Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով երէկ յետմիջօրէին Սապթիէի ասորի համայնքի Ս. Յակոբ Սրուճցի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան ու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, ինչպէս նաեւ պետական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Յ. Մխիթարեան նշեց, որ Թուրքիա պատասխանատու է հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան, հետեւաբար ան պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հատուցումներ կատարէ եւ իր իրաւատիրոջ վերադարձնէ այն, ինչ որ իրեն չի պատկանիր:
Յ. Մխիթարեան զգուշացուց տարբեր երկիրներու միջեւ բախումներն ու ճակատումները քաջալերելու ընդմէջէն անոնց ներքին քաղաքական կեանքին միջամուխ դառնալէ:
«Այս իմաստով, թրքական միջամտութիւնը տարբեր մակարդակներու վրայ իսկական վտանգ կը սպառնայ, յատկապէս` տնտեսական եւ կրթական առումով, նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ սփռուող թրքական ֆիլմաշարերը», ըսաւ ան:
Յ. Մխիթարեան կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները եւ զգուշանալու Լիբանանի մէջ թրքական ներկայութենէն: «Պատմութիւնը կը վկայէ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ գործած բռնարարքներուն, հետեւաբար մենք պէտք է դասեր քաղենք անցեալէն, որպէսզի ապագային չզղջանք», եզրափակեց Յ. Մխիթարեան:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքին եւ անոնց ենթարկուած չարչարանքներուն:
Ան նշեց, որ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը պատճառեց մէկուկէս միլիոն նահատակներ` աւելցնելով, որ 500 հազար այլ նահատակներ եւս ինկան այլ համայնքներէ:
«Այս առիթը բոլոր համայնքներուն նահատակներուն համար մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութիւն մըն է: Մենք ունինք տարբեր քաղաքակրթութիւններ, սակայն մեր Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական պատգամը մէկ են», շեշտեց ան:
aztagdaily.com







