3 Մայիս 1920, Հայաստանի Հանրապետութիւն. Պոլշեւիկներու Մայիսեան խռովութիւններն ու աններելի հայրենադաւութիւնը

Մայիսի առաջին օրերը, 92 տարի առաջ, պատմական մեծ նշանակութեամբ յատկանշուող տագնապալի եւ դաժան օրեր եղան Հայաստանի մէջ՝ կործանարար հետեւանքներ ունենալով այնքա՜ն զոհաբերութեամբ նուաճուած նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հետագայ հոլովոյթին վրայ։

Մայիս 1ի Աշխատաւորական Օրուան տօնախըմբութիւնները, 1920ին, Երեւանի մէջ սկսան արտասովոր ծանր մթնոլորտի մէջ։ Քանի մը օր առաջ՝ 28 Ապրիլին խորհրդայնացած Ատրպէյճանի կարմիր իշխանութիւնները վերջնագիր յղած էին վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան՝ պահանջելով, որ հայկական բանակը պարպէ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը կարմիր բանակայիններու մուտքին առջեւ։ Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ կառավարական-աշտօնական շուքով կատարուող Մայիս Մէկի հանդիսութեանց հետեւող ժողովրդային խուռներամ բազմութիւնը անձկութեամբ կը սպասէր իր կառավարութեան պատասխանին։ Կասկած չկար, որ հայկական բանակը պէտք չէ լքէր հայրենի հողը, ընդհակառակն՝ պարտաւոր էր ամէն գնով պաշտպանել Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի հայութիւնը ատրպէյճանական ներխուժումին դէմ։ Բայց Ատրպէյճան արդէն Կարմիր Ռուսաստանի դրօշը պարզած էր եւ անոր անունով վերջնագիր յղած էր Հայաստանի։

Հայկական անձկութիւնը ունէր նաեւ ներքին անհանգստութեան աղբիւր մը։ Աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային Օրը տօնող հայ աշխատաւորներու, յատկապէս գիւղացիներու բազմահազարանոց բազմութեան մէջ ներկայ էին եւ արտակարգ աշխուժութիւն կը դրսեւորէին Մարքսի ու Լենինի նկարներ պարզած հայ պոլշեւիկներու փոքրաթիւ, բայց գաղափարական հրձիգի մոլեռանդութեամբ զինուած խումբերը, որոնք Կարմիր Ռուսաստանին ուղղուած զօրակցական կարգախօսքերու շարքին՝ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան տապալումը, խորհրդային կարգերու հաստատումը եւ թուրք հարեւաններուն հետ զինակցութիւն պահանջող կոչեր կը վանկարկէին…

Մայիս Մէկի երեւանեան հաւաքը, անշուշտ, անտեսեց հայ պոլշեւիկներու անհեթեթ կոչերը եւ ցուցադրականօրէն, հրապակա՛ւ, որդեգրեց համաժողովրդային բանաձեւ մը, որ նախ Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջէր տեղի չտալ ատրպէյճանական սպառնալիքին առջեւ, ապա՝ համոզում կը յայտնէր, որ Կարմիր Ռուսաստանը ընթացք չի տար ատրպէյճանական հակահայ գրգռութեանց։

Լենինեան Ռուսաստանին կապուած այդօրինակ յոյսերն ու ակնկալութիւնները անհիմն դուրս եկան։ Քեմալի հետ գաղտնի գործարքի եւ զինակցութեան մէջ մտած պոլշեւիկեան Ռուսաստանը ոչ միայն ընթացք տուաւ ատրպէյճանական գրգռութիւններուն, այլեւ՝ ուղղակիօրէն ինք նախաձեռնարկ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ կարմիր բանակայիններու գրոհին։ Մինչ այդ ատրպէյճանական հալածանքէն փախուստ տուած եւ Հայաստան ապաստանած հայ պոլշեւիկները Անդրկովկասի համայնավար ղեկավարութենէն հրահանգ ստացան խռովութիւններ առաջացնելու եւ Հայաստանի խորհրդայնացման «պայքար»ը սկսելու…

Թէեւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ մեր ժողովուրդը հաստատակամ կանգնեցաւ իր կառավարութեան կողքին եւ պահանջեց դիմագրաւել թէ՛ կարմիր բանակի Զանգեզուրի ուղղութեամբ ներխուժումը, թէ՛ հայ պոլշեւիկներու ապստամբական գրգռութիւնները, այսուհանդերձ՝ երեւանէն դուրս, յատկապէս Ալեքսանդրապոլի մէջ (այժմու Գիւմրին), Մայիս Մէկէն սկսեալ պոլշեւիկեան խռովութիւնները արագօրէն թափ առին։ Ալեքսանդրապոլը յառաջապահը դարձաւ Մայիսեան խռովութեանց յատկապէս այն պատճառով, որ հոն տեղակայուած հայկական բանակի զրահապատ «Վարդան Զօրավար» գնացքին հրամանատարը՝ զօրավար Մուսայէլեան միացաւ խռովարարներուն, ըմբոստացաւ իր իսկ կառավարութեան դէմ եւ հռչակեց ստեղծումը Հայաստանի Ռազմայեղափոխական Կոմիտէի մը, որուն ինքնակոչ նախագահն ու ռազմական կոմիսարը եղաւ ինք՝ զինակից ունենալով Աւիս Նուրիջանեանն ու Արտաշէս Մելքոնեանը, իբրեւ արտաքին եւ ներքին գործերու կոմիսարներ…

Ալեքսանդրապոլի ապստամբութիւնը բնականաբար անպատասխան չմնաց։ Մայիս 3ին Հայաստանի խորհրդարանը գումարեց արտակարգ նիստ, ուր կառավարութեան կողմէ՝ արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեան զեկուցեց Խորհրդային Ատրպէյճանէն ստացուած վերջնագրին, անոր ետին կանգնած Լենին-Քեմալ գաղտնի բանակցութեանց, ինչպէս նաեւ վերջնագրին ընկերացող պոլշեւիկեան հրձիգութեանց մասին, որոնց նպատակը Հայաստանի մէջ ներքին խռովութեանց առաջացումն էր։

Մայիս 3ի Հայաստանի խորհրդարանի այդ պատմական նիստին, ծայր աստիճան բուռն քննարկումներ կատարուեցան. խորհրդարանի անդամ սոցեալիստ-յեղափոխական եւ սոցեալ¬դեմոկրատ պատգամաւորները հանդէս եկան Կարմիր Ռուսաստանը պաշտպանողի դիրքերէ՝ պնդելով, որ Կարմիր Բանակը չի՛ դիմեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորտակելու քայլին։ Նոյն պատգամաւորներուն կողմէ եղան նաեւ արտայայտութիւններ, որոնք կը փորձէին արդարացում գտնել Մայիս Մէկին եւ անոր հետեւող օրերու ընթացքին տեղի ունեցած խռովութեանց, զանոնք նկատելով հայ աշխատաւորներու ընկերային արդար դժգոհութեանց դրսեւորումներ։
Բայց Հայաստանի խորհրդարանը իր ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կողմնակից գտնուեցաւ աւելի վճռական քայլերու՝ թէ՛ ներխուժող զօրքերուն, թէ՛ ներքին խռովարարներուն դէմ։

Այդ մթնոլորտին մէջ, ահա՛, Մայիս 5ին, վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութիւնը հրաժարական ներկայացուց եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն ստանձնեց Հանրապետութեան պետական ղեկին ամբողջական պատասխանատուութիւնը՝ բժիշկ Համօ Օհանջանեանի վարչապետութեամբ կառավարութիւն մը առաջացնելով։
Բայց Բիւրօ-առավարութեան եւ անոր ձեռնարկած քայլերուն մասին կ’արժէ խօսիլ առանձնաբար։
3 Մայիս 1920ի Հայաստանի խորհրդարանի պատմական նիստին նուիրուած յուշատետրի այս էջով, անմիջականօրէն, նշումի եւ շեշտադրումի արժանի է այն իրողութիւնը, որ 1920ի Մայիսեան խռովութիւնները սեւ ու մուր խարան մը եղան հայ քաղաքական մտքի ճակտին։

Առանց անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ամբողջ դարեր ապրելէ ետք, յատկապէս թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութենէն հազիւ վերականգնած, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ դաւադրական խռովութեանց դիմեցին հայ քաղաքական գործիչներ՝ կարմիր բանակայիններու եւ թուրք-ատրպէյճանական ասպատակողներու զէնքի ուժով տապալելու համար հայոց անկախ պետականութիւնը։
Սեփական հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան դէմ բռնաշրջումի նման փորձ հազուադէպ պատահած է ազգերու պատմութեան մէջ։ Հայ պոլշեւիկները նման՝ հազուադէպ սայթաքումի ամօթալի «ժառանգութիւն» մը թողուցին հայոց պատմութեան էջերուն։

Դաժան ու դառն դասերով յատկանշուող «ժառանգութիւն» մը, որ ե՛ւ մեր սերունդին, ե՛ւ գալիք սերունդներուն վրայ պարտք կը դնէ ամէն գնով կանխելու կրկնութիւնը ազգային-պետական առումով ծանրագոյն այդ յանցագործութեան։

Որպէսզի հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ միշտ վառ պահուի վճռականութիւնը՝ յաղթահարելու աններելի հայրենադաւութեան ամէն կարգի վարակները…

«Ն.
ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել