Արշակ Ջամալեան (Իսահակեան, 1882-1940). Հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան փոթորկաշունչ ուխտաւորը

chamalia
«Փոթորիկի պէս եկաւ,
«Փոթորիկի պէս անցաւ
«Հայի փոթորկոտ կեանքից»…

Հայ ժողովուրդի բազմաչարչար կեանքին բախտորոշ մէկ հանգրուանին ապրած ու գործած այդ փոթորկաշունչ Անցորդը եղաւ Արշակ Ջամալեան, որուն մահուան 71րդ տարելիցը կ’ոգեկոչենք այսօր՝ Դեկտեմբեր 27ին։

Հայաստանի Անկախութեան Սերունդի ամէնէն ներկայացուցչական դէմքերէն ու մարտունակ նուիրեալներէն է դաշնակցական այս հսկան, որ շուրջ քառասուն տարի իր իւրայատուկ դրոշմը դրաւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական կեանքի հունաւորման վրայ։

Գաղափարի եւ Հաւատքի մարմնաւորեալ Ուխտաւոր մըն էր Ջամալեան, որ ոչ միայն սեփական կեանքը իմաստաւորեց հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ արդարութեան համար անսակարկ նուիրաբերումով, այլեւ իր մտքի ու կամքի լոյսով եւ ուժականութեամբ՝ ոտքի հանեց հայոց բազմութիւնները եւ մղեց դէպի յարատեւ կռիւ, ի խնդիր հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան – ազգային, ընկերային եւ մշակութային։

Հայ մտքի եւ քաղաքական կամքի փոթորկաշունչ դարբինը դառնալու ճակատագրուած էր Գանձակի մէջ 22 Սեպտեմբեր 1882ին ծնած բազմաշնորհ Արշակը։ Հայրը՝ բարեկեցիկ ոսկերիչ Ջամալ Իսահակեանը (որուն անունով Արշակ ընտրեց Ջամալեան մականունը հետագային, երբ դաշնակցական յեղափոխական դարձաւ) յատուկ պատճառ ունէր իր զաւկին ուսումնառութիւնը քաջալերելու եւ ապահովելու, որովհետեւ ոչ միայն Արշակ ինք ընդունակ աշակերտ էր, այլեւ՝ Արշակի վաղամեռիկ մօր կտակն էր, որ իր տղան անպայման ուսանի եւ բարձրագոյն կրթութեան տիրանայ։

Արշակ Իսահակեան իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ Գանձակի հայոց ծխական դպրոցին մէջ, ապա՝ երբ 1892ին ցարական հրամանագրով փակուեցան հայոց ծխական վարժարանները, յաճախեց Գանձակի ռուսական
գիմնազիան։ Ռուսացման ալիքը ուժեղ էր այդ շրջանին եւ Արշակ սկսաւ տարուիլ հոսանքէն, բայց հայրը հոսանքին դէմ պայքարող մարդ էր եւ ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի հայեցի կրթութիւն ապահովէ իր տղուն։ Զուգադիպութիւն մը օգնեց, որպէսզի Արշակի կեանքը հիմնովին նոր ուղղութիւն մը ստանայ։ 1896ի Վանի կոտորածներէն ետք Ս. Էջմիածին ապաստանած գաղթական բազմութեան մէջ էր ազգային հեղինակաւոր մանկավարժ Պլուզ Կարօ, որ Խրիմեան Հայրիկի կողմէ անմիջապէս ղրկուեցաւ Գանձակ՝ հայ դպրոցէ զրկուած սերունդին ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու առաքելութեամբ։ Ջամալ Իսահակեան Պլուզ Կարոյէն խնդրեց, որ իր տղուն հայերէնի եւ հայոց պատմութեան մասնաւոր դասեր տայ։ Այդպէս ալ եղաւ։ Արշակի ընդունակութիւններուն ծանօթանալով՝ Պլուզ յորդորեց ու համոզեց Ջամալին, որ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը ղրկէ Արշակին։ Եւ այդպէս, 1897ին, Արշակ ընդունուեցաւ Գէորգեան Ճեմարանը։

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման եռուն ժամանակաշրջանն էր, իսկ Գէորգեան Ճեմարանը, հակառակ հոգեւոր հաստատութիւն մը ըլլալու իր պաշտօնական հանգամանքին, փաստօրէն վերածուած էր յեղափոխական շարժման հնոցի մը, ուր կը տիրէր յատկապէս դաշնակցական ոգին։ Նիկոլ Աղբալեանի եւ Ա. Վռամեանի օրինակով դաշնակցական մեծութիւններու հոգեմտաւոր կազմաւորման օրրանը դարձած Ճեմարանը իր բարեբեր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ ու մանաւանդ Արշակ Ջամալեանի վրայ, որ իր սերունդին յեղափոխական խմորումներուն եւ աշակերտական ըմբոստացումներուն մղիչ ուժն ու յառաջապահը եղաւ շուտով։ Իր կենսագիրներուն վկայութեամբ՝ Ջամալեան գաղափարական շարժման փոթորիկ մը առաջացուց Ճեմարանի մէջ՝ ձեռագիր «Նաւակ» աշակերտական թերթի խմբագրումէն մինչեւ հայաստանեայց եկեղեցին ծիսապաշտութենէ դուրս բերելու եւ բարեկարգելու պայքարին ծաւալումը։ Բայց յատկապէս Երկրի մէջ սաստկացած յեղափոխական կենդանի կռուին անձնապէս նուիրուելու իր կոչերով՝ արդէն դաշնակցականի իր ուղին գտած Ջամալեանը իր դէմ լարեց Ճեմարանի պահպանողական պատասխանատուներուն դժգոհութիւնը։ Եւ հակառակ իր ուսումնական փայլուն արդիւնքներուն,
Ճեմարանի լսարանական (համալսարանական) բաժնի առաջին տարին հազիւ աւարտած, 1902ին, Ջամալեան տուն ճամբուեցաւ եւ Ճեմարանի դռները իր առջեւ վերջնականապէս փակուեցան։

Քսանամեայ երիտասարդ՝ Ջամալեան քանի մը տարի մնաց իր ծննդավայրին՝ Գանձակի մէջ, ուր ծաւալեց դաշնակցական աշխոյժ գործունէութիւն՝ գաղափարական մթնոլորտ ստեղծելու եւ տեղւոյն երիտասարդութիւնը կազմակերպելու ուղղութիւններով։ Եւ երբ վրայ հասան 1905ի հայ¬թաթարական ընդհարումները եւ բացայայտ դարձաւ ցարական ոստիկանութեան գրգռիչ դերակատարութիւնը, Դաշնակցութեան որոշումով, Ջամալեան մասնակցեցաւ տեղւոյն ռուս ոստիկանապետի ահաբեկումին, որուն հետեւանքով 7 ամիս բանտարկուեցաւ, իսկ ազատ արձակուելէ ետք՝ անցաւ Եւրոպա, ուսումը շարունակելու համար։

Վստահաբար երիտասարդական շրջանի իր այդ կենսափորձը ի մտի ունենալով էր, որ տասնամեակներ ետք, Սփիւռքի ու տարագրութեան մէջ, իբրեւ Դաշնակցութեան լիաժամ աշխատող քաղաքական գործիչ եւ նոր սերունդի ազգային-պահանջատիրական կազմաւորման պատասխանատու դաստիարակ՝ Արշակ Ջամալեան պիտի գրէր.-
«Պէտք է նկատի ունենալ, որ արտասահմանեան այսօրուայ պայմաններում մէկին իսկական դաշնակցական դարձնելը այլեւս այնպէս դիւրին չէ, ինչպէս որ էր երէկ՝ երկրի մէջ։ Այնտեղ դաշնակցականը իր կուսակցական աշխատանքն սկսում էր, կարելի է ասել, հէնց առաջին օրից գործօն պայքարի թոհ ու բոհի մէջ նետուելով, յաճախ հրի ու սրի դէմ կանգնելով։ Սրա՛ համար էր երկրում դաշնակցական արձանագրուած՝ շատ կարճ ժամանակամիջոցում թրծւում էր կուսակցական կարգապահութեան եւ պարտաճանաչութեան մէջ։ Այստեղ, արտասահմանում, յեղափոխական գործի այս նպաստաւոր պայմանները չկան եւ, դրա համար, կրկնակի եւ եռակի աշխատանք է հարկաւոր Դաշնակցութեան շարքերը դիմող երիտասարդներին կուսակցական գիտակցութեան բերելու, նրա քաղաքական մտածողութիւնը յստակացնելու եւ կարգապահութեան ու պարտաճանաչութեան ոգին նրա մէջ մշակելու համար»։

Ճեմարանական տարիներէն իսկ, Արշակ Ջամալեան շեշտակի հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր հայ հասարակագիտական մտքի զարգացման եւ հարստացման ուղղութեամբ։ Լսարանական առաջին տարուան իր ծաւալուն շարադրութիւններէն մէկը, որ կը վերաբերէր Րաֆֆիի պատմավէպերուն մէջ արծարծուած հասարակական խնդիրներու ուսումնասիրութեան, արժանացաւ Ճեմարանի ատենի ուսուցչական կազմին բարձր գնահատանքին։ Հետեւաբար, երբ Ջամալեան հասաւ Եւրոպա եւ արձանագրուեցաւ Պերլինի համալսարանը, աւելի քան բնական էր, որ ընկերային գիտութեանց վրայ կեդրոնացաւ անոր բարձրագոյն ուսումը։

Եւրոպայի մէջ ուսանողական տարիները Ջամալեանի առջեւ բացին ոչ միայն գաղափարական իր հետաքրքրութեանց ու ծանօթութեանց հորիզոնը ընդարձակելու, այլեւ կազմակերպական իր տաղանդը մշակելու եւ զարգացնելու լայն հորիզոններ։ Եղաւ հիմնադիրներէն մէկը Եւրոպայի Հայ Ուսանողական Միութեան եւ անոր պաշտօնաթերթ «Ուսանող»ին, որուն էջերէն Արիսեան ստորագրութեամբ հանդէս եկաւ հայ միտքը աշխուժացնող եւ ազգային ու հասարակական խնդիրներու գիտական քննարկումը հարստացնող յօդուածներով եւ աշխատասիրութիւններով։

Արդէն գաղափարական ու կազմակերպական իր դէմքը հաստատած էր Արշակ Ջամալեան 1907ին, երբ Եւրոպայի Հայ Ուսանողութեան կողմէ պատգամաւոր ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին։ Այդ ժողովին էր, որ Դաշնակցութիւնը սուր կերպով դիմագրաւեց երկփեղկման վտանգը։ Մէկ կողմէ արեւմտահայ մարտական գործիչները վարակած Միհրանական շարժումը կատաղի պայքար բացած էր Դաշնակցութեան կովկասեան ու ընկերվարական գործունէութեան դէմ՝ դատապարտելով համառուսական յեղափոխական շարժումներուն մասնակցութիւնը։ Իսկ միւս կողմէ արեւելահայ մտաւորականութիւնն ու ուսանողութիւնը վարակած ձախապաշտ հակումները յանգած էին Դաշնակցութեան մէջ անջատողական շարժման մը առաջացումին՝ արեւմտահայ եւ արեւելահայ դատերը իրարմէ անջատ կուսակցութիւններով ղեկավարելու պահանջով։ Ահա ա՛յդ մթնոլորտին մէջ ուղղակի փրկարար դեր կատարեց Ջամալեան՝ դաշնակցական երիտասարդ ուսանողի դիրքերէն պահապան կանգնելով կուսակցութեան ներքին միասնութեան եւ յառաջապահը դառնալով ազգայինն ու ընկերվարականը համադրող դաշնակցական աշխարհայեացքի հիմնաւորումին։

1908ին Ջամալեան վերադարձաւ Կովկաս եւ հաստատուեցաւ Թիֆլիս, ուր Ներսիսեան վարժարանի մէջ իր ստանձնած ուսուցչական պաշտօնի կողքին դաշնակցական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց՝ Նիկոլ Աղբալեանի հետ «Հորիզոն»ի խմբագրութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելով։ Ռուսերէնի, գերմաներէնի եւ ֆրանսերէնի իր տիրապետումը մեծապէս օգնեց, որ այդ ժամանակներէն իսկ Ջամալեան կեդրոնական դէմքերէն մէկը դառնայ ռուս, վրացի եւ թաթար յեղափոխական շրջանակներու հետ Դաշնակցութեան հաստատած յարաբերութեանց։ Թէ՛ հայ մտքի արդիականացման, թէ՛ համառուսական միջավայրի մէջ հայ քաղաքական կամքի արմատաւորման ի խնդիր Ջամալեանի թափած ճիգերը եւ ունեցած մեծ ներդրումը բաւարար եղան, որպէսզի 1914ի Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովին -եւ ի բացակայութեան – ան ընտրուի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հ.Յ.Դ. 10րդ Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած Բիւրոյի մէջ ներկայացուցիչի պատասխանատուութեան կոչուի ու շարունակէ մնալ այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ 1933, երբ Հ.Յ.Դ. 12րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումով ան կոչուեցաւ Դաշնակցութեան մնայուն քաղաքական գործիչի աշխատանքին ու պատասխանատուութեան։

1914էն 1921 երկարող եւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանը հանդիսացած տարիներուն, Արշակ Ջամալեան բառին բուն իմաստով փոթորկաշունչ ներկայութիւն եղաւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան, Հայաստանի անկախացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ամրապնդման յառաջապահ դիրքերուն վրայ։ Եղաւ Հայ Կամաւորական Շարժման ղեկավարներէն։ 1917ի համառուսական յեղափոխութեան երկար ամիսներուն, ներկայացուց Դաշնակցութիւնը՝ բոլոր մակարդակներու վրայ։

Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութեան մաս կազմեց եւ Երզնկայի մէջ հաշտութեան բանակցութիւնները վարեց թուրքերուն հետ՝ յանուն Սէյմի։ Նշանակուեցաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վրաստանի մօտ։ Ընտրուեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Երեւան տեղափոխուեցաւ Թիֆլիսէն։ 1918ի հայ-վրացական պատերազմին շուտափոյթ դադրեցումը ապահովող գլխաւոր դերակատարը եղաւ։ 1920ին մաս կազմեց Համօ Օհանջանեանի Բիւրօ¬կառավարութեան, իբրեւ հաղորդակցութեան նախարար։ Իսկ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1922ին, Դաշնակցութեան բանագնացը եղաւ Րիկայի մէջ պոլշեւիկներու հետ կատարուած խորհրդակցութեանց ժամանակ։

Մանաւանդ Անկախութեան Սերունդի տարագրութեան շրջանին, Սփիւռքի տարածքին, Ջամալեան ունեցաւ շուրջ քսանամեայ ղեկավար դերակատարութիւն։ Վճռորոշ եղաւ Ջամալեանի ներդրումը հակադաշնակցական բուռն պայքարի այդ տարիներուն՝ Դաշնակցութեան գաղափարական վերաշխուժացումը նուաճելու եւ դաշնակցական ներքին միակամութիւնը ամրապնդելու ճակատներուն վրայ։

Յատկապէս կարեւոր եղաւ Ջամալեանի ներդրումը Մ. Նահանգներու մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան վերաշխուժացման ու Եւրոպայի տարածքին Հայ Կապոյտ Խաչի հիմնադրութեան, տարածման եւ ժողովրդականացման գործին մէջ։ Իր կենսագիրներէն Գաբրիէլ Լազեան յատուկ կարեւորութեամբ եւ անձնական վկայութեամբ կը հաստատէ, թէ մանաւանդ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի զարգացման հոլովոյթին մէջ հիմնական եղաւ Ջամալեանի ներդրումը։

Այսպիսի՛ տարողութեամբ դէմք է Արշակ Ջամալեան եւ բնաւ պատահական չէր, որ 70 տարի առաջ, երբ յետ կարճատեւ հիւանդութեան առյաւէտ փակեց աչքերը Դեկտեմբեր 27ին, անոր յուղարկաւորութեան օրը՝ Դեկտեմբեր 29ին, յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանելու եկան ոչ միայն հայ կեանքի գլխաւոր հոսանքներու ներկայացուցիչները, այլեւ՝ արտասահման աքսորուած ռուս, վրացի եւ ատրպէյճանցի ծանօթ հեղինակութիւններ, ինչպէս նաեւ Ընկերվար Միջազգայնականը ներկայացնող ֆրանսացի թէ եւրոպական այլ երկիրներու ականաւոր գործիչներ։

Հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան փոթորկաշունչ այս մեծ Ուխտաւորին մահուան 71րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման այս հակիրճ վկայութիւնը կþարժէ եզրափակել Արշակ Ջամալեանի հետեւեալ պատգամով, որ Հ.Յ.Դ. 40ամեակին առիթով լոյս տեսած է «Դրօշակ»ի էջերուն.

«Հայ ժողովուրդը գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կանգնա՛ծ է եղել իր վճռած կամ պաշտպանած գործի յետեւը՝ ամբողջ հասակով, կատարեալ անկեղծութեամբ եւ բոլորանուէր անձնազոհութեամբ։ Հայ ժողովուրդը համոզուած է նաեւ, որ եթէ վաղը նոր զոհաբերութեան եւ նոր արիւնի հարկադրանքն ստեղծուի Հայկական Դատը «մեռեալ կէտից» շարժելու համար՝ դարձեալ դաշնակցականներն են շարժուելու վտանգաւոր դիրքերի վրայ, դարձեալ նրանք են նուիրաբերելու առաջին լուման – լինի դա չարքաշ աշխատանք, դրամ թէ արիւն- որպէսզի գործը քալէ»։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել