Խմբագրական. Դիւրաբեկ Խաղաղութիւն

Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին 100-ամեակի միջպետական տարողունակութեան երեւոյթը բնականաբար մտածել կու տայ քաղաքական առանցքային ուղերձներ փոխանակելու կարեւոր հանգամանքներու մասին:

Այս շրջագիծին մէջ նախաձեռնող կողմը` Ֆրանսան իր նախագահին ճամբով յայտարարեց ներկայ աշխարհակարգի դիւրաբեկ խաղաղութեան վրայ յենած ըլլալու իրականութեան մասին: Իսկ երբ սպառնալիքի տակ եղած խաղաղութիւնը կը յիշուի Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի նշումին առիթով, անուղղակիօրէն կը մատնանշուին նոր լայնածաւալ պատերազմներու բռնկումի վտանգները:

Ազգայնականութեան յղացքը իբրեւ բացասական զարգացող երեւոյթ հայրենասիրական դրական հասկացողութեան հակադրելով Ֆրանսայի նախագահը սլաքները դիւանագիտականօրէն ուղղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ Ուաշինկթընի քաղաքականութեան իրականացման համար հրապարակայնօրէն կը շարունակէ խօսիլ ազգայնական գաղափարախօսութիւն որդեգրած ըլլալուն մասին:

Քաղաքական հիմնական ուղերձը այս բոլորէն ետք Եւրոպայի վերականգնումի առաջադրանքն է` ՕԹԱՆ-ի մէջ Եւրոպայի դերակատարութեան աստիճանաչափի բարձրացման եւ ընդհանրապէս համաեւրոպական պաշտպանական անկախ համակարգ կայացնելու համոզումներու բարձրաձայնումներով:

Այս առանցքային գիծի իրականացումը հեռանկարային կ՛ըլլայ ո՛չ միայն աշխարհակարգային փոփոխութիւններու եւ դիւրաբեկ խաղաղութիւնը ամրացնելու, այլ նաեւ հայկական գործօնին յարաբերակցաբար, եթէ նկատենք, որ ռուսական կախեալութեան եւ դէպի տարածաշրջան ամերիկեան աշխուժ թափանցման քաղաքականութեան արանքին մէջ Երեւանը դէպի Եւրոպա համարկումի արտաքին քաղաքականութիւնը կը ջանայ խորացնել, այս պայմաններուն մէջ առաւելագոյնս կարենալ իրականացնելու համար փոխլրացուցիչ քաղաքականութիւնն ու բազմակողմ դիւանագիտութիւնը:

Այս հանգամանքները նկատի ունենալով էր, որ Եւրոպայի կայացման համար պաշտօնական Երեւանը վարչապետի պաշտօնակատարին այս առիթով ունեցած ելոյթին մէջ յիշեցուց խաղաղութեան դիւրաբեկ իրավիճակի պատասխանատուներէն Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Ցեղասպանութիւն իրականացուցած պետութեան մասին, որուն իրականացուցածը եթէ համարժէք դատապարտանքի արժանանար, չէին կրկնուեր իրերայաջորդ միւս ցեղասպանութիւնները:

Պահը լիարժէք կ՛օգտագործուէր նաեւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի ընտրովի յարգումի իրականութիւնը յիշելու` պարզ դարձնելով, որ այն ինչ որ կը զլացուի այսօր Արցախի ժողովուրդին, կը շնորհուի այլ ժողովուրդներու:

Մինչ, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը համակարգող խորհուրդը Ֆրանսայի նախագահին կը յղէր նամակ, ուր բողոք կը յայտնէր, որ խաղաղութիւնը գերադասող նման միջպետական հաւաքի մը ոգիին հակադիր է Անգարայի ներկայութիւնը, որ կը շարունակէ ժխտել Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին իր կազմակերպած տարբեր ազգաբնակչութիւններու տեղահանութիւններն ու բնաջնջումները:

Թուրքիոյ դերակատարութիւնը միայն պատմական առումով չէ անշուշտ, որ չի համընկնիր հաւաքի ոգիին, տրամադրութիւններուն եւ առաջադրանքներուն:

Ազգայնականութիւնը մերժող Եւրոպայի այն ղեկավարները, որոնք կը շեշտեն մոլորակի այսօրուան դիւրաբեկ խաղաղութեան սպառնացող վտանգները, բոլոր առումներով կը գիտակցին անշուշտ, որ խաղաղութեան դիւրաբեկման գլխաւոր պատասխանտուներէն է Անգարան, որ Եւրոպային կը սպառնայ գաղթականական ալիքներով, անոնց առընթեր դէպի Եւրոպա ահաբեկչութիւն արտահանելու իր կարողականութեամբ եւ էրտողանական ազգայնականութեան տարբեր դրսեւորումները Թուրքիայէն դէպի եւրոպական զանազան քաղաքներ տեղափոխումով:

Համաշխարհային Բ. պատերազմի դասերը կը թուի, որ ցեղասպանութեան առումով աւելի ընկալուած են: Գործադրողը դատապարտուած է եւ ցեղասպանուածը` հատուցուած:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ցեղասպանութիւններն ու ցեղային զտումները համարժէք դատապարտանքի եւ հատուցման չեն արժանացած: Իրաւաքաղաքական այդ գործողութիւնները չիրականացնելը պատճառ է նաեւ այսօրուան դիւրաբեկ խաղաղութեան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել