Մարտիրոս Չարուխճեան (1884-1909).«Յեղափոխական խոյանքի մարմնացումը»

mardiros 20 Փետրուարին, հարիւրերեք տարի առաջ՝ 1909ին, Ալվարի (Թաւրիզ) մէջ, յանուն Պարսկական Սահմանադրական շարժման յաղթանակին, երիտասարդ իր կեանքը զոհաբերեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման եզակի դէմքերէն Մարտիրոս Չարուխճեան։

Հազիւ 25 տարի ապրեցաւ արդարադատ ահաբեկիչի ու յանդուգն մարտիկի դաշնակցական կերպարը մարմնաւորած Մարտիրոսը։ Քսան տարիքը նոր թեւակոխած էր, երբ Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեան տակ նետուեցաւ կռուի դաշտ, հայ¬թաթարական ընդհարումներու շրջանին, իր անունին կապելով մարտական քաջագործութիւններ։

Մրրկածին Դրոյի անբաժան ընկերն էր եւ անոր հետ միասին ստացած էր կրակի իր մկրտութիւնը, 1905ին, տխրահռչակ Նակաշիձէի ահաբեկման համարձակ գործողութեամբ։ Այնուհետեւ իրեն եւ Դրոյին վստահուած էր Պաքուի, Նախիջեւանի եւ Վրաստանի ջարդարար Ալիխանովի ահաբեկումը, որ նոյնքան համարձակ քայլ էր եւ իր օրին զգաստացուց անզէն հայութիւնը կոտորելու ելած Ցարական Ռուսաստանի իշխանաւորներն ու անոնց թաթար գործակատարները։

Յանդուգն մարտիկի իր բացառիկ արժանիքին համար ալ Մարտիրոս մաս կազմեց դաշնակցական մարտիկներու այն փոքրաթիւ խումբին, որ անզուգական Քեռիի գլխաւորութեամբ ընկերացաւ Ռոստոմին, 1908ին, երբ Դաշնակցութիւնը փութաց Ատրպատական՝ Իրանեան յեղափոխութեան իր զօրակցութիւնը բերելու համար։ Շահի բռնատիրական վարչակարգը վճռած էր բիրտ ուժով խեղդել Պարսկաստանի Սահմանադրական շարժումը եւ Դաշնակցութիւնը որոշած էր իր գործուն մասնակցութիւնը բերել Սահմանադրական շարժման պաշտպանութեան, որուն մարտական ղեկավարութիւնը ստանձնած էր անզուգական Եփրեմը։

Ալվարի կռիւը Պարսկական յեղափոխութեան յաղթանակը կերտող ճակատամարտներէն մէկը եղաւ եւ այդ կռուին էր, որ Մարտիրոս, իր երկու ընկերներով՝ Կարոյի եւ Սեթոյի հետ, խիզախօրէն յառաջ մղեց սահմանադրական ուժերը եւ իր կեանքի գնով նուաճեց յաղթանակը։

Աւելի քան հարիւր տարուան հեռաւորութեամբ յետադարձ ակնարկ մը նետողը բնականաբար հարց կու տայ, որ Դաշնակցութիւնը ի՛նչ գործ ունէր Պարսկաստանի մէջ՝ Շահի միապետական զօրքերուն եւ պարսիկ Սահմանադրականներու միջեւ ծաւալած այդ կռուին մասնակցելով։ Մանաւանդ ինչո՛ւ այդ մասնակցութիւնը ղեկավարուեցաւ Ռոստոմի տարողութեամբ գործիչի մը կողմէ, որուն աջակիցները եղան Խանի տիտղոսին արժանացած Եփրեմը, Քեռին, Մարտիրոսը եւ անուանի միւս դաշնակցական մարտիկները։

Միայն յեղափոխական զօրակցութեան մղումով չի բացատրուիր Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը Պարսկաստանի Սահմանադրական շարժման մղած ինքնապաշտպանական կռուին։ Անշուշտ կար այդ մղումը եւ հիմնաւոր պատճառներ ունէր։ 1906ին բռնկած եւ յաջողութեամբ պսակուած Սահմանադրական շարժումը իր բարերար անդրադարձը ունեցած էր Շահի բռնատիրական եւ խաւարամիտ իշխանութեան տակ տառապող ոչ միայն պարսիկ ժողովուրդին, այլեւ աւելի քան ութսուն հազար հաշուող հայութեան կեանքի պայմաններուն վրայ։ Այդքանն իսկ բաւարար էր, որպէսզի Դաշնակցութիւնը ընդառաջէր պարսիկ Սահմանադրականներու զօրակցութեան դիմումին՝ ընդդէմ Շահի միապետական զօրքերու շղթայազերծած հակահարուածին։

Բայց ռազմաքաղաքական շատ աւելի խորունկ պատճառներ ունէր Դաշնակցութիւնը՝ Իրանեան յեղափոխութեան աջակիցի իր մասնակցութիւնը բերելու համար։ Ատրպատականը եղած էր ու կը շա- րունակէր մնալ հայ ազատագրական շարժման անփոխարինելի խարիսխը՝ թէ՛ զէնքի ու զինամթերքի պատրաստութեան ու դէպի Երկիր փոխադրութեան եւ թէ զինատար խումբերու Երկիր մուտքի ամէնէն վստահելի անցքը հանդիսանալու առումներով։

Օսմանեան իշխանութիւնները 1890ականներէն արդէն կþորոճային Ատրպատականի վրայ յարձակելու եւ հայ յեղափոխականներու բոյն դարձած Թաւրիզը գրաւելու դաւադիր ծրագիրներ։ Իր կարգին Շահը՝ տեսնելով, որ իր ուժերէն վեր է Սահմանադրական շարժման դիմագրաւումը, իսկ Ատրպատականը կը հանդիսանար միջնաբերդը պարսիկ Սահմանադրականներուն, չարեաց փոքրագոյնը կը նկատէր Օսմանեան իշխանութեանց ձեռքով ատրպատականի մաքրագործումը հայ եւ պարսիկ յեղափոխականներէն։

Ազգային ռազմավարութեան այս դիտանկիւնէն, ահա՛, առաջնորդուեցաւ Դաշնակցութիւնը՝ երբ Ռոստոմի գլխաւորութեամբ դէպի Ատրպատական ուղղեց իր ամէնէն փորձառու եւ յանդուգն զինուորները, որոնք վճռորոշ դեր խաղացին թուրքեւպարսիկ դաւադիր իշխանաւորներու սադրանքները ձախողութեան մատնելու եւ Պարսկական Սահմանադրական շարժման յաղթանակը ապահովելու կռուին մէջ։

Այդ յաղթանակին համար ծանր գին վճարեց Դաշնակցութիւնը՝ Մարտիրոս Չարուխճեանի մեծութեամբ յանդուգն մարտիկի զոհաբերումով։

Կþարժէ Ռոստոմի վկայութեամբ աւարտել Մարտիրոսի հերոսական անմոռանալի կերպարին ոգեկոչումը.

– «Մարտիրոսը, որը գնում էր գործի այնքան եռանդով ու պատրաստակամութեամբ, որքան աւելի մեծ էր նրա հետ կապուած վտանգը, չէր կարող չուղղուել, առանց իսկ հրամանատարին լուր տալու, դէպի ամենավտանգաւոր դիրքը, չէր կարող չուզենալ չափուելու թշնամու բազմութեան հետ մօտիկից, անպատրաստ դիրքի մէջ՝ գլուխը վեր բարձրացնելով նրանց գնդակների դէմ։

«Նա յեղափոխական խոյանքի մարմնացումն էր»։

Անոր մարտիրոսացումը իրաւամբ եղաւ «ամփոփումը մեր յեղափոխական պատմութեան հոգուն», ինչպէս կþընդգծէ Ռոստոմ։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել