Ձախող քաղաքականութեանց յաւերժացումը

Մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կ՚ուզեմ յանձնել George Monbiot-ի Neoliberal policies fail, but never go away («Նոր-ազատական քաղաքականութիւնները կը ձախողին բայց չեն անհետանար») ուշագրաւ յօդուածը՝ The Guardian Weekly շաթաբաթերթի 2013 յունուար 25-31-ի համարին մէջ։ Թէեւ իր մատնանշումները կը վերաբերին յատկապէս այսպէս կոչուած զարգացա՜ծ աշխարհին, սակայն ախտաճանաչումը ընդհանրական է, ու կրնայ վերաբերիլ Հայաստանին եւս, որ նոր զարգացող շատ երկիրներու նման, կþընդօրինակէ քաղաքակիրթ աշխարհի յոռեգոյն երեւոյթները, ու չունենալով անոր տնտեսական ու ընկերային այլ կռուանները, արագ թափով կը գահավիժի, հարցականի տակ դնելով իր գոյութիւնն անգամ։

NeoLiberal

Որքա՜ն արիւնաքամ կþըլլայ անոնց սիրտը մեզի համար… Աշխարհի 100 ամենէն հարուստ անձերը 2012-ին 241 երկիլիոն տոլար աւելի հարստութիւն դիզեցին։ Այժմ իրենց նիւթական արժէքը 1.9 եռիլիոն տոլար է, քիչ մը նուազ քան Միացեալ Թագաւորութեան ամբողջ արտադրանքը։ Ասիկա պատահականութեան արդիւնք չէ։ Ուղղակի արդիւնքն է որոշ քաղաքականութեանց (policies)։ Ահա անոնցմէ ոմանք՝ եկամտահարկի դրոյքի (tax rate) նուազումը, հարկահաւաքման թուլացումը, հանրային ինչքերու սեփականաշնորհումը, աշխատավարձքերու «ազատականացում»ը եւ ընդհանուր սակարկութեան (collective bargaining) քանդումը։

Այն քաղաքականութիւնները որ այսքան հարստացուցին աշխարհի միապետները, այն քաղաքականութիւններն են որ կը ճզմեն ամեն այլ ոք։ Տեսութիւնը՝ ա՛յս չէ, որ կը նախատեսէր։ Friedrich Hayek, Milton Friedman եւ իրենց հետեւորդները որոնք մաս կը կազմած են գործարարական հազար դպրոցներու, Միջազգային դրամական հիմնադրամին (IMF), Միջազգային դրամատան, Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (ՏՀԶԿ – OECD) եւ գրեթէ իւրաքանչիւր արդի կառավարութեան պնդած են որ որքան կառավարութիւնները նուազ հարկ դնեն հարուստներուն վրայ, նուազ պաշտպանեն աշխատաւորները ու նուազ վերաբաշխեն հարստութիւնը, այնքան աւելի բարգաւաճ պիտի ըլլայ ամեն մարդ։ Այդ առաքեալները 30 տարուան համաշխարհային փորձարկութիւն մը ըրին, ու հիմա արդիւնքները ստացուած են։ Կատարեալ ձախողութիւն։

Չեմ հաւատար, որ մշտական աճը պահպանելի կամ ցանկալի է։ Բայց եթէ աճն է նպատակդ, չէիր կրնար աւելի մեծ խառնաշփոթութիւն մը ստեղծել այդ առումով, որքան ժողովրդավարութեան հարկադրանքներէն ազատ կացուցելով գերհարուստները։

ՄԱԿ-ի Առեւտուրի ու զարգացման նուիրուած համագումարի անցեալ տարուան տարեկան տեղեկագիրը դամբանական մը ըլլալու էր նոր-ազատական տնտեսական օրինակին համար։ Աներկբայօրէն ան ցոյց կու տայ, որ անոր քաղաքականութիւնները նախատեսուածներուն ճիշդ հակառակ արդիւնքները տուած են։ Երբոր նոր-ազատական քաղաքականութիւնները սկսան խածնել 1980-ականներէն ի վեր, աճի թափերը սկսան իյնալ, իսկ անգործութիւնը՝ բարձրանալ։

Հարուստ պետութիւններու մօտ, աչքառու աճը 50-ական, 60-ական եւ 70-ական թուականներուն կարելի եղած էր ընտրանիի հարստութեան եւ ուժին քանդումով՝ որպէս արդիւնք 1930-ականներու անկումին (depression) եւ երկրորդ աշխարհամարտին։ Այդ 1% ընտրանիին դժուար կացութիւնը մնացեալ 99%-ին աննախընթաց պատեհութիւնը տուաւ պահանջելու հարստութեան վերաբաշխում, պետական ներդրում եւ ընկերային ապահովութիւն, իրավիճակներ՝ որոնք պահանջքը խթանեցին։

Այս բարեկարգումները վերցնելու, ջնջելու փորձ մըն էր նոր-ազատականութիւնը։ Միլիոնատէրերու կողմէ դրամաւորուած, անոր ջատագովները ապշեցուցիչ կերպով յաջողեցան՝ քաղաքականօրէն։ Տնտեսապէս՝ ձախողեցան։

ՏՀԶԿ երկիրներու տարածքին, հարկումը աւելի յետադիմական դարձած է ՝ ունեւորները նուազ կը վճարեն, չունեւորները՝ աւելի։ Արդիւնքը, կը հաւաստէին նոր-ազատականները, այն պիտի ըլլար, որ տնտեսական արդիւնաւէտութիւնն ու շահարկումը բարձրանային, հարստացնելով բոլորը։ Պատահեցաւ հակառակը։ Քանի հարուստներուն եւ գործարարութեան վրայ հարկերը նուազեցան, թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ չունեւորներու ծախսելու կարողութիւնը նուազեցաւ ու պահանջքը կծկուեցաւ։ Արդիւնքը այն եղաւ, որ շահարկումի չափերը նուազեցան՝ ընկերութիւններու կողմէ աճի իրենց ակնկալութիւններուն նուազումին համընթաց։

Նոր-ազատականները նաեւ կը պնդէին, որ եկամուտներու անկաշկանդ անհաւասարութիւնը եւ առաձգական աշխատավարձքերը անգործութիւնը պիտի նուազեցնէին։ Սակայն ունեւոր աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը անհաւասարութիւնն ու անգործութիւնը վեր խոյացան։ րեթէ բոլոր զարգացած երկիրներուն մէջ վերջերս անգործութեան արձանագրած ոստումը վերջին երեք տասամեակներուն որեւէ նուազումի (recession) ընթացքին պատահածներէն աւելի վատթար նախորդուած էր երկրորդ աշխարհամարտէն ի վեր աշխատավարձքերու ամենէն ցած մակարդակով՝ որպէս բաժին համախառն ներքին արդիւնքին (GDP)։ Տեսութիւնը փշուր-փշուր եղաւ։ Ձախողեցաւ նոյն ակներեւ պատճառաւ՝ ցած աշխատավարձքերը կը զսպեն պահանջքը, որ կը զսպէ զբաղուածութիւնը (employment)։

Քանի լճացան աշխատավարձքերը, այնքան մարդիկ իրենց եկամուտներու պակասը լրացուցին պարտքերով։ Բարձրացող պարտքերը սնանեցին ապակարգաւորուած (deregulated) դրամատուները՝ ահաւոր հետեւանքներով։ ՄԱԿ-ի տեղեկագիրը կը գտնէ, որ քանի անհաւասարութիւնը կը մեծնայ, այնքան անկայուն կը դառնայ տնտեսութիւնը։

Ես այս խօլ վազքին մէջ բաժին չունիմ, սակայն կը հաւատամ որ առատութեան այս ծովուն մէջ, ոչ ոք զրկեալ ըլլալու է։ Սակայն, ապշած նայելով չսորվուած դասերուն, կþանդրադառնամ, որ նոր-ազատականութեան ամբողջ կառոյցը խաբեբայութիւն մըն է։ երհարուստներուն պահանջքը ներկայացուած է որպէս կատարելագործուած տեսութիւն։ Համաշխարհային առումով կատարուած այս փորձարկութեան ամբողջական ձախողութիւնը չþարգիլեր անոր կրկնութիւնը։ Ասիկա տնտեսութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի։ Ամբողջովին առնչուած է ուժին, իշխանութեան։

ՃՈՐՃ ՄՈՆՊԻՈԹ
(Թրգմ. ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ)
«ՀՈՐԻԶՈՆ», 14 Փետրուար 2013

Տպել Տպել