Օթթաուա – Ապրիլ 7-ին, գանատական շարք մը լրատուական միջոցներ հապորդեցին, թէ Քանատայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը յայտարարած է, որ Հարփըրի կառավարութեան կողմէ օսմանեան թուրքերու կողմէ կատարուած հայոց ջարդերուն «ցեղասպանութիւն» որակումը խոչընդոտ կը հանդիսանայ Քանատայի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման։ Դեսպան Դունչայ Պապալի Canada Pressի տուած լայնածաւալ հարցազրոյցի մը մէջ կը նշէ թէ՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն կատարուած 1,5 միլիոն հայերու ջարդը իր երկիրը կը շարունակէ յուզել, բայց եւ այնպէս Թուրքիա կը փափաքի Քանատայի հետ առեւտրական կապերը զարգացնել՝ լաւագոյն պարագային յանգելու ազատ շուկայի յարաբերութիւն կնքումի, մանաւանդ երբ Քանատա-Եւրոպական միութիւն ընթացիկ առեւտրական բանակցութիւնները յանգին իրենց վերջնական փուլին։
«Քանատա-Թուրքիա երկկողմանի առեւտուրը, որ ցարդ տարեկան 2,5 միլիառ տոլարի գումար մը կը ներկայացնէ, կրնայ հասնիլ 10-15 միլիառի, եթէ յարաբերութիւնները առաւել եւս խորանան։ Սակայն կարելի չէ յարաբերութիւններ զարգացնել երկրի մը հետ, որ միւսը կ՚ամբաստանէ ցեղասպանութեամբ։ Այս մէկը լուրջ մեղադրանք է որ պէտք է փաստուի իրաւական ու պատմական գետիններու վրայ», կ՚ըսէ դեսռպանը։
Քանատարի արտաքին քաղաքականութիւնը Թուրքիան նշանակած է որպէս բանալի երկիր, կը շարունակէ ան, եւ ես բուռն հաւատացող մըն եմ երկու երկիրներուն միջեւ կապերու առաւել զարգացման, սակայն ցեղասպանութեան այս հարցը մեզ ետ կը մղէ։ Գանատայի կառավարութիւնը պէտք է գործնական քայլեր առնէ համոզելու համար մեզ թէ այս հարցը կարելի է շրջանցել կ՚եզրափակէ ան։
Գանատական խորհրդարանը 2004ին հայոց ջարդերը որպէս ցեղասպանութիւն կ՚ընդունէր իսկ Հարփըրի կառավարութիւնն ալ պաշտօնապէս զայն կ՚որդեգրէր ուժի գալէ ետք, որուն հետեւանքով ալ Թուրքիա օրին իր դեսպանը ետ կը կանչէր։
Քանատական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, թէ Թուրքիա բուռն կերպով պայքար կը տանի զանազան երկիրներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան որդեգրումի բանաձեւերու դէմ։ 2010-ին ԱՄՆ Գոնկրէսին մէջ այս խնդրով ցեղասպանութեան բանաձեւ մը յետս կոչուելէն ետք Տաւութօղլու գոհունակութիւն կը յայտնէր, իսկ անցեալ տարի Ֆրանսայի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը ոճիրի համազօր օրէնքի քուէարկման վաղորդայնին Թուրքիա կը սառեցնէր տնտեսական, ռազմական ու քաղաքական կապերը Ֆրանսայի հետ։
Պապալի կը կրկրնէ որ իր երկիրը տրամադիր է հայերու հետ քննարկման նստելու ջարդերուն շուրջ պատմական տեղեկութիւնները քննելու համար։ Ան կը հաւաստիացնէ նաեւ, որ Կուրքիա յառաջիկայ տասը տարուան ընթացքին կը ծրագրէ 150 ենթակառուցային ու փոխադրամիջոցային մեծ ծրագիրներու մշակման, հարիւրաւոր միլառներով տոլարներու արժողութեամբ, բան մը որուն մէջ մեծ փորձառութիւն ունին գանատական Bombardier ու SNC-Lavalin-ի նման ընկերութիւններ։ Կան նաեւ միջուկային ջերմուժի ու նաւթի փնտռտուքի ծրագիրներ, որոնց բոլորին մէջ ան կը փափաքի տեսնել գանատական ընկերութիւններ ու գործատէրեր ե՛ւ իբրեւ մասնակից, ե՛ւ իբերւ գործակից։
Քանատական Թանգարանը Հայկական Ցեղասպանութիւնը Իր անունով պիտի կոչէ
Յառաջիկայ տարի Քանատայի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ պիտի բացուի մարդու իրաւունքներու թանգարան մը, որ 1915-ի դէպքերը պիտի կոչէ իրենց անունով, որպէս ցեղասպանութիւն։ Ուինիփէկ Ֆրի Փրէս թերթի մէջ հրապարակուած տեղեկատուութեան մը համաձայն, «թանգարանը կը պատրաստուի 1.5 միլիոն մարդոց կոտորածը որակել որպէս ցեղասպանութիւն»։ Օսմանեան թուրքերու կողմէ հայերու կոտորածները «ցեղասպանութիւն» որակելը թերեւս վնաս պիտի պատճառէ Քանատայի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրական շահաւէտ յարաբերութիւններուն, սակայն թանգարանը ցեղասպանութիւնը ի՛ր անունով պիտի կոչէ, կը գրէ թերթը։
«Յառաջիկայ տարի Ուինիփէկի մէջ թանգարանի բացումէն ետք հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ պիտի ներկայացուին ցուցասրահներու մէջ եւ 1915ի դէպքերը պիտի կոչուին իրենց անունով՝ ցեղասպանութիւն», նշեց թանգարանի պատասխանատուներէն Քլինթ Քըրլ։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց փոխադարձելով Քանատայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թիւնչայ Պապալի խօսքերուն։ Պապալ ըսած էր որ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն հայերու կոտորածը ցեղասպանութիւն որակելու որոշումը կրնայ ժխտական անդրադարձ ունենալ թուրք-Քանատական առեւտրական յարաբերութիւններու վրայ։ Թուրք դեսպանը նշած էր թէ կը ցանկար Քանատայի կառավարութենէն «ժէսթ» մը ստանալ «այս իրադարձութիւնները անցեալի մէջ ձգելու մասին»։
Քլինթ Քաըլ ըսաւ հետեւեալը. «Հայոց ցեղասպանութիւնը անցեալի մէջ մնացած պիտի չըլլայ երբ Մարդու իրաւունքներու Քանատական թանգարանը իր դռները պիտի բանայ այցելուներու առջեւ։ Թանգարանի մէջ պիտի կազմակերպուին «ցեղասպանութիւն» բացատրութեան հեղինակ Ռաֆայէլ Լէմքինի աշխատանքները եւ 1948ի ցեղասպանութեան յուշագիրը ներկայացնող անջատ ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ հայոց ցեղասպանութեան մասին ուսուցողական դասընթացքներ։ Յատուկ սրահի մը մէջ պիտի ցուցադրուին ցեղասպանութենէ վերապրողներու վկայութիւնները, նաեւ փաստաթուղթեր առաջին աղբիւրներէ, ինչպէս նաեւ հայկական սփիւռքի ջանքերը՝ հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելու ուղղութեամբ։ Այն պարագան թէ այս պատմական ոճրագործութիւնը որոշ շրջանակներու կողմէ շարունակ կը մերժուի, այս հարցը կը դարձնէ Մարդու Իրաւունքներու մասին արդի հարց մը»։
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ապրիլ 9 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն դատապարտեց Քանատայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թիւնչայ Պապալի այն յայտարարութիւնը, ուր քանատական կառավարութեան հետ առեւտրական համագործակցութեան նախապայման կը դնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող իր քաղաքականութենէն հրաժարումը:
Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան այս մասին անդրադառնալով նոր հաղորդագրութեան մէջ յայտարարեց, թէ ժամանակն է, որ Թուրքիա հրաժարի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու իր քաղաքականութենէն եւ դադրեցնէ օտար պետութիւններու դէմ առեւտրական սպառնալիքներով հանդէս գալու իր քայլերը:
Տոքթ. Պասմաճեան բարձրօրէն գնահատեց եւ ողջունեց Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի սկզբունքային կեցուածքը՝ թրքական ճնշումներուն չզիջելու եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց թանգարանի հոգաբարձուներու խորհուրդին:
Թանգարանը
Նշենք, որ Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բաժանմունքի կառուցման գծով, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով 2012-ին Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնները այցելեցին Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատուներ Անժելա Քասի եւ արխիւներու հետազօտութեանց բաժանմունքի վարիչ տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Պաշտօնական այս հանդիպումներուն նպատակն էր գանատահայութեան համայնքային ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին մասին:
Թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007-ին եւ պիտի աւարտին 2014-ին: 2007-ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան:
Թանգարանը յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը մշակելու գործընթացին մէջ կը գտնուի, որուն նպատակն է Քանատայի վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու մէջ մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութեանց պատմութիւնը ուսուցանել:
Թանգարանի Հրէական Ողջակիզումի բաժանմունքի Ռաֆայէլ Լեմքինի ձօնուած տաղաւարին մէջ, ցեղասպանութիւն յղացքի բացատրութեան ընդմէջէն կը ծանօթացուի տարբեր ցեղասպանութիւններու մասին: Այստեղ կը ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատմականը, յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիքայի ջարդին մասին: Այս յարկի վերջին ենթաբաժինը կÿանդրադառնայ ցեղասպանութեան ժխտումին եւ ուրացումին մասին եւ այդ երեւոյթը համաշխարհայնօրէն դատապարտելու անհրաժեշտութեան մասին:
«ՀՈՐԻԶՈՆ»
04/04/2013







