Հայ երիտասարդները ներկայ եղան Յիշողութեան, Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան Օրուայ քայլարշաւին

arj3
Կիրակի, Մարտ 24ին, «Երկու 24՝ նոյն պայքարը» նշանաբանով, եւ մէկտեղելով Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ու Արժանթինի մէջ 1976-1983 թուականներու միջեւ տեղի ունեցած զինուորական բռնատիրական կառավարութեան զոհերու զոյգ յիշատակները, Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան երիտասարդները մասնակցեցան երկրի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցած քայլարշաւին եւ ցոյցին՝ Յիշողութեան, Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան Օրուայ առիթով։

Այսպէս, հայ համայնքը ներկայ գտնուեցաւ այս թուականի 37ամեակի առիթով կազմակերպուած միջոցառման, այլ համայնքներու ներկայացուցիչներու կողքին, բոլորը համախմբուած «Գոմունիտատէս» կազմակերպութեան ներքոյ։ Նոյնպէս ներկայ եղան Մարդկային Իրաւանց կազմակերպութիւններու, քաղաքական կուսակցութիւններու, Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, եւ հոծ բազմութիւն մը։

Ցոյցի ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան պաստառներուն կը կարդացուէր «Երկու 24 (Մարտ 24 եւ Ապրիլ 24)՝ նոյն պայքարը» նշանաբանը։ Նոյն ժամանակ, երիտասարդները անցորդներուն բաշխեցին թռուցիկներ, ուր կը բաղդատուէր ոճրագործներ Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթուրքը զօրավար Խորխէ Ռաֆայէլ Վիտէլայի հետ, որ «Թուրքիոյ իշխանութիւններուն նման, մինչեւ օրս կը մերժէ բնակչութեան մաս մը ոչնչացնելու պետական ծրագրի մը գոյութիւնը»։


Արժանթին
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Արմենիա» թերթ)

Տպել Տպել