որ տեւաբար կը պատկանի Դաշնակցութեան.-

«Կեցցե՛ս, Ընկ. Սեդօ։ Հարի՛ւր առ հարիւր և բառ առ բառ կը բաժնեմ ախտորոշումներդ։ Այնուամենայնիւ Դաշնակցութիւնը, իր կարգին, պատասխանատու է երկրի ներկայ կացութեան համար։ Երկրի քաղաքական բեմին վրայ պատասխանատւութիւն վերցուցած կուսակցութիւնը հպարտօրէն պիտի իր ուսերուն վերցնէ նաև մեղքի իր բաժինը և գործի անցնի։

Մենք ճիշտ ըրինք մէկդի հրելով ձախաւեր «ընդդիմութիւն»ը և մտնելով գայլերու որջը մեր պլատֆորմի առաջադրութիւնները իրականութեան վերածելու վճռակամութեամբ փոխանակ հեռուէն որջը քարկոծելու անմիտ և անպտուղ վարքագիծը որդեգրելու։ Այսպէս կը գործէ յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։

Մենք մեծ ոստիւն մը ապահովեցինք մեր պետութեան և իր քաղաքացիներուն համար առաջնորդելով սահմանադրական փոփոխութիւններու գործը և իրականութեան վերածելով ՀՀ Սահմանադրութիւնը մաքուր և անբիծ համաժողովրդական հանրաքուէով։ Եթէ մեր այսօրուան «տեսաբան»ները յեղափոխութիւն կ՚ուզեն տեսնել Փաշինեանի իշխանափոխութեան մէջ, թող նախ գնահատական տան այն մեծ յեղափոխութեան՝ ՀՀ Սահմանադրութեան, որ Դաշնակցութիւնը իրագործեց գայլերու որջին իսկ ընդմէջէն։

Մենք նաև այն ուժն էինք, որ մեր պլատֆորմը հրապարակաւ պարտադրեց օրուան Նախագահին և օրուան Վարչապետին համակարգային փոփոխութիւններու խնդրով զիրենք հրապարակաւ բերելով յանձնառութեան։ Բոլորիս յայտնի քաղաքական մեքենայութիւնները վիժեցուցին Դաշնակցութեան գործը մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման հետ կապուած։ Յետագային նաև նոյնպիսի մեքենայութիւններով Նախագահն ու իր կուսակցութիւնը փորձեցին առևանգել Սահմանադրութիւնը։

Ասոնք այն քաղաքական բացերն են, որոնց համար մենք անկեղծօրէն պիտի վերցնենք պատասխանատւութեան մեր բաժինը, որպէսզի սկսինք պատրաստել վաղուան մեր գործը։ Մեր խստագոյն քննադատը պիտի ըլլանք մենք՝ ինքնե՛րս։ Հրապարակը աղմկող գրիչները շատ հեռու են այդ մէկը կարենալ ընելէ։ Յեղափոխական կուսակցութիւնը ամէն օր պիտի յեղափոխէ ինքզինք, որպէսզի յեղափոխութիւնը չըլլայ ինքնանպատակ և ծառայէ երկրին։ Այդ կուսակցութիւնը մենք ենք և մեր այդ հանգանակը իրաւունք չունինք յանձնելու Փանջունիներուն»։

Տպել Տպել