«Պայքարով պէտք է նուաճենք
մեր ապրելու իրաւունքը»
Արթուր Մկրտչեան
ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ
Պատմութեան ընթացքին, հայ ժողովուրդը իր դիմագրաւած արհաւիրքներէն ետք վերազարթնած ու կենսաւորուած է ապրելու ու պայքարելու նոր աւիւնով: Այդպէս է, որ ունեցած ենք մեր հաւատքի վէմ Աւարայրը, Դաւիթ Բէկի օրով օրհասական Մարաղան, Եղեռնէն ետք յառնող Մայիս 28-ը, բռնութեան դէմ ծառացող Փետրուար 18-ը եւ Անարդարութեան դէմ յեղափոխականացած Արցախը:
25 տարի առաջ, երբ Արցախի գոյութեան կը սպառնար ատրպէյճանական յարձակապաշտ ու ջարդարար քաղաքականութիւնը, հայ ժողովուրդը, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, բռնցքացած պատնէշ դարձաւ Արցախի դէմ թշնամական ոտնձգութեանց, ու այնուհետեւ, Արցախը դարձաւ Հայ Դատի պայքարի ճակատային գիծը, վերածուեցաւ հայութեան գոյատեւելիութեան միջնաբերդին, որովհետեւ յստակ էր, որ Արցախի կորուստով, ստոյգ վտանգի կը մատնուէր Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագիծը։
Արցախեան ազատամարտի առաջին հնգամեակը յատկանշուեցաւ օրհասական իրադարձութիւններով. հայ ժողովուրդի խաղաղ ցոյցերուն Պաքու պատասխանեց զանգուածային բռնագաղթերով, զինեալ արիւնալի բախումներով, բնակավայրերու հրթիռակոծումներու արդիւնք՝ աւերներով… Բռնագրաւուեցաւ թշնամիին հերոսաբար դիմադրող Արծուաբոյն Հիւսիսային Արցախը՝ Շահումեանը։
Այս բոլոր մարտահրաւէրները Արցախն ու հայութիւնը դիմագրաւեցին միասնական ուժերով, ու ի վերջոյ, ազատագրելով պատմական Հայաստանի «արեւելից կողմանց» դարպասապահ Արցախը՝ ամրապնդեցին հայրենի սահմանները։
Այսօր, Արցախի ժողովուրդի 1988-ի Փետրուարեան արդարացի պոռթկումն ու անոր յաջորդող հնգամեայ գոյամարտը, տուած են իրենց արգասիքը, ի գին բազում զոհողութիւններու ու հազարաւոր նուիրեալներու կեանքին։ Ազատ ապրելու, իր ճակատագիրն ու ապագան ինքնուրոյն տնօրինելու Արցախի ժողովուրդի այդ ձեռքբերումը՝ հայոց պատմութեան տոմարներուն մէջ արձանագրուած ամենէն խիզախ նուաճումներէն է։
25 տարի ետք, փաստացի (տէ ֆաքթօ) կայացած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։ Սակայն պատերազմի աւարտէն 19 տարի ետք, արցախեան հակամարտութեան գծով Պաքուի կողմէ խաղաղութեան երաշխիքներ չկան ու վերջին տարիներու հրադադարի յաճախակի խախտումներով, անյուսալի կը թուին ըլլալ։
Եթէ քառորդ դար առաջ հաւատացինք Արցախի կանչին ու ամրօրէն փարեցանք զայն ազատագրելու տեսլականին, այսօր նոյն այդ կամքը ամուր ու անխախտ պահելով, պէտք է հաւատանք նաեւ ապագային կերտելիք մեր յաղթանակներուն։ Ճիշդ այդ նոր յաղթանակներու սկզբնակէտը պէտք է նկատել այն կարեւոր իրադարձութիւնը, երբ 2012 թուականին, Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի եւ Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտ եւ Մասաչուսէց նահանգներու օրէնսդիր մարմինները ճանչցան արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ իրենց երկիրներու դաշնակցային իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին նոյնպէս ճանչնալ ԼՂՀ անկախութիւնը։ Այս ծիրէն ներս, անժխտելի էր Սփիւռքի դերակատարութիւնը այս ձեռքբերումին մէջ, յատկապէս վերոնշեալ երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու քարոզչական աշխատանքը։
1988-ի Փետրուար 20-ին, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի (ԼՂԻՄ) մարզխորհուրդի 20րդ գումարման նստաշրջանը, երկրի սահմանադրութեան համապատասխան որոշում ընդունեց ԼՂԻՄ-ը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու եւ Հայաստանի կազմին մէջ ընդգրկելու մասին։ Հաւատացած ենք, որ փետրուարեան նման օր մը, ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը կը միաձուլուի իր մայրենի հողին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Շարունակենք պայքարը այդ օրը իրականութիւն դարձնելու համար։
«ՀՈՐԻԶՈՆ»ի խմբագրական
8 Փետրուար 2012








