Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Մայրենիի ազատագրումին երախտաշատ յառաջամարտիկը

26 Յունուարի այս օրը թող վերապահուի հայ մամուլի անմահ տիտանին՝ Շաւարշ Միսաքեանի ժառանգութեան հետ հաղորդութեան։

Յունուարի այս օրը, 55 տարի առաջ, Փարիզի մէջ, 73 տարեկանին վախճանեցաւ հայ մտքի եւ գրականութեան մեծարժէք վարպետներէն Շաւարշ Միսաքեան։

Հայ մամուլի պատմութեան մէջ բարձրադիր գագաթ մը եղաւ աւազանի անունով Եղիազար, բայց Շաւարշ գրչանունով հայաշխարհով մէկ հռչակուած Միսաքեաններու այս անզուգական ծնունդը։

Գրական¬գեղարուեստական կատարելագոյն մշակումի հասած իր արեւմտահայերէնով, կուռ ոճի եւ խոհականութեան իր տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, դաշնակցականի անխախտ հաւատքով ու սկզբունքայնութեամբ՝ Շաւարշ Միսաքեան հրապարակագրական իր առաջին քայլերէն իսկ գրաւեց ընթեցողը, դարձաւ անոր ուղին լուսաւորող անմար փարոսը։ Հանդիսացաւ հայ կեանքի արթուն պահակը, որ հանրային կարծիք ձեւաւորեց ու առաջնորդեց ամբողջ յիսուն տարի՝ ե՛ւ երկրի մէջ, երբ թրքական պետութեան հայասպանական մեծ Ոճիրը դեռ ի գործ դրուած չէր, ե՛ւ արտերկրի տարածքին, երբ աշխարհացրիւ տարագրութեան դատապարտուեցաւ հայ ժողովուրդը։

Յատկապէս իր մեծարժէք ձեռակերտն ու միաժամանակ փառքի դափնեպսակը մարմնաւորող փարիզեան «Յառաջ» թերթով՝ Շաւարշ Միսաքեան սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ստեղծեց դաշնակցական ամէնօրեայ, ուրո՛յն դպրոց մը, որ ընթերցող լայն հասարակութեան ազգային¬քաղաքական նկարագիր տուաւ եւ շունչ ու հաւատք ներարկեց հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ապագային հանդէպ։

Հայ Մտքի մշտարթուն եւ անխոնջ պահակը եղաւ Շաւարշ Միսաքեան։ Խմբագրական գործի ամէնօրեայ սպառիչ հեւքին մէջ, ֆրանսահայ կեանքի եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ իրականութեան, բայց մանաւանդ խորհրդային երկաթեայ վարագոյրի ետին տուայտող Հայաստանի ու հայրենի հայութեան վերիվայրումներուն՝ ընկերկումներուն ու ոստումներուն հետ անմիջական քայլ պահելով հանդերձ, իր խոհուն հայեացքը միշտ սեւեռեց գալիքին եւ լուսաւորեց ազգային ինքնահաստատման մեր ուղին։ Անցեալին մէջ չկծկուեցաւ, անցեալի նուաճումներու դրամագլուխը սպառելով չմաշեցուց ներկան, այլ՝ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի անցեալէն ժառանգուած անկորնչելի արժէքներու վերանորոգման եւ նոր արարումներով հարստացման անխոնջ ու անկաշառ պատգամաբերը դարձաւ։

Շաւարշ Միսաքեան լոյս աշխարհ եկաւ 1884ի Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Կիրակին, Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղը։ 6 տարեկանին ընտանիքը փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր Շաւարշ յաճախեց, յաջորդաբար, Գում Գափուի Մայր Վարժարանը, Կալաթայի Կեդրոնականը եւ Կէտիկ Փաշայի Կարկուրեան դպրոցը։ 16 տարեկանին մուտք գործեց հրապարակագրութեան ասպարէզ՝ «Սուրհանդակ» թերթի խմբագրութեամբ։

Շաւարշ Միսաքեանի հրապարակագրական ինքնահաստատումը սկսաւ 1908ին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ ձեռնարկեց Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան։ 1911-1912ին ստանձնեց Կարնոյ հռչակաւոր «Յառաջ» թերթին խմբագրութիւնը։ 1913ին Պոլիս վերադարձաւ՝ մաս կազմելու համար Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրութեան, ստանձնելով նաեւ պատասխանատուութիւնը «Ազատամարտ» շաբաթաթերթին։

Իր ազգային¬քաղաքական հայեացքներուն ու կեցուածքներուն համար Շաւարշ Միսաքեան տեւական հետապնդումի ենթարկուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ եւ փախստական՝ թաքստոցային պայմաններու մէջ կը շարունակէր խմբագրական իր աշխատանքը 1915ին, երբ ցեղասպանը ի գործ դրաւ հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութեան եւ աքսորի ճամբուն վրայ յօշոտման ահաւոր ոճիրը։ Մինչեւ 1916ի Մարտը Շաւարշ կրցաւ խուսափիլ թրքական իշխանութեանց հետապնդումներէն, բայց ի վերջոյ ձերբակալուեցաւ՝ երբ կը փորձէր Պոլիսէն հեռանալ ու Պուլկարիա անցնիլ։ Դատուեցաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ, բայց վճիռը ցկեանս բանտարկութեան վերածուեցաւ եւ Շաւարշ բանտ մնաց մինչեւ 27 Նոյեմբեր 1918, երբ Զինադադարէն ետք ազատ արձակուեցաւ։

Սկսաւ Շ. Միսաքեանի խմբագրական առաքելութեան կարեւոր շրջաններէն մէկը, երբ զինուորագրուեցաւ գլխատուած պոլսահայ մտաւորականութիւնը վերաշխուժացնելու անխոնջ պայքարին՝ ստանձնելով «Ազատամարտ»ի շարունակութիւնը եղող «Ճակատամարտ»ի խմբագրական պատասխանատուութիւնը։ Շաւարշ յաջողեցաւ նոր ուժեր յայտնաբերել եւ թերթին կապել՝ ընդհանրապէս կենսունակութիւնը վերադարձնելով պոլսահայ իրականութեան։ Իր այդ հանգամանքով ալ մասնակցեցաւ 1919ին Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին։
1922ին, Քեմալականներու իշխանութեան աստիճանական ամրապնդման հետեւանք նոր հալածանքներէ խոյս տալով, Շաւարշ Միսաքեան վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն, անցաւ նախ Պուլկարիա, իսկ այնուհետեւ՝ 1924ին, հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր տարի մը ետք հիմնեց «Յառաջ» օրաթերթը։

Աւելի քան երեսուն տարի, Շաւարշ Միսաքեան առաջնորդող ներկայութիւն եղաւ ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ ողջ հայ իրականութեան մէջ, «Յառաջ»ի կողքին նաեւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան մաս կազմելով եւ կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատուութեանց կոչուելով՝ իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կամ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։

Յատկապէս հայ հրապարակագրութեան մէջ անզուգական եղաւ Շաւարշ Միսաքեանի ներդրումը։ Ռուբէն Զարդարեանի կողքին՝ Շաւարշ Միսաքեան մեծագոյն դեր կատարեց արեւմտահայ արձակը հրապարակագրական առոյգ լեզուի վերածելու կենարար գործին մէջ։ Իր խմբագրականներն ու տոմսերը ամէնօրեայ տաք հացի պէս գաղափարական սնունդ հասցուցին իրերայաջորդ սերունդներու՝ Ֆրանսայի մէջ թէ սփիւռս հայաշխարհի։
Հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւորութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման գաղափարական ու բարոյական աւանդներուն երդուեալ պաշտպանը հանդիսացաւ։ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակը՝ Եռագոյնով, Զինանշանով եւ «Մեր Հայրենիք»ով, կիզակէտը դարձուց ամբողջ սերունդներու անխառն պաշտամունքին։ Ազգային անառարկելի այդ արժէքներուն ուրացման բոլոր փորձերուն եւ փորձութիւններուն դէմ յատկապէս բուռն եղան Շ. ստորագրութեամբ իր ակնարկները, գաղափարական խարազանումի իր էջերը։

Իրաւամբ հայ հրապարակագրութեան դաշնակցական վարպետը եղաւ Շաւարշ Միսաքեան, որուն ոգեկոչման նուիրուած Յուշատետրի այսօրուան էջը կþարժէ կեդրոնացնել յատկապէս Մայրենիի ազատագրութեան ի խնդիր, տասնամեակներ շարունակ, Շ.ի մղած հետեւողական պայքարին վրայ։

Հայ Լեզուն օտարամուծութիւններէ մաքրազտելու, անաղարտ պահպանելու եւ, ժամանակին համընթաց, անխուսափելի պատուաստումներով հարստացնելու ազնուագոյն կիրք մը մղիչ ուժը դարձաւ Շաւարշ Միսաքեանի յիսնամեայ հրապարակագրական վաստակին։ Հաւասարապէս թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛ արեւելահայերէնի բիւրեղացման պայքարին՝ հայոց Մայրենիի ազատագրութեան ու անկախութեան գաղափարական հանգանակին զինուորագրուեցաւ եւ մինչեւ վերջին շունչ արթուն հսկեց յառաջամարտիկի դիրքերուն վրայ։
Եւրոպական լեզուներէն ու ռուսերէնէն ներմուծուած օտարաբանութեանց դէմ իր մղած անխոնջ պայքարին կողքին, Շ. յատկապէս կատաղի կռիւ մղեց թուրքեւթաթար լեզուական ստրկամտութեան եւ աղճատումներուն դէմ։ «Յանուն լեզուի անկախութեան» խորագրով յօդուածաշարք մը կտակեց մեր ժողովուրդին, որպէսզի հետագայ մեր սերունդները չկրկնեն անարդարանալի սխալը մեր հայրերուն։

Ահա՛ դիպուկ հատուածներ «Յանուն լեզուի անկախութեան» շարքի առաջին յօդուածէն՝ ամբողջացնելու համար Մայրենիի ազատագրումին նուիրուած երաշտաշատ յառաջամարտիկին՝ Շաւարշ Միսաքեանի հետ հաղորդութեան այս պահը.

Արտասանութեան կտոր մը կը ճանկռտէ միտքս, ամէն անգամ, որ կ’որոճամ այս նիւթին վրայ.

-«Հազար տարիներ եւ մինչեւ այսօր Թաթարն է թառել մեր կրծքի վրայ»։

Ամէն մէկուն համար տեսանելի, շօշափելի են եղած քաղաքական գերութեան հետեւանքները,¬ յարատեւ զարհուրանք։ Յորդահոսան արիւն եւ համատարած աւեր։ Բռնագաղթ եւ արտագաղթ։ Իսլամացում եւ կազմալուծում։ Քայքայում համրանքի եւ միութեան։ Մղձաւանջ դարէ դար։ «Հազար տարիներ եւ մինչեւ այսօր»։

Իսկ հոգեկան աւե՞րը։ Եւ այն լեզուական խառնածին խնամութի՞ւնը, որ կը տեւէ մինչեւ այսօր, խաթարելով մայրենի բարբառին դիմագիծը եւ ներդաշնակութիւնը։

Տասնեակ մը տարիներ առաջ, Լեւոն Շանթն ալ կ’ողբար, արտասահման տպուած գրքի մը մէջ.

-«…Եթէ ասոր վրայ աւելցնենք, որ Կովկասի մէջ մինչեւ այսօր ժողովուրդին բերանը լիքն է թաթար բառերով, ոճերով, երգերով ու կատակներով, իբրեւ հետեւանք դարաւոր տիրապետութեան, կը ստանանք այն լեզուն որ հիմա կը խօսուի եւ օր օրի խեղճանալու եւ խառնակուելու վրայ է»։ (Մեր Անկախութիւնը, էջ 269)։

Դժբախտաբար միայն խօսուած լեզուն, այսպէս կոչուած «ժողովրդական»ը չէ աղճատ ու խառնակ։

Գրաւորն ալ հարս-փեսայ դարձած է թուրք-թաթար լեզուական ընտանիքին հետ, կնքահայրութեամբ մեծատաղանդ գրագէտներու եւ բանաստեղծներու։

Կ’ըսես իւրաքանչիւր գրիչ ուխտած է դէզ մը թաթարաբանութիւններ փոխանցել յաջորդ սերունդին, սրտառուչ հաւատարմութեամբ։

«Հազար տարիներ եւ մինչեւ այսօր…»։

Հազարը շատ է, անըմբռնելի եւ անմատչելի։ Առնենք միայն վերջին հարիւր տարին, սկսելով Աբովեանէն, չափելու համար խորութիւնը խաթարումին։

Աբովեան յանդուգն փորձ մը կատարեց ժողովուրդին մօտենալու, անոր համար մատչելի լեզու մը մշակելու։ Կովկասը նոր էր թօթափեր Շահերու եւ խաներու վայրենի լուծը։ Այդ խաւարակուռ եւ արիւնազանգ շրջանին, տէրտէրն ու վարդապետն անգամ այնքան տգէտ են որ, «շատի փորում հինգ օր ման գաս, մէկ այբի կտոր չես գտնիլ»։ Կամ եթէ գրաբար գիտեն, այնքան խրթնաբանութիւններ կը մրոտեն, «որ սատանէն էլ միջիցը մէկ բառ չի կարող իմանալ, հասկանալ»։

Ուրեմն կրնաք պատկերացնել բուն ժողովուրդին մտաւոր մակարդակը։ Ճիտը ծուռ, խարազանը միշտ գլխուն, լեզուն կարճ,- այդ հալածական բազմութիւնը բնականաբար պիտի իւրացնէր բռնակալ իշխանութեան ե՛ւ լեզուն, ե՛ւ բարքերը։ Ի՜նչ դպրոց եւ ի՜նչ մայրենի լեզու, երբ չէր գիտեր թէ յաջորդ օրը ո՛ւր պիտի արթննար։ Պիտի արթննա՞ր թէ գետին փռուած, փոշիացած պիտի ըլլար տունով-տեղով։

Աբովեան փորձեց ու յաջողեցաւ։ Եւ մենք հարիւր տարիէ ի վեր գուրգուրանքով կը կարդանք «Վէրք Հայաստանի»ն, ինչպէս «Պարապ վախտի խաղալիք»ը։ (1841)։

Աբովեան թանկագին ժառանգութիւն մը ձգեց։ Յաջորդ սերունդներուն կը մնար բան մը նորոգել, թարմացնել, մակաբոյծ բոյսերը յօտելով, չորցած տերեւներն ու ծաղիկները թօթուելով, որոմը ցորենէն զատելով։
Ի՞նչ կը տեսնենք աւելի քան հարիւր տարի վերջը։ (Հարցը միայն լեզուի մասին է, բառ եւ ոճ)։
Նախ ծաղկեփունջ մը՝ Աբովեանի ժողված եւ ցանած «ժողովրդական» բառերէն (Տես «Վէրք Հայաստանի» եւ «Պարապ վախտի խաղալիք»)։

…(Շաւարշ Միսաքեան կը թուէ երկար շարք մը թուրք¬թաթարական բառերու, որոնք անընդունելի օտարամոլութեամբ կամ ստրկամտութեամբ «քաղաքացիութեան իրաւունք» ստացած են հայերէնի մէջ։ Տեղի սղութեան պատճառով զանց կþառնենք անոնց թւումը ¬ Ն.)

Արդ, Աբովեանէն 50, 60, 80 կամ 100 տարի վերջն ալ, այս բառերն ու ոճերը տնավարի նստած, ձիւթ կը ծամեն արեւելահայ գրականութեան եւ բանաստեղծութեան անդաստանին մէջ։

Առէք հին եւ նոր սերունդի ամէնէն տաղանդաւոր բանաստեղծներն ու գրագէտները, ցարական շրջանէն մինչեւ խորհրդայինը, ալեւոր յոբելեարներէն մինչեւ նորափետուր երիտասարդը։ Մատի վրայ կը համրուին անոնք, որ պարտք սեպած են խուսափիլ թաթարաբանութենէ, իրենց այս կամ այն արտադրութեան մէջ։
Իսկ ամէնէն վրդովիչը, – բանաստեղծ թէ գրագէտ իրենց հեղինակութեանց մէջ միայն ժողովուրդի զաւակներու խօսակցութեանց առթիւ չէ, որ ազատ ասպարէզ կուտան թաթարաբանութեանց, այլ եւ զանոնք անփութօրէն կը խառնեն իրենց սեփական նախադասութեանց։ Տեսակ մը կարկտուք։

Շատեր կը կարծեն թէ մեղրի համ կուտայ այս խառնուրդը։ Իրականին մէջ, սխտորի հոտ կուգայ այնքան հարազատ, գեղեցիկ տողերու մէջէն։

Շարք մը օրինակներ, ցիրուցան եւ պակասաւոր, բայց բաւարար՝ գաղափար մը տալու համար։
(Յօդուածին հետագայ բաժինը ամբողջութեամբ յատկացուած է թրքաբանական օրինակներու, որոնք անհաշիւ գործածուած են Աւետիք Իսահակեանէն, Յովհաննէս Թումանեանէն եւ Աւետիս Ահարոնեանէն մինչեւ Եղիշէ Չարենց ու Ակսէլ Բակունց եւ աւելի նորերը։ Դարձեալ տեղի սղութեան պատճառով զանց առնուած են այդ անընդունելի նմոյշները ¬ Ն.)

Կը յիշեցնեմ. – Այս տեսութիւնը որ եւ է կապ չունի ոչ մատնանշուած հեղինակներու գրական-գեղարուեստական կամ լեզուական կարողութեան, ոչ ալ անոնց արտադրութեանց հիմնական արժէքին հետ։ Ես չեմ որ պիտի ժխտեմ հարիւր տարիէ ի վեր կտրուած ճամբուն խորութիւնն ու լայնութիւնը, բազմավաստակ եւ հոյակապ ստեղծագործութիւնները։

Յետոյ, թթու ազգասիրութեան կամ քարացած հայկաբանութեան տենչը չէ, որ տուն կուտայ այս խորհրդածութեանց։
Նպատակս,- մատնանշել երեւոյթ մը, որ անխափան կը շարունակուի հարիւր տարիէ ի վեր, իբրեւ տեսակ մը աւանդութիւն։ Երբ արմատապէս փոխուած է մեր ընկերային եւ քաղաքական կեանքը, բարձրացնելով ժողովուրդին մտաւոր մակարդակը եւ ընդհանուր մշակոյթը, լեզուն ինչո՞ւ լճացած պիտի մնար։

Ես կը խօսիմ օտար տիրապետութեան գործած աւերին մասին։ Այդ օտարն ալ՝ թուրք-թաթարականն է, ներկայ պարագային։ Գիտակցաբար դուրս ձգած եմ ռուսական-եւրոպականը, որ ուրիշ բան է, նոյնքան կսկծալի ու վրդովիչ։
Քաղաքական եւ ընկերային անկախութեան տարրական պայմաններէն մէկն ալ մայրենի լեզուի ազատագրումը չէ՞։ Արդէն լեռ ու ձոր կտրած ենք այդ ճամբուն վրայ։ Բայց, մե՞ղք է աւելին պահանջել, նոյնիսկ յանուն գեղարուեստի։
Մնաց որ, մեր մայրենի լեզուն այնքան աղքատ չէ, ուրիշին դուռը ափ առնելու համար։ Մանաւանդ հայրենիքի սահմաններուն մէջ։ Կարդացէք մեր ժողովրդական երգերը։ Կարդացէք նոյնիսկ նշանակուած հեղինակներուն այն զրոյցներն ու երգերը, որ յատկապէս մշակուեր են։

Բնական փոխառութեանց արդարացումն իսկ չունին մատնանշուած օրինակները։ Դարերու ընթացքին, մեր լեզուն ալ փոխ առած, մարսած, իւրացուցած է հարիւրաւոր բառեր, տիրապետող, դրացի կամ բախտակից ազգերէն։ Պակսածը՝ թուրք-թաթարական «իմարէթխանէ»ն չէ, որ պիտի լեցնէ, ինքն ըլլալով շատ աւելի կարօտ միջազգային ողորմութեան։

Տարօրինակ ախտանշան, – շատեր հոմանիշ, նոյնիմաստ, յաճախ սնամէջ օտար բառին մէջ աւելի երանգ, խորութիւն, համ եւ գեղեցկութիւն, փոխաբերական խազ կը գտնեն քան համապատասխան հայերէն բառին մէջ։ Ի զուր փորձած եմ համոզել պսակաւոր գրագէտ մը թէ տխրահռչակ «դուքան»ը մեր գիտցած «խանութ»ն է, կամ կրպակը, իսկ «դուքանչի»ն՝ խանութպանը (կամ փերեզակը), փոխաբերական իմաստով երկուքն ալ աւելի խորիմաստ քան թուրքերէնը։

Ինչո՞ւ «ազիզ»ը պատկերալից կը թուի եւ «ազնիւ»ը կամ «արի»ն կամ ուրիշ հոմանիշ մը՝ տժգոյն։
«Հասրա՞թ»ն աւելի սրտիդ կը խօսի թէ այնքան սարսռուն կարօտը, զոր ոչ մէկ եւրոպական բառով պիտի կրնային խտացնել։

Այս ի՜նչ թանկագին, անփոխարինելի բառ է եղեր ողորմելի «դարդ»ը (տէրտ), որ մոռացութեան տուեր է հոգը, վիշտը, մտմտուքը, ցաւը, եւ ուրիշ բառեր, համաձայն պարագային։ Թուրքն անգամ տառական իմաստէն աւելի բան մը չէ գտած անոր մէջ։

Հապա «բօ՞յ»ը, որ իր անճոռնի շուքը ձգեր է մեր արքենի «հասակ»ին վրայ, մինչեւ արտասահման հասնելով։
Ջիգեար, ջիգրու, -անշուշտ չի կրնար բառացի թարգմանուիլ, քանի որ ե՛ւ թոք է, ե՛ւ լեարդ, ե՛ւ սիրտ, այն երգերուն եւ արձակներուն մէջ ուր կը գործածուի։ Բայց, ո՞վ է բռներ բանաստեղծին եւ գրագէտին ձեռքէն, որպէսզի գտնեն համապատասխան բառը, համաձայն իրենց ներշնչումին, փոխանակ թութակաբար ծամելու, սերունդէ սերունդ փոխանցելու «ջիգեար»ը կամ նոյնքան գռեհիկ «ճիյէր»ը։ Աբովեան ինքը մերթ կ’աղաղակէ իր վէպին մէջ. – «բայց ա՜խ, իմ լերդս չորացած մնաց»։ Կամ «սիրտն ու թոքը այրած» (էջ 250) ։ Չէ՞ք յիշեր, ժողովրդական երգի մը մէջ, – «Գարուն ա, ձուն ա արել»:

Հարցում, – Մեր դրացի ու բախտակից ժողովուրդներէն մէկն ու մէկն ալ –Վրացի, Ազէրի, եւլն. – գոնէ հինգ բառ փոխ առա՞ծ է մեր գանձարանէն, որ, ամէն պարագայի մէջ, շատ աւելի ճոխ է, գունագեղ եւ ճկուն։
…Մեր ճակտի՞ն գրուած է մեծապատիւ մուրացկանութիւնը, գրականութեան մէջ ալ։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել