Վերծանելով ժխտումը

Ֆաթմա-Մուկէ Մարտ 8-ին, Մոնթրէալի Քոնքորտիա համալսարանի մարդաբանութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Քոնքորտիա համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ թուրք պատմաբան-ընկերաբան Ֆաթմա Մուկէ Կոչէքի հրապարակելի նոր ուսումնասիրութեան ներկայացումը:

Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն համալսարանի դասախօս ընկերաբանութեան փրոֆեսէօր Ֆաթմա Մուկէ Կոչէք, անդրադառնալով մօտ ատենէն լոյս ընծայուելիք 600 էջերէ բաղկացած իր ուսումնասիրութեան, յայտնեց, թէ հոն ներկայացուած են Սուլթան Սէլիմ Գ.-ի շրջանէն մինչեւ օրս հայութեան դէմ կատարուած բռնութիւնները, վայրագութինները եւ հարստահարման դէպքերը:

Գիրքին խորագիրն է «Վերծանելով ժխտումը – Օսմանեան անցեալը, թրքական ներկան եւ հայութեան դէմ հաւաքան բռնութիւնները 1789-2009» (Deciphering Denial: Ottoman past, turkish present and the collective violence against armenians 1789-2009):

Ձեռնարկի աւարտին, Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, ի պատիւ Ֆաթմա Կոչէքի:

horizonweekly.ca

Տպել Տպել