Ակնարկ. Միջոցառումները Համակարգելէն Բացի

antiliasՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ գործող 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու միօրեայ խորհրդաժողովը իր վրայ կը հրաւիրէ քանի մը դիտարկում:

Նախ պէտք է նշել, որ Անթիլիասի մէջ նման խորհրդաժողովի կազմակերպումը վերստին կ՛ընդգծէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայ ժողովուրդի պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնումը առաջադրող համասփիւռքեան կեդրոն ըլլալու հանգամանքը: Երկրորդ` ձեւաչափի առումով այս մէկը աննախադէպ էր: Խորհրդաժողովը բաղկացած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամներէն, միջինարեւելեան ինը երկիրներու մէջ գործող համապատասխան յանձնախումբերու ներկայացուցիչներէն, հայ առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական եկեղեցիներու եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն: Այլ խօսքով, ներկայացուցչական առումով ամբողջական համընդգրկուածութիւնը փաստ էր:

Ի հարկէ, թեման կը նպաստէր նման համընդգրկուն ձեւաչափով խորհրդաժողով հրաւիրելու համար, այսուհանդերձ միջինարեւելեան մակարդակով նման ներկայացուցչական հանգամանքը ողջունելի մեկնակէտ էր հրատապ խնդիրներու քննարկման համար:

Փաստօրէն, այս հանգամանքը սատարեց, որ խորհրդաժողովը չսահմանափակուի լոկ իւրաքանչիւր շրջանին մէջ կատարուած ու իրականանալի աշխատանքներու եւ ծրագիրներու զեկուցումներով եւ անոնց շուրջ ծաւալող քննարկումներով: Քննարկումները հեզասահ անցում կատարեցին տարածաշրջանին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին, այնտեղ թափանցած նոր օսմանականութեան տարբեր դրսեւորումներուն, ժխտողականութեան իւրովի արտադրութիւններուն եւ թուրք-ազրպէյճանական միացեալ մեքենայի յաջորդական մարտավարութիւններուն:
Միջինարեւելեան իւրաքանչիւր երկրի տեղական պայմաններէն նետուած հայեացքները շատ կարեւոր էին տարածաշրջանի ընդհանուր համապատկերը մեր խնդիրներու շուրջ ուրուագծելու եւ տարածաշրջանային շրջագիծի մէջ խնդիրները քննարկելու եւ մանաւանդ նախապատրաստուելու համար:

Խորհրդաժողովը նկատեց, որ Անգարայի դասական ժխտողականութիւնը միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ ենթարկուած է որոշակի ձեւափոխումներու: Աշխատանքները կ՛ընթանան ոչ թէ ցեղասպանութիւնը հակափաստարկելու, այլ Հայոց ցեղասպանութեան դէմ հակակշիռ «ցեղասպանութեան» ճանաչման համար աշխատելու: Անգարա-Պաքու քարոզչամեքենան աշխուժ կ՛աշխատի Խոջալուի այսպէս կոչուած «ցեղասպանութեան» թեզը առաջ տանելու ուղղութեամբ: Նախադրեալները կը յուշեն, որ այս մարտավարական դրսեւորումը պիտի սաստկանայ ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ:

Տարածաշրջանին մէջ գերաշխուժացած է թրքական գործօնը: Սուրիոյ մէջ հակակառավարական ուժերու ֆինանսաւորումը, զինուժի տրամադրումը, քրտական երեւոյթներու զարգացման դիմաց արգելակման տարբեր գործողութիւնները եւ ընդհանրապէս արաբական երկիրներուն մէջ տեղ-տեղ հակաիսրայէլեան խաբկանքի քայլեր ցուցադրելով այլ կարեւոր միջավայրերու մէջ ֆինանսատնտեսական մեծ ծրագիրներով Անգարան թիրախաւորած է Միջին Արեւելքը` այնտեղ հաստատ կայքեր հաստատելու համար:

Այս բոլոր հանգամանքներուն նկատառումը խորհրդաժողովին կողմէ անհրաժեշտ էր նախապատրաստական աշխատանքներուն հաւանական հակազդեցութիւններու բեմագրութիւնները պատկերացնելու եւ ըստ այնմ նաեւ նախաձեռնողական քայլերու դիմելու համար:

Կարեւոր նախաքայլ էր նաեւ ցեղասպանութեան հատուցման խնդիրները իրաւական հարթութեան վրայ դիտարկելու, միջազգային օրէնքի սահմանագիծերու մէջ տեղաւորուելու փորձեր կատարելու եւ առնուազն համապատասխան թղթածրարի հայեցակարգային աշխատասիրութիւններ շրջանառութեան մեջ դնելու տրամադրութեան բարձրաձայնումը: Իրաւական թղթածրարը, գիտահետազօտականին եւ քարոզչաքաղաքականին առընթեր պիտի հարստացնէ մեր զինանոցը:

Հնչեց նաեւ այն տեսակէտը, որ տարածաշրջանին մէջ ընթացող կտրուկ զարգացումներն ու տեղաշարժերը խիստ հաւանական կը դարձնեն Թուրքիոյ դէմ նոր մարտահրաւէրներու եւ վտանգներու յառաջացումը, որ կրնայ նոյնիսկ ճակատագրական ըլլալ Թուրքիոյ ապագային համար, ինչ որ կը պարտաւորեցնէ քրտական զարգացումներուն եւ ներթրքական իրադարձութիւններուն հետեւողներուն այս առումով եւս նախապատրաստուելու:

Հարիւրամեակի միջինարեւելեան յանձնախումբերու այս խորհրդաժողովը, որ իրօք արձանագրած էր նկատելի համընդգրկուածութիւն, առիթ էր ոչ միայն միջոցառումներու համակարգման եւ այս առումով Հայաստանի պետական քաղաքականութեան շեշտադրումներուն ծանօթանալու, այլ նաեւ տարածաշրջանային նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին ներքոյ մեր հակառակորդներու շարժումները վերլուծելու եւ մանաւանդ հայութեան վաղուան օրուան համակարգուած նախապատրաստուելու համար համատեղ քննարկումներ կատարելու:

Ա.
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել