Որպէս ազգ տեւելու մասին

Օրը օրին ապրելու եւ զգացական հայրենասիրութեան խա-ղով տարուած, որպէս ազգ տեւելու հարցը կարծէք դադրած է հեռանկարային մտահոգութիւն ըլլալէ:

Նահանջ կայ, խուճապ: Կը խարխափենք, լեզուական խառնիճաղանճէն մինչեւ Հայկական Հարցը, որ կը խեղդուի ցեղասպանութեան ճանաչման անվնաս խաղին մէջ, «խոստումներ»ու կշռոյթով անձանձրոյթ «թարանթելլա» պարելով:

Յակոբ Պալեան

Յակոբ Պալեան

Յոգնեցուցիչ ըլլալով անգամ, պէտք է յիշել, յիշեցնել եւ կրկնել, որ սփիւռք(ներ)ը ազգի աւելի քան կէսն է որպէս համրանք: Որակական հարցը այլ է, որուն մասին խօսիլ յաճախ մեղանչում կը համարուի, կարծէք ճշմարտութենէն կը խուսափինք: Այդ որակը նախ հողի տիրութեան գիտակցութիւն է:

Որակի կորուստը ընդհանրապէս կորուստ է: Մանաւնդ երբ կը սկսի ինքզինք չափանիշ համարել:

Սփիւռքը ծնունդ առած էր հայրենահանման հետեւանքով եւ կը տեւէ հայրենահանուածներով ու անոնց ժառանգներով: Ոչ միայն ցեղասպանութիւն, այլ նաեւ հայրենահանում: Օտար ուժեր տիրած են հայրենիքներու, բայց երբ հողին տէրերը մնացած են, եկած է ազատագրութեան պահը, մարդիկ կռուած են:
Հայրենահանումը աւելի մեծ աղէտ է քան ցեղասպանութիւնը, ազգային տեսանկիւնէ, բայց աշխարհ, նաեւ մեր ժողովուրդը, այդ հարցին լիարժէք իմաստով չեն առաջնորդուիր:

Աղմկարարութիւնը յաճախ կը մոռցնէ այս գոյութենական եւ գոյառման ճշմարտութիւնը:
Ազգային որակը կարենալ տեւելու ազդակ է: Առանց անոր կը մնան անդիմագիծ ցրուած փոքրամասնութիւններ, կորսնցնելով իրենց ինքնատիպ բովանդակութիւնը, ինչպէս կաղամարի մելանի կապոյտը աւազանի մը ջուրին մէջ, որ ոչ գրելու կը ծառայէ եւ ոչ ալ գոյն կունենայ:

Հայրենահանում եւ հայրենալքում տեսակարար տարբերութիւն չունին ազգի տոկալու եւ տեւելու տեսանկիւնէն: Հեռացում-նօսրացում-ամայացումը կը թոյլատրէ դեռ ժամանակ մըն ալ աւանդականի եւ աւանդութիւններու մակերեսային անվաղորդայն շարունակութիւնը, «հայկական ընկերութեան» բոլոր մակարդակ-ներուն, ուղղահայեաց եւ հորիզոնական, ուր կը գերիշխեն սովորութիւնները, կղզեխումբի մը կղզեակներուն վրայ երջանիկ կեանքով ապրողները, երէկ ընտանեկան, այսօր դրամատնային, աճող նոր աւատապետական-ընտանեկան-ընկերական «իշխանապետու-թիւնները»: Միջազգային բնորոշումով՝ «էսթէպլիշմընթ»:

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, ութը ամիսներու ընթաց-քին, Հայաստանէն հեռացած են 97.000 անձեր:
Հողին տիրութիւնը բնակչութեան խտութեամբ կÿըլլայ եւ ոչ յարաճուն նօսրացումով: Միթէ կա՞յ տիրութիւն ընելու այլ եղանակ: Իսկ տիրութիւն չընել՝ հայրենալքում է: Մեր դիզած գումարներով վարձու պահակնե՞ր պիտի ղրկենք հողը պահելու համար:

Երջանկութիւն մը կայ հրապարակի վրայ, որ կÿօրօրուի ու կÿօրօրէ, ճկոյթի ետին թաքնուելով: Օսմանցիներոու օրէն ժառանգուած ջոջականութեամբ:

Եթէ ազգային որակ պահած ըլլայինք, ութը ամսուան ընթաց-քին 97.000 հայեր հայրենիք չէին լքեր, գումարուելով նախկիններուն: Այս միակ չափանիշը չէ:

Զարմանալի է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ)՝ ազգային վերաբերում չենք ճշդած այս ազգաքանդ երեւոյթին հանդէպ:

Երկրորդի աշխարհամարտի ընթացքին, նացիները գրաւեցին Ֆրանսան: Կար սով, անապահովութիւն, հալածանք եւ մահ, բայց Փուաթիէի կամ Պորտոյի ֆրանսացիները չգաղթեցին, ֆրանսախօս Քեպէք չգացին: Դիմադրական շարժում կազմակերպեցին եւ տէր մնացին հողին:

Եւ զարմանալի է, որ մեր «ղեկավարութիւնները», Հայաստան եւ Սփիւռք, ազգային հեռանկարի տեսանկիւնէ չդիրքորոշուեցան բացասական արտագաղթի եւ արտագաղթողներու նկատմամբ, ընդհակառակն, զգացական-հայրենակցական եւ կողմնապաշտա-կան-մարդորսական վերաբերում ունեցան: Հայաստանի դատարկման դէմ, ոչ ներսը եւ ոչ դուրսը, ազգային իրաւ բովանդակութեամբ քաղաքականութիւն չունեցանք եւ չունինք:

Ազգային իրաւ գիտակցութիւն ունեցող մարդիկ ըսին, որ այս արտագաղթը ցեղասպանութենէն ետք յոռեգոյն երեւոյթն էր հայոց պատմութեան մէջ (Սիլվա Կապուտիկեան): Թերեւս աւելի վատ, քանի որ ցեղասպանութենէն վերապրողները պահած էին ոգի եւ վերադարձի յոյս, իսկ արտագաղթը մնայուն արիւնահոսում է, ոչ մէկ ազգային հեռանկար ունի: Աւելին, ան իր ներկայացուցած հայրենալքման բացասականութեամբ, սփիւռքի տոկալու եւ տեւելու կամքը կը փտեցնէ: Միամիտ մը, օր մը, երբ այս մասին կը խօսուէր, ըսաւ որ այս վերաբերումով «սեպ կը խրենք» հատուածներու միջեւ: Միթէ հաստատուն տեղ մը կա՞յ վերադարձի յոյսին եւ հայրենալքման միջեւ, ուր կարելի ըլլայ «սեպ խրել»:

Կըսե՞նք, որ արտագաղթողներու սփիւռքի ուռճացումը ազգի տոկալու եւ տեւելու կարողականութեան ոչ մէկ նպաստ կը բերէ, նոյնիսկ եթէ անոնց մէջ կան պատրաստուած անձեր, լեզուագէտ-ներ, պատմագէտներ, եւայլն: Այս մտածումը այլամերժութիւն չէ, այլ ազգային հեռանկարի տեսանկիւնէ դիրքորոշում:

Ինչ որ ալ ըլլան պատճառաբանութիւնները, արտագաղթը աղէտ է:

Մի՞թէ գերմանացի մեծ իմաստասէր Էմմանուէլ Քանթի պատգամին առջեւ մեր հոգիի եւ միտքի դռները խցուած են: Պատգա՞մը. Ընել այնպէս որ իւրաքանչիւրի արարքը կարելի ըլլայ վե-րածել տիեզերական օրէնքի:
Որպէսզի «սեպ չխրենք», կազմակերպե՞նք համահայաստանեան արտագաղթ դէպի Լոս, Էյֆէլեան Աշտարակ կամ Հոնոլիւլիւ…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«ՀՈՐԻԶՈՆ»

Տպել Տպել