Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Զօրակցի Թամմամ Սալամի Թեկնածութեան

Baabda-Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, վարչապետի նշանակման երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն ծիրին մէջ շաբաթ կէսօրին հանդիպում մը ունեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց հետեւեալը.

«Մեկնելով մեր համոզումէն, որ պէտք է լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ համագործակցութիւնը վերահատատել` յատկապէս այս զգայուն պայմաններուն ընթացքին, նկատի ունենալով, որ Լիբանանը եւ ամբողջ շրջանը կը դիմագրաւեն լուրջ հարցեր ու տագնապներ, ինչպէս նաեւ հաւատալով, որ Լիբանանը համերաշխութեան, ազգային գոյակցութեան, համախոհութեան, չափաւորականութեան, երկխօսութեան եւ բոլոր ուժերուն մասնակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի երկիրն է, Հայկական երեսփոխանական պլոքը եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իրենց բարեկամին, երեսփոխան Թամմամ Սալամի անձին մէջ կը գտնեն չափաւորական եւ ազգային անձնաւորութիւնը, որ այս հանգրուանին ատակ է ստանձնելու վարչապետի պաշտօնը:

«Նախկին վարչապետ եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ու լիբանանահայութեան բարեկամ Սաէպ Սալամին զաւկին` Թամմամ Սալամի յաջողութիւն կը մաղթենք եւ կը յուսանք, որ իր շուրջ գոյացած ազգային համախոհութիւնը կը գործնականացնէ` կազմելով ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մէջ կը ներկայացուին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը, որոնք հիմնական քայլերուն կը դիմեն պետականութեան կերտման ի խնդիր, ինչպէս նաեւ կը լուծեն երկրին դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերը»:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել