Սիմոն Աչիկգէօզեան(ԴԵԴ-DAD, 1939-1991) Արցախեան հերոսը եւ Դաշնակցական դրօշակիրը

dedՓետ­րո­ւար 6ի օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծնուն­դը Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի անձ­նո­ւէր հե­րոս­նե­րէն ­Սի­մոն Ա­շիկ­գէօ­զեա­նի, որ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ իր ան­մո­ռա­նա­լի տե­ղը գրա­ւեց իբ­րեւ ­Մար­տու­նա­շէ­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ան­զու­գա­կան հրա­մա­նա­տա­րը։

Սի­մոն Ա­շիկ­գէօ­զեա­նի ա­նու­նը, միա­ժա­մա­նակ, անջն­ջե­լիօ­րէն կա­պո­ւած է Հ.Յ.Դ. հա­յաս­տա­նեան կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նու­մին եւ կա­յաց­ման հետ։ ­Գա­ղա­փա­րա­պաշտ իր վար­քով, ան­բա­սիր նկա­րագ­րով եւ մար­տա­կան խի­զա­խու­թեամբ՝ այ­լա­պէս գի­տա­կան աշ­խա­տան­քի վաս­տա­կա­ւոր այս գոր­ծի­չը հան­դի­սա­ցաւ յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կիր­նե­րէն մէ­կը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հայ­րե­նա­կան վե­րըն­ձիւղ­ման ու ճա­ռա­գայ­թու­մին։

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ա­չիկ­գէօ­զեան ­Սի­մոն ­Յով­հան­նէ­սի՝ ան ծնած է 1939ի ­Փետ­րո­ւար 6ին, ­Ռու­մա­նիոյ ­Գա­լաց քա­ղա­քը։ Ա­շիկ­գէօ­զեան­նե­րու տոհ­մա­կան բնօր­րա­նը ե­ղած է Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նը: ­Հայ­րը՝ Յով­հան­նէ­սը, ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն հրաշ­քով փրկո­ւած է, ­Ռու­մա­նիա պան­դուխտ գտնո­ւե­լու բե­րու­մով։ Ա­շըկ­գէօ­զեան­նե­րու 86 հո­գի­նոց գեր­դաս­տա­նէն 78ը զո­հո­ւած են ­Տէր-­Զօ­րի ա­նա­պա­տին մէջ։ 1946ի հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան օ­րե­րուն, ­Յով­հան­նէս Ա­շիկ­գէօ­զեա­նի ըն­տա­նիքն ալ ­Ռու­մա­նիա­յէն ներ­գաղ­թած է ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տան։

Սի­մոն նախ­նա­կան իր ու­սու­մը ստա­ցած է Ե­րե­ւա­նի թիւ 24 միջ­նա­կարգ դպրո­ցին մէջ։ 1955ին ըն­դու­նո­ւած է Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի Երկ­րա­բա­նա­կան ­Ֆա­կուլ­տե­տը, որ­մէ շրջա­նա­ւարտ ե­ղած է 1960ին՝ ին­ժե­ներ-երկ­րա­բա­նի ո­րա­կա­ւոր­մամբ։ Ս. Ա­չիկ­գէօ­զեան 1970 թո­ւին ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ պաշտ­պա­նած է իր թեկ­նա­ծո­ւա­կան ա­տե­նա­խօ­սու­թիւ­նը։ 1984ին ար­ժա­նա­ցած է ա­ւագ գի­տաշ­խա­տո­ղի կո­չու­մին։

1960էն 1991, ա­ւե­լի քան 30 տա­րի, ­Սի­մոն Ա­շիկ­գէօ­զեան աշ­խա­տած է Հ.Խ.Ս.Հ. Գ.Ա. Երկ­րա­բա­նա­կան ­Գի­տու­թիւն­նե­րի Ինս­տի­տու­տին մէջ, հե­ղի­նա­կած է 70է ա­ւե­լի գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­ներ, զբա­ղած է թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րով։ ­Շուրջ 11 տա­րի դա­սա­խօ­սի պաշ­տօն կա­տա­րած է Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Զ­բա­ղած է ­Հա­յաս­տա­նի գու­նա­ւոր եւ ազ­նիւ մե­տաղ­նե­րու հան­քա­վայ­րե­րու հե­ռան­կա­րա­յին ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ։

1988 թո­ւա­կա­նի Ս­պի­տա­կի երկ­րա­շար­ժէն յե­տոյ, ան Ա­ղէ­տի ­Գօ­տիին մէջ ղե­կա­վա­րած է երկ­րա­շար­ժա­բան­նե­րի մի­ջազ­գա­յին ջո­կա­տը։ ­Գի­տու­թեան ան­խոնջ մշակ ըլ­լա­լու կող­քին՝ ­Սի­մոն Ա­շիկ­գէօ­զեան զբա­ղած է ա­րո­ւես­տով եւ մար­զան­քով։ Եր­կար տա­րի­ներ եր­գած է «­Նա­րեկ» ա­րա­կան երգ­չա­խում­բին մէջ՝ ­Խոր ­Վի­րա­պի վան­քը։

1988ի Ար­ցա­խեան ­Շարժ­ման սկզբնա­կան փու­լին իսկ, գի­տա­կան իր աշ­խա­տան­քը մէկ­դի ձգած՝ Ս. Ա­շիկ­գէօ­զեան ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւած է ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի վե­րած­նուն­դին։ «­Դէ­պի Եր­կիր» վե­րա­դար­ձող Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դա­մագ­րո­ւած ա­ռա­ջին ուխ­տեալ­նե­րէն ե­ղած է։ ­Գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած է 1990ի ­Նո­յեմ­բե­րին Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի անդ­րա­նիկ՝ հիմ­նա­դիր Շր­ջա­նա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։ Իր գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեամբ եւ բա­րո­յա­կա­նու­թեամբ վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցած է հայ­րե­նի ե­րի­տա­սարդ-ու­սա­նող սե­րուն­դը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­պե­լու եւ դէ­պի Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մարտ մղե­լու պատ­մա­կերտ գոր­ծին մէջ։

1989 թո­ւա­կա­նի Հ.Հ.Շ. ա­ռա­ջին հա­մա­գու­մա­րին, Ս. Ա­չիկ­գէօ­զեան ընտ­րո­ւած է Հ.Հ.Շ. ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ։ 1990ին ընտ­րո­ւած է Ե­րե­ւա­նի ­Քա­ղա­քա­պե­տա­կան ­Խոր­հուր­դի պատ­գա­մա­ւոր, մաս­նակ­ցած է Խ.­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դի աշ­խա­տանք­նե­րունն՝ կեն­սո­լոր­տի պաշտ­պա­նու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի կազ­մէն ներս։

1989ին ­Սի­մոն Աիկ­գէօ­զեան ան­դա­մագ­րո­ւած է հան­րա­ծա­նօթ «Ա­րա­բօ» կա­մա­ւո­րա­կան ջո­կա­տին եւ մաս­նակ­ցած է Ե­ղէգ­նա­ձո­րի շրջա­նի Գ­նի­շիկ, Ե­րասխ, Ա­րե­նի, ­Խա­չիկ, ա­պա ­Նո­յեմ­բե­րեա­նի մէջ՝ Ոս­կե­պար եւ սահ­մա­նա­մերձ այլ գիւ­ղե­րու ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան մար­տե­րուն։ Այ­նու­հե­տեւ մեկ­նած է Ար­ցախ (­Շա­հու­մեա­նի շրջան), ուր 1991ի Ապ­րիլ 19էն սկսեալ ստանձ­նած է ­Մար­տու­նա­շէ­նի «Ա­րա­բօ» ջո­կա­տի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը։

Ս. Ա­չիկ­գէօ­զեան զո­հո­ւած է 1991ի Ապ­րի­լի 30ին՝ ­Մար­տու­նա­շէ­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ, Խ.Ս.Հ.Մ. ներ­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րա­րու­թեան ու­ժե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յա­տուկ նշա­նա­կու­թեան զի­նեալ ջո­կատ­նե­րու (ՕՄՕՆ) կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւող Ար­ցա­խը հա­յա­թա­փե­լու «Օ­ղակ» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կան­խե­լու կռո­ւին։

Վ­կա­նե­րը կը շեշ­տեն, թէ ­Մար­տու­նա­շէ­նի մէջ մղո­ւած պայ­քա­րը ճա­կա­տագ­րա­կան ե­ղաւ հե­րո­սին հա­մար: Ան­հա­ւա­սար եւ խե­լա­գա­րու­թեան հա­սած կռի­ւը, մար­տա­կան ըն­կեր­նե­րին սպառ­նա­ցող մա­հա­բեր ի­րա­վի­ճա­կը ստի­պած են հրա­մա­նա­տա­րին, որ­պէս­զի ծայ­րա­յեղ քայ­լե­րու դի­մէ: ­Մար­տու­նա­շէ­նի ժո­ղո­վուր­դին կազ­մա­կեր­պո­ւած նա­հան­ջը ի­րա­կա­նաց­նող իր ջո­կա­տի ըն­կեր­նե­րուն ուղ­ղած ի­րենց նա­հան­ջին միա­նա­լու բա­զում խնդրանք­նե­րուն՝ ­Սի­մոն Ա­շիկ­գէօ­զեան կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժու­մով պա­տաս­խա­նած է։ Իր հա­րա­զատ կու­սակ­ցու­թեան՝ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան գրե­թէ քայ­լեր­գը դար­ձած «­Մենք ան­կեղծ զի­նո­ւոր ենք» եր­գե­լով՝ նա­հա­տա­կո­ւած է գիտ­նա­կան ­Սի­մոն Ա­չիկ­գէօ­զեան։ ­Տես­նե­լով ի­րա­վի­ճա­կը՝ ­Դեդ իր վրայ է վեր­ցու­ցած թշնա­միին կրա­կը դի­մագ­րա­ւե­լու կռո­ւին ամ­բողջ ծան­րու­թիւ­նը, որ­պէս­զի գիւ­ղի խա­ղաղ բնակ­չու­թեան անվ­տանգ նա­հանջն ա­պա­հո­վէ։ ­Սի­մոն Աչիկ­գէօ­զեա­նի ա­ճիւ­նը ամ­փո­փո­ւած է Ե­րե­ւա­նի ­Քա­նա­քեռ-­Զէյ­թուն վար­չա­կան տա­րած­քի գե­րեզմ­նա­տան մէջ։

Հ.Հ. նա­խա­գա­հի 1996 թո­ւա­կա­նի ­Սեպ­տեմ­բեր 20ի ՆՀ-640 հրա­մա­նագ­րով՝ Ս. Ա­չիկ­գէօ­զեան յետ-մա­հու պար­գե­ւատ­րո­ւած է «­Մար­տա­կան ­Խաչ» Ա. կարգ աս­տի­ճա­նի շքան­շա­նով։

Ա­մուս­նա­ցած էր, ու­նի եր­կու զա­ւակ։

2011ի Ապ­րիլ 29ին Ե.Պ.Հ. Աշ­խար­հագ­րու­թեան եւ Երկ­րա­բա­նու­թեան ­Ֆա­կուլ­տե­տի ­Մի­նե­րա­լո­գիա­յի եւ ­Պետ­րոգ­րա­ֆիա­յի ­Կա­բի­նե­տը ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւած է ­Սի­մոն Ա­չիկ­գէօ­զեա­նի ա­նու­նով։

Սի­մոն Ա­չիկ­գէօ­զեա­նին ­Դեդ (Dad) կը կո­չէին իր ըն­կեր-զի­նո­ւոր­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ջո­կա­տին ա­մե­նա­տա­րեցն էր, բո­լո­րին հա­մար հե­ղի­նա­կու­թիւն էր, ա­նոր խօս­քը վի­ճե­լի չէր։ Իսկ ­Դե­դի զո­հո­ւե­լէն յե­տոյ, ինչ­պէս որ վկա­յու­թիւն­նե­րը կը նշեն, մին­չեւ մէկ շա­բաթ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը ի­րենց վա­խէն չեն հա­մար­ձա­կած ­Մար­տու­նա­շէն մտնել… ­Սի­մո­նի մար­տա­կան ըն­կեր­նե­րը ի­րենց ղե­կա­վա­րին մա­սին շատ բան ու­նին պատ­մե­լու, բայց կը ցան­կա­նան, որ յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը եր­կար ապ­րին՝ նոյ­նինքն հրա­մա­նա­տա­րի գոր­ծին շա­րու­նա­կու­թեամբ:

Սի­մոն Ա­չիկ­գէօ­զեան ընդ­հան­րա­պէս հայ­րա­կան գուր­գու­րան­քով վա­րո­ւած է ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի իր ըն­կեր­նե­րուն հետ, ո­րոնց միշտ յետ պա­հած է կռո­ւի ա­ռա­ջին գի­ծե­րէն՝ ը­սե­լով, որ «Ես ոչ մէ­կիդ մա­հը չեմ ու­զում տես­նել, ինչ լի­նում է, թող ինձ լի­նի»…:

Ն.

Տպել Տպել