Ջահերով երթ Պուէնոս Այրէսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 98ամեակի առիթով

manifestación 24 abril gentilesa diario armeniaՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Արմենիա» թերթ).- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24ի երեկոյեան, Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի հայութիւնը ընդառաջեց համայնքի երիտասարդական միութիւններու նախաձեռնութեան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 98ամեակի առիթով կազմակերպած էր քայլարշաւ մը դէպի Թուրքիոյ Դեսպանատուն։ Այսպէս, հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ Պուէնոս Այրէսի Իրաւաբանութեան Պետական Համալսարանի մուտքին, ուրկէ ջահերով, պաստառներով եւ դրօշակներով ուղղուեցաւ դէպի Թուրքիոյ Դեսպանատուն, մինչ երիտասարդները բարձրախօսներով կ’արտայայտէին պահանջատիրական լոզունգներ։

Թափօրը ոստիկանական ներկայութեամբ շրջապատուած Դեսպանատան առջեւ հասնելով, տեղւոյն վրայ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, յիշատակելով 1915/23 թուականներուն Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան աւելի քան 1.500.000 նահատակները։

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին, Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջուեցաւ ճանաչում՝ իր գործադրած ոճիրին եւ հատուցում՝ հայ ազգի իրաւունքներուն։

Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակից՝ Ատոլֆօ Փէրէս Էսքիվէլ, ողջոյնի գրութիւն մը ուղարկած էր ներկաներուն, ցաւ յայտնելով որ կամքէ անկախ պատճառներով բացակայ կը գտնուէր սոյն միջոցառման, նշելով թէ «Ապրիլ 24ը խտրականութեան ու անպատժելիութեան դէմ պայքարելու թուական մըն է, որոնք ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառ դարձած էին, այլ նաե՛ւ սարսափելի այլ ոճիրներու»։ Իր պատգամի վերջին բաժնին մէջ, Փէրէս Էսքիվէլ կը յայտնէր. «Լրջօրէն կ’աջակցիմ ձեր պայքարին։ Ու թէեւ ցաւ ի սիրտ այսօր չի կարողացայ ձեր մօտ ըլլալ, հաւատացէք որ իմ սիրտս ձեր կողքին կը գտնուի»։

Տպել Տպել