Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան 35-ամեակ

Bedig-Injeyan1«ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԻ ՀԵՐՈՍ ԻՆԿԱՒ ՆԱՀԱՏԱԿ»

35 տարիներ անցան այն օրէն, երբ Վիտոշի գործողութեան նմանող դէպք մը պատմութեան անջնջելի էջերուն վրայ արձանագրեց մեր զինեալ նորօրեայ պայքարի առաջին նահատակին անունը:
Դաշնակցականի վեհ գիտակցութեամբ եւ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» պատգամին հաւատալով` անկեղծ զինուորը մեկնեցաւ Եւրոպայի մայրաքաղաքներէն մէկը:

Մեկնեցաւ Փարիզ` իրեն վստահուած «գործը» կատարելու, դարձաւ նահատակ, վրէժխնդրութեան բագինին` իր ետին ձգելով անմոռանալի յիշատակներ:

Այնճար գիւղի հարազատ զաւակն էր ան, զաւակը Յովհաննէս եւ Ալիս Ինճէեաններուն, եռանդուն անդամն էր ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան, թիկունքը` երիտասարդական միութեան, սկաուտն ու մարզիկը` ՀՄԸՄ-ի, արժանաւոր ժառանգորդը` չաւուշներուն եւ դումաններուն, թոռը` մուսալեռցի հերոս պապերուն:

Ընկեր Պետիկ Ինճէեանն էր ան:

27 մայիս 1976: Հայաստանի անկախութեան 58-րդ տարեդարձէն օր մը առաջ, պայթիւն մը խլեց կեանքը սարդարապատեան ոգիով թրծուած երիտասարդի մը, որ տակաւին 26 գարուններ չէր բոլորած. թաղուեցաւ անշուք, «անտէր»ներու դամբանին մէջ, առանց պատշաճ «ննջեցելոց»ի մը, անմխիթար ձգելով ընտանիքը, հարազատներն ու գաղափարակից ընկերները:

Սակայն, այսօր, անոր լուռ նահատակութիւնը կը դառնայ բոցավառ ջահ մը` մեր գոյապայքարի սրբազան երթին վրայ: Անձնուիրութեան վառ օրինակով կը դաստիարակէ մեր գիւղի պատանիներն ու երիտասարդները, որոնք պատրաստ են ամէն տեղ եւ ամէն վայրկեան «ո՛չ» ըսելու թուրքին եւ թրքաբարոյ երեւոյթներուն, պատրաստ են դառնալու Հայ դատի զինուորներ` աշխարհի չորս ծագերուն, պատրաստ են տէր կանգնելու Հայաստանին ու հերոսական Արցախին` իրենց սրտերուն մէջ պահած ամբողջական Հայաստանի տեսլականը:

Ընկե՛ր Պետիկ,

Գիտենք, որ քու աճիւններդ հանգիստ չեն, քանի հայրենիքէն հեռու են, բայց վստահ ենք, որ քու դաշնակցականի անբիծ հոգիդ թեւեր առած` կը սաւառնի մայր հայրենիքի երկնակամարին վրայ` գծելով Ամբողջական Հայաստանի սահմանները: Սիրելի՛ ընկեր, քու գծած ուղիդ յստակ է եւ «պիտի գնանք վաղ թէ ուշ»:

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան բոլոր ընկերները կը խոնարհին քու անյայտ գերեզմանիդ առջեւ եւ կ՛երգեն` «Շարունակէք մեր Սուրբ Գործը, Դաշնակցութեան վե՛հ քաջեր…»:

27 մայիս, 2011
Այնճար
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

 


 

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԸՆԿԵՐՈՋՍ…

Միասնականութիւնը գլխաւորին մէջ է,
Ազատութիւնը` երկրորդականի,
իսկ Սէրը` ամէն ինչի:
ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ

Bedig-Injeyan2Դեռեւս պատանի Չարենց իր ընկերներուն հետ կ՛երթար իր ծննդավայրի` Կարսի մօտերէն անցնող Արփաչայ գետը լողալու, իսկ մենք, երբ պատանի էինք կ՛երթայինք մեր ծննդավայրի` Այնճարի Գարաչայը լողալու, ուր ձուկ կ՛որսայինք, գորտ եւ խեչափառ կը բռնէինք, կը խորովէինք եւ կ՛ուտէինք, յաճախ` առանց աղի ու հացի: Միասնական էինք, ուրախ եւ ազատ, նոյնիսկ անհոգ կրնամ ըսել: Կը սիրէինք զիրար, կը սիրէինք մեր գիւղն ու գիւղացիները, փողոցներն ու արտերը, բոպիկ կը մագլցէինք Անդի-լիբանանի լեռները, ուրկէ արեւը կը ծագէր, եւ ուրկէ աշխարհը կը սկսէր մեզի համար ու կը վերջանար Տահր Պայտարի` ուղտասարի մէջքին, ուր արեւը մար կը մտնէր…

Սկսանք մեծնալ, սկսանք լրջանալ ու ինքնագիտակցութեան գալ: Ո՞վ ենք մենք, ուրկէ՞ կու գայինք եւ ինչո՞ւ հոս կ՛ապրինք` Լիբանան եւ ոչ թէ Մուսա լեռ եւ կամ Հայաստան: Կազմաւորուեցանք ու թրծուեցանք «Բաբգէն Սիւնի»ի յարկին տակ ու Բաբգէն Սիւնիի ոգեղէն ներկայութեամբ: Սիրեցինք զիրար, սիրեցինք Բաբգէն Սիւնին ու իր ընկերները` մեր ֆետայիները, մեր կուսակցութիւնը, սիրեցինք Մուսա լեռն ու գիւղերը մեր, մեր հողերն ու թագաւորները, մեր լեռներն ու ձորերը, սիրեցինք մեր լիճերը եւ նոյնի՛սկ ծովերը, ու դեռ` մեր երգերն ու վէրքերը, մեր գաղափարի մարտիկներն ու մագաղաթի վարպետները:

Գաղափարի ընկերներ էինք, այո՛, Յակոբն ու Սեպուհը, Վարուժանն ու Մովսէսը, Մովսէսն ու Յովհաննէսը, Փանոսն ու Պետրոսը, Նորայրն ու Սերոբը, ու դեռ շա՜տ շատեր…: Մեր հոգիները ջրդեղուեցան Նեմեսիսի բոցակէզ ատրուշանին ու կամքերը մեր կարծրացան ու կոշկոռ կապեցին թունաւոր օձերու տատասկները արհամարհող մեր ներբաններուն նման:

«Դժբախտաբար ես ուշ ծնայ», կը գրէր մեր ընկերներէն մէկը իր շարադրութեան տետրակին մէջ: Այո՛, մեր ազգային գիտակցութիւնը, պատրաստուածութիւնն ու պատրաստակամութիւնը հասած էին այնպիսի «խանդավառ» աստիճանի, որ մենք զմեզ դժբախտ կը զգայինք ուշ, շա՜տ ուշ ծնած ըլլալնուս համար: Այդպէս էինք մենք, այդպէս էր մեր սերունդը Այնճարէն մինչեւ Պուրճ Համուտ եւ «Արագած» թաղէն մինչեւ Արագածի լանջերուն…:

Ու օր մըն ալ, գեղեցիկ ու լուսաւոր օր մը, մեզի «պաշտօնապէս» տեղեկացուցին, թէ մենք չենք ուշացած, ծնած ենք ճիշդ ժամանակին եւ «պարտականութեան» ճի՛շդ ճանապարհին վրայ…:
Շատ էինք մենք: Ճակատագիրը մեզ ցրուեց տարբեր ուղղութեամբ եւ ողջ աշխարհի տարածքին: Դուն մնացիր ուխտեալ ընկերներուդ հետ` քիչերու հետ: Մեր ֆետայիներէն ու Մուսա լերան հերոսներէն ժառանգ մնացած «կրակէ շապիկները» հագուեցաք, որպէսզի մեր թոռներն ու ծոռները, զիրար սիրեն, միասնական ոգիով եւ ազատօրէն երթան ու լողան նաեւ Արփաչայի մէջ, ձուկ որսան, գորտ ու խեչափառ բռնեն, խորովեն եւ ուտեն, թէկուզ` առանց աղի ու հացի…:

Սակայն…

Այդ նոյն ճակատագիրը ամբողջ դաժանութեամբ քեզի վերապահած էր «ազնուագոյնը» մահերուն: Գուցէ դարձեալ ճակատագրի բերումով, չարաղէտ դէպքէն շաբաթներ անց միայն, ես հո՛ն էի, հո՛ն, ուր «գիտակցաբար» մարմինդ բզկտեցիր ու կենսատու նշխարի նման բաշխուեցար վերանորոգելու համար ընկերներուդ կեանքը, որպէսզի անոնք (ու նաեւ հետագայ սերունդները) դարձեալ հագնին «կրակէ շապիկներ»ը ու իջնեն սրբազան պայքարի…:

Սիրելի՛ գաղափարի ընկեր…

Հասարակ մահկանացուներուն վիճակուած չէ հերոսանալ, որովհետեւ իւրաքանչիւր հերոս գերմարդ մըն է, գուցէ կիսաստուած մը` մեր հերոս պապերու հասկացողութեամբ, սակայն իւրաքանչիւր գերմարդ ինքնին զոհ մը կ՛ենթադրէ: Դուն ու քեզի պէս շատեր նահատակուեցան Նեմեսիսի սրբազան բագինին, իբրեւ Միասնականութեան եւ Համերաշխութեան առհաւատչեայ, իբրեւ Ազատութեան եւ Արդարութեան մարտիկ եւ նաեւ` իբրեւ Սիրոյ ու Գաղափարի թթխմոր…: Փա՜ռք ու պատիւ ձեզ…

Մ. Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
(24 Ապրիլ 2011, Այնճար)


 

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ

Family-InjeyanՄանկութեանս վառ ու անդարձ գարունները թաւալեցան ընտանեկան ջերմ յարկի տակ: Մուսալեռցի Յովհաննէս եւ Ալիս Ինճէեանները կազմած էին հայկական օճախ մը` ունենալով չորս զաւակներ, Պետիկ, Մովսէս, Անի, Թամար: Անոնք իրենց զաւակներուն մանուկ հոգիները կը թրծէին Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութիւններով եւ ազգային աւանդութիւններով: Ծնողներ կանուխէն ստացան բախտի հարուած` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս Մովսէս զոհ կ՛երթայ որսի արկածի:

Մանկութեանս աղօտ հորիզոնին վրայ կ՛ուրուագծուի դէմքը աւագ եղբօրս` Պետիկին, իր գորովագութ խնամքը, իր ջերմ արտայայտութիւնը, երբ հետս կը խօսէր «աղուորիկս», «սիրունիկս» կոչելով: Միշտ կը կատարէր մանկական իմ անմեղ քմահաճոյքները ու կը ջանար գունեղ դարձնել օրերս, փոքր նուէրներով: Հազիւ չորս տարիներս բոլորած, եղբայրս` Պետիկ, գրկելով զիս, կը տանի Ազգային «Յառաջ» վարժարան, երբ ծնողներս կ՛երկմտէին իմ մարմնային տկարութեանս պատճառով զիս դպրոց ուղարկել: Ապա յիշողութեանս գիրքէն կը բացուի աղօտ էջ մը, երբ եղբայրս` Պետիկ ջերմօրէն համբուրեց զիս ու խոստացաւ գեղեցիկ նուէրներ բերել: Ողջագուրուելով ընտանիքի անդամներուն հետ` եղբայրս դուրս եկաւ տունէն: Օրերը անցան եղբօրս կարօտով, անհամբեր էի տեսնելու զայն ու ստանալու նուէրները: Օր մը, դպրոցէն վերադարձին, մեր տունը բազմութիւն տեսայ ու ներս մտնելով` ծնողներուս լացը լսեցի եւ ես ալ անգիտակցաբար լացի:

Ժամանակի ընթացքին մանուկ հոգիս աճեցաւ` լսելով եղբօրս մասին պատմութիւններ` ծնողներուս եւ քրոջս` Անիին կողմէ: Կը պատմէին Պետիկին ընկերասիրութեան եւ ծառայասիրութեան մասին: Այս բոլորը կը վկայէին նաեւ անոր ընկերները: Քոյրս` Անին կը խօսէր եղբօրս բարի, ազգասէր ոգիին մասին, որ ի յայտ եկաւ ֆետայական նահատակումով, երիտասարդ տարիքին: Անին կ՛ըսէր, թէ եղբայրս` Պետիկ եղած էր ՀՄԸՄ-ական եւ ՀՅԴ-ի շարքային անդամ:

Ապա ես ականատես եղայ, թէ ինչպէ՛ս քոյրս` Անին հետեւեցաւ եղբօր` Պետիկին ուղիին, եղաւ Այնճարի ՀՄԸՄ-ի արենուշ, ապա նաեւ` ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչական անդամ, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչական անդամ: Անին դարձեալ եղաւ ԼԵՄ-ական, ԼԵՄ-ի վարչական, եւ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ու անցաւ ՀՅԴ-ի շարքերը: Այս բոլորին հետ, Անին եղաւ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի պաշտօնեայ քարտուղարուհի: Կը յիշեմ, քոյրս` Անին, ձեռքս բռնելով, զիս առաջնորդեց ակումբ ու արձանագրեց «Յառաջ» կրտսեր պատանի: Ան ամէն շաբաթ զիս կը մղէր ներկայ ըլլալու ժողովներուն: Մեր տան մթնոլորտը միշտ լեցուն էր եղբօրս նահատակութեան պատմութիւններով ու յիշատակներով: Անին ունենալով զգայուն ու խորաթափանց հոգի, եղբօր կորուստէն քանի մը տարի ետք, ինկաւ անողոք հիւանդութեան ճիրաններուն մէջ: Անին մահացաւ 25 տարեկան հասակին:

Տարիները անցան, Յովհաննէս եւ Ալիս Ինճէեանները ապրեցան որդեկորոյս ծնողքի բոլոր տառապանքները: Ծնողներս հպարտ էին, որ կրցած էին իրենց զաւակներուն տալ իսկական հայու դաստիարակութիւն, որ մղած էր որդին նահատակութեան` յանուն ազգի, ու դուստրը` ծառայելու իր գիւղին: Ծնողներս հոգեպէս կը սգային իրենց զաւակներուն մահը: Անոնց համար մնացած էր միայն ամենափոքրը` Թամարը: Ծնողներս զիս առաջնորդեցին դէպի կեանքի լաւագոյն ուղին ու հասցուցին համալսարանական կրթութեան: Ճակատագրի ողբերգութիւնները պատճառ եղան ծնողներուս վաղաժամ հիւանդութեան ու մահուան:

35 տարիներ անցան: Օրէ օր աւելի տեղեակ եղայ եղբօրս` Պետիկի նահատակութեան ծալքերուն, թափանցեցի այն գիծերուն, որոնք կը յատկանշէին Պետիկին բնաւորութիւնը: Սիրտս լեցուն էր խառն զգացումներով: Մէկ կողմէ կ՛ողբայի եղբօրս կորուստը, միւս կողմէ` լի էի հպարտութեամբ. հոգիս կը խայտայ` գիտակցելով, որ եղբայրս` Պետիկ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան զինեալ նորօրեայ պայքարի առաջին նահատակն է:

Սիրելի՛ եղբայրս, խոր ակնածանքով կը խոնարհիմ շիրիմիդ առջեւ: Դուն շաղախեցիր հայկական դաստիարակութիւնն ու պապենական հերոսներու աւանդը: Դաշնակցութեան գաղափարով զինուած վրիժառու հոգիդ պոռթկաց ու խոյացաւ դէպի թշնամին: Դուն արժանի թոռնիկն եղար հերոսական Մուսա Լերան:

Հպարտ եմ քեզմով, քու սուրբ արարքով ու թողած վեհ օրինակով:

Քոյրդ`
ԹԱՄԱՐ ԻՆՃԷԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Այնճար


 

ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ԵՂԲԱՅՐ ՊԵՏԻԿ ԻՆՃԷԵԱՆԸ

Պետիկ Ինճէեան փոքր տարիքին մուտք գործած է ՀՄԸՄ-ի ընտանիք` որպէս գայլիկ, ապա` սկաուտ: Ան եղած է գործօն անդամ ու մեծ եռանդով վարած է բանակումներ, արշաւներ, ձիւնագնացութիւններ: Արշաւներու ընթացքին, կէս գիշերին սկաուտները կը մղէր գետին մէջ լողալու ու լեռ մագլցելու: Այս արշաւներուն ու բանակումներուն ատեն երեւան կ՛ելլէր եղբայր Պետիկ Ինճէեանին եղբայրասիրութիւնը, համեստութիւնն ու նուիրուածութիւնը, որոնք դարձան վարակիչ սկաուտներուն համար: Ան ունէր բացառիկ տաղանդ` պատրաստելու չարքաշ ու տիպար սկաուտ: Անոր արշաւները կը սկսէին «արշաւենք դէպի Արարատ» կանչով: Եղբայր Պետիկ Ինճէեան իր բարի նկարագրով դաստիարակեց սկաուտներու փաղանգ մը` որպէս հայրենասէր արիներու, որոնք դարձան «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով մարզիկներ: Ան տիպար սկաուտներ մարզելու ընդմէջէն կը ցոլացնէր իր ազգանուէր ոգին:

Եղբայր Պետիկ Ինճէեան սկաուտական կեանքին մէջ եղած է Այնճարի ՀՄԸՄ-ի միաւորի խմբապետ, սկաուտ խորհուրդ, վարչական անդամ, մասնակցած է ՀՄԸՄ-ի Շրջանային պատգամաւորական ժողովներուն: Մեծ խանդավառութեամբ սկաուտները կը մղէր մասնակցելու Մայիսեան փառատօնին:

Եղբայր Պետիկ Ինճէեան մեծ սէր ունէր ֆութպոլի հանդէպ: Ան կազմեց սկաուտական ֆութպոլի խումբ մը եւ մեծ նուիրումով մարզեց զայն: Ապա եղաւ Այնճարի ՀՄԸՄ-ի Ա. խումբին մարզիչն ու խմբապետը: Այնճարի ֆութպոլի խումբը կը մասնակցէր միջմասնաճիւղային ֆութպոլի խաղերուն: 1973-ին Լիբանանի Պեքաայի խաղերուն Այնճարի ֆութպոլի խումբը կը շահի առաջնութիւն` եղբայր Պետիկի ջանքերով, նաեւ կը մասնակցի Հալէպի մէջ կայացած մրցումներուն:

1974-ին եղբայր Պետիկ Ինճէեան ՀՄԸՄ-ի շրջանային ներկայացուցչական ֆութպոլի խումբ կը հրաւիրուի որպէս մարզիկ:

Իր նախասիրութիւնն էր նաեւ ձի հեծնել: Ան ունէր ձիեր, զորս կը խնամէր մեծ սիրով:
Եղբայր Պետիկ Ինճէեան մէկն է այն տիպար ՀՄԸՄ-ականներէն, որոնք կրնան օրինակ հանդիսանալ ապագայ սերունդներուն, որպէս իսկական հայ արի: Ան ՀՄԸՄ-ի ոգիով ու Դաշնակցութեան գաղափարով նահատակուեցաւ Փարիզի մէջ, 1976 մայիս 27-ին, յանուն 1,5 միլիոն հայ զոհերու դատին ու հայրենի հողերու ազատագրման:

Սիրելի՛ եղբայր Պետիկ, յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ ու յաւերժ ապրի ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մէջ:

Եղբայր ԼԵՒՈՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Այնճար


 

Զինեալ պայքարի նորօրեայ նահատակ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան 35¬ամեակի արժանավայել նշում

Պետիկ Ինճէեանի նուիրուած յուշակոթողի բացում

Պետիկ Ինճէեանի նուիրուած յուշակոթողի բացում

«Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» կարգախօսին հաւատացած, անով առաջնորդուելով զինեալ պայքարի ուղին իբրեւ ճակատագիր ընտրած եւ մեր վրիժառու բազուկներուն հետեւելով նորօրեայ պայքարի անդրանիկ նահատակը հանդիսացած Պետիկ Ինճէեան իր նահատակութենէն 35 տարի ետք «հանգիստ հող մտաւ» ուրբաթ, 27 մայիսին, երբ Փարիզէն բերուած անոր աճիւններէն մաս մը թաղուեցան իր սիրեցեալ Այնճարի ազգային գերեզմանատան մէջ:

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, երեկոյեան ժամը 7:00¬ին գերեզմանատան մէջ Եռագոյնով եւ ՀՅԴ¬ի դրօշակով ծածկուած յուշակոթողին շուրջ համախմբուած էին Պետիկ Ինճէեանի հետ ապրած, զայն մօտէն ճանչցած անձեր, ինչպէս նաեւ անոր նահատակութեան պատգամով թրծուած ԼԵՄ¬ականներ, ՀՄԸՄ¬ականներ, պատանիներ ու երիտասարդներ: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք յուշակոթողին տակ զետեղուեցան Պ. Ինճէեանի աճիւնները, որոնք ծածկուեցան Պ. Ինճէեանի նահատակութեան վայրէն եւ Սարդարապատէն բերուած հողով: Այսպիսով իսկական հանգիստ գտաւ Պ. Ինճէեան, որ զաւակն ու ծառան եղած էր այս գիւղին` իբրեւ տիպար ապրելով ու յիշուելով: Ապա տեղի ունեցաւ Արարատը, Դաշնակցութեան զինանշանը եւ Պ. Ինճէեանի լուսանկարը կրող յուշաքարի բացում: ՀՄԸՄ¬ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ հնչած նուագի կշռոյթին տակ Այնճարի քաղաքապետին եւ ՀՅԴ ԼԵՄ¬ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան յուշաքարին առջեւ:

«Վէրքերով լի» երգի հաւաքական մեկնաբանութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ Պ. Ինճէեանի նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւն:

ՀՄԸՄ¬ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Խաժակ Հերկելեան, որ անդրադարձաւ սարդարապատեան ոգիով թրծուած երիտասարդին, որուն լուռ նահատակութիւնը դարձաւ բոցավառ ջահ մը` մեր գոյապայքարի սրբազան երթին վրայ: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի անկախութեան 58-րդ տարեդարձէն օր մը առաջ պայթիւնով մը նահատակուած Պ. Ինճէեան իր նահատակութեամբ վերածուեցաւ անձնուիրութեան վառ օրինակի, որ կը շարունակէ դաստիարակել գիւղի պատանիներն ու երիտասարդները, որոնք պատրաստ են մերժելու թրքական քաղաքականութիւնն ու թրքաբարոյ երեւոյթները, պատրաստ են դառնալու Հայ դատի զինուորներ, տէր կանգնելու Հայաստանին ու հերոսական Արցախին` իրենց սրտերուն մէջ միշտ ունենալով ամբողջական Հայաստանի տեսլականը:

Իր խօսքը եզրափակելով` Խ. Հերկելեան հաստատեց, որ Պ. Ինճէեանի գծած ու որդեգրած ուղին յստակ էր, Մուսա լերան հերոսներուն քալած ճամբան էր` աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն այդ ճամբով ընթանալ:

Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ¬ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած տեսաերիզ մը` Պ. Ինճէեանի կեանքը, տարած աշխատանքները, նկարագրային ուրոյն գիծերը, գործունէութեան տարբեր մարզերը, ինչպէս նաեւ նահատակութիւնը ներկայացնող:

Նարեկ Վարդանեան մեկնաբանեց Պ. Ինճէեանի յիշատակին նուիրուած երգը, որմէ ետք խօսք առաւ զինեալ պայքարի ճամբուն վրայ ինկած նահատակին ընկերը` Մովսէս Թ. Հերկելեան, որ իր յուշերուն եւ տպաւորութիւններուն ընդմէջէն հարազատ կերպով գծեց պատանի ու երիտասարդ Պետիկի լուսաշող ու խորհրդանշական պատկերը:

Անդրադառնալով այն իրողութեան, որ հայոց պատմութիւնը ցոյց տուաւ, թէ կարելի չէ արդարութեան հասնիլ միջազգային ընտանիքին եւ օտար պետութիւններուն վստահելով` բանախօսը նշեց, որ հայութիւնը որդեգրեց հայոց պահանջատիրական պայքարի ուղին` զգետնելով ճիւաղներն ու ոճրագործները, որոնք երբեք իրենց արժանի պատիժը պիտի չստանային, եթէ չըլլային հայկական բազուկները:

Մ. Հերկելեան այս ուղիին վրայ ինկած Պ. Հերկելեանի մասին խօսելով ըսաւ. «Մենք գաղափարի ընկերներ էինք: Մեզի համար բարոյական սկզբունքները գերադաս էին բոլոր անհատական նկատառումներէն, մենք անկեղծ էինք մէկզմէկու նկատմամբ, ջինջ ու յստակ»: Այս ընկերական ոգին եւ օրինակելիութեան հիմքը Պ. Ինճէեանը նկատեց ան, որովհետեւ նահատակ ընկերը օժտուած էր վեհանձնութեամբ, լայնախոհութեամբ, անաչառութեամբ, արդարամտութեամբ եւ հարցերը լուծելու ուրոյն կարողականութեամբ: Ան ազնիւ էր, խոնարհ, մեղմ եւ կը գրաւէր բոլորը, իր շուրջ եղողները իր ներկայութեամբ կ՛ամրապնդուէին իրենց ազգայնականութեան մէջ:

Անդրադառնալով երիտասարդական տարիներուն` Մ. Հերկելեան նշեց, որ երբ իւրաքանչիւրը կը խօսէր իր ապագայ ծրագիրներուն ու տեսլականներուն մասին` Պետիկ կը մնար լուռ ու զգալի կ՛ըլլար, որ ան թաքուն բան մը ունի, միշտ լրջախոհ էր եւ խոր մտածումներու մէջ: «Ընկեր Պետիկի դէմքը փոխուած էր, խոհուն աչքերը կայծակի պէս կը փայլէին: Այո՛, կարծես անոր բախտը բացուած էր: Ի՛նչ կրնար ըլլալ իրեն համար աւելի փայլուն ապագայ, քան նուիրուիլ ազգային- պահանջատիրական պայքարին», ըսաւ բանախօսը: Ան նշեց, որ ներկայիս Պ. Ինճէեանի դէմքը քանդակուած է ակումբին մէջ` Բ. Սիւնիի դիմաց, որուն եւ նահատակ ընկերոջ միջեւ միշտ ալ հասարակաց գիծեր նկատած էր բանախօսը, իսկ այսօր երկուքն ալ իրենց լուռ ներկայութեամբ խօսուն են:

Իր խօսքը եզրափակելով` Մ. Հերկելեան հաստատեց, որ մեր պատմութիւնն ու մեր հերոսներուն արարքները պէտք է փոխանցել նոր սերունդներուն, որպէսզի անոնք հպարտանան ու ներշնչման աղբիւր ունենալով շարունակեն անոնց նուիրականութեան ու անձնազոհութեան ուղին:

Իրմա Տէտէեանի կողմէ տպաւորիչ կերպով ներկայացուած ասմունքէն ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Փիթըր Գարակէօզեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Պ. Ինճէեան տիպար դաշնակցականը, իր կեանքով ու նահատակութեամբ օրինակելի անձը, որմէ բազմաթիւ պատգամներ պէտք է քաղել այսօր:

1970¬ական թուականներուն տիրող կացութեան անդրադառնալով` բանախօսը նկատել տուաւ, որ անկիւնադարձային այդ տարիներուն սփիւռքի սիրտը հանդիսացող լիբանանահայ գաղութը կը պայքարէր երկու տարբեր ուղղութիւններով` քաղաքացիական պատերազմի բերումով ներքին ապահովական հարցերու դասաւորում եւ Հայ դատի գործնական աշխատանքներուն եւ պահանջատիրական երթին մէջ նոր էջի բացում: «ՀՅԴ¬ի կողմէ Հայ դատի գործնական պայքարի դաշտ նետուելու գծով եղած կոչերուն առաջին ընդառաջողներուն կարգին էր մեր աննման Պետիկը, որ եկաւ ըսելու` «պատրաստ եմ», անձնուրաց զոհողութեամբ յանձնառու եմ սրբազան պայքարին», կեցուածք մը, որ դաշնակցականի բարոյական տիպարի գլխաւոր յատկանիշներէն մէկն է: Փ. Գարակէօզեան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Պետիկ եւ անոր ընկերները թէեւ Հայաստանը չէին տեսած, սակայն անոնց հոգիներուն մէջ կա՛ր Հայաստան մը, Տարօն մը, Մուսա լեռ մը, կային հայու դիւցազնական թռիչքները, անոնք կ՛ոգեւորուէին մեր հերոսներուն սխրագործութիւններով: Այս մթնոլորտին մէջ թրծուած տղաքն էին, որ կրցան իրենց գնդակներու շաչիւնով խզել միջազգային քար լռութիւնը եւ արդարութեան ձայնը լսելի դարձնել ամէնուրեք: «Քաջերու այդ փաղանգը կը հաւատար զէնքին եւ սեփական բազուկի ուժին` ամբողջական իմաստով, կը հաւատար, որ այդ միջոցով միայն կարելի պիտի դառնար պարտադրել, որ մեր դատը ճանաչում գտնէ եւ օր մը հայ ժողովուրդին վերադարձուին թուրքին կողմէ զաւթուած հայուն պապենական հողերը», ըսաւ բանախօսը:

Պետիկ Ինճէեանի նուիրուած յուշակոթողի բացումը

Պետիկ Ինճէեանի նուիրուած յուշակոթողի բացումը

Անոր համաձայն, «Կարսի հնոց դարձած Այնճար»ի մէջ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի դատին նուիրուելու սկզբունքով թրծուած Պետիկ եւ իր սերունդի տղաքը բարձր պահեցին հայոց պատիւը եւ հպարտութեամբ լեցուցին անոնց սրտերը, ինչպէս նաեւ հայու քաղաքական գիտակցութիւնը խթանող ուժ դարձան: Բանախօսը նշեց, որ այս գաղափարաբանութեան ու վճռականութեան շնորհիւ կերտուեցան մայիսեան ու արցախեան յաղթանակները:

Ինճէեանի նահատակութենէն 35 տարիներ ետք նոր սերունդներուն փոխանցուած պատգամին անդրադառնալով` Փ. Գարակէօզեան նշեց, որ Պետիկ եւ իր նահատակ ընկերները մեզմէ կ՛ակնկալեն ամէն գնով պայքարիլ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի սրբազան դատին համար, սիրել ու պահպանել հայոց լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը, մշակոյթն ու եկեղեցին, ըլլալ միաբան` ընդհանրական շահերը վեր դասելով անձնականէն, պայքարիլ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ու հզօրացման համար:

«Գաղափարի ընկերներուն կը պատգամեն ըլլալ բարոյական բարձր գիտակցութեան տէր հայորդիներ, Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն նման գաղափարապաշտ, հայ ժողովուրդի դատին նուիրեալ զինուորներ, մեր ֆետայիներուն նման արի ու վճռակամ, ասպետական, խիզախ, անվեհեր եւ միեւնոյն ատեն համեստ. մէկ խօսքով` ըլլանք ամբողջական դաշնակցականներ», իր խօսքը եզրափակեց օրուան պատգամաբերը:

«Մշակ բանուոր»ով յիշատակի ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին:

Նշենք, որ այս առիթով ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած էր Պետիկ Ինճէեանի նուիրուած գրքոյկ մը` անոր մասին վկայութիւններ բովանդակող գրութիւններով եւ լուսանկարներով:

«ԱԶԴԱԿ», 27 եւ 30 Մայիս 2011

Տպել Տպել