Յայտարարութիւն Ուղղուած Խորհրդային Միութեան Ղեկավարութեան եւ Համայն Աշխարհի Հանրային Կարծիքին

Վերջին քանի մը օրերուն պատահած կարգ մը իրողութիւններ կու գան յստակօրէն նախատեսել տալու, որ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին Խորհրդային Հայաստանի վերակցման համայն հայութեան արդար պահանջը տեղ պիտի չգտնէ խորհրդային գերագոյն ղեկավարութեան մօտ:

Այդ իրողութիւններէն մէկը Ռուսական Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի պահանջն էր, որ «յարգուի Խորհրդային Միութեան սահմանադրութիւնը եւ տեղի չտրուի ազգամիջեան խռովութիւններու, ինչ որ հողային հարցի պատճառաւ»: Պահանջ, որուն անմիջապէս հետեւեցան Գերագոյն Խորհուրդները 12 ուրիշ հանրապետութիւններու, նոյնօրինակ յայտարարութիւններով: Միւսը` «Փրաւտա»յի Երկուշաբթի օրուան (21 Մարտ 1988) ծանօթ յօդուածն էր, որ կը քննադատէր հայկական պահանջատիրութիւնը եւ անընդունելի կը գտնէր «հարիւր թելերով Ատրպէյճանի կապուած» Լեռնային Ղարաբաղի կցումը Հայաստանին: Վերջինը – ամէնէն ծանրակշիռը – Խորհրդային Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան Չորեքշաբթի օրուան (23 Մարտ 1988) որոշումն էր, որ բացայայտօրէն կը մերժէր ընթացք տալ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ժողովուրդի հաւաքական տրամադրութեան, լրիւ անտեսելով ազգերու ազատ ինքնորոշման սկզբունքը: Աւելի’ն. Կամիր Բանակը կը թուի ազդու միջոցառումներու դիմած ըլլալ արդէն, Երեւանի եւ Ղարաբաղի մէջ անկարելի դարձնելու համար որեւէ նոր ցոյց կամ ժողովրդային այլ շարժում:

Մարտ 26էն առաջ եւ ակնյայտ փութով հայ ժողովուրդի գլխուն խաղցուած խաղերու կազմակերպուած այս շարանը հարցական կը դարձնէ, եթէ ոչ իմաստազուրկ, նաեւ Խորհրդային Կոմկուսի Կեդրոնական Կոմիտէի փլենումի եւ յատկապէս անոր Փոլիթպիւրոյի խոստացուած ժողովին գումարումը` արդար լուծում մը տալու համար Ղարաբաղի խնդրին: Աւելի’ն. ան հարցականի տակ կը դնէ նոյնինքն կորպաչեւեան հրապարակայնութեան քաղաքականութիւնը, Խորհրդային Միութեան բաղկացուցիչ ազգերուն խոստացուած ժողովրդավարական ազատութիւնները,- բաներ` որոնց վստահելով, ու միշտ Խորհրդային Միութեան հաւատարմութեան նշանաբանով, Ղարաբաղի եւ Երեւանի հայերը, խաղաղօրէն եւ օրինակելի կարգապահութեամբ, արտայայտեցին վերամիացման իրենց միահամուռ տրամադրութիւնը, իբրեւ ազգային ու պատմա-քաղաքական ու բարոյական անառարկելի ու անժամանցելի իրաւունք` հայ ժողովուրդէն բրտօրէն խլուած ստալինեան բռնակալութեան օրերուն:

Միեւնոյն այս շարանը, հայութեան պահանջատիրութեան դէմ զանազան մակարդակներու վրայ ու յաջորդաբար արտայայտուած այս անաթեմաները արտայայտութիւնը չե՞ն արդէն ամբողջատիրական յամեցող մտայնութեան մը եւ գործելակերպի մը: Կը սիրենք յուսալ, որ մենք սխալած կ’ըլլանք, եւ Խորհրդային Կոմկուսի ղեկավարութիւնը առանց ձգձգումներու կը վերահաստատէ ոտնակոխուած արդարութիւնը եւ գոհացում կու տայ հայ ժողովուրդի բնական, պատմական ու միահամուռ կերպով արտայայտուող արդարացի պահանջատիրութեան: Այլապէս, ո՞ւր է տարբերութիւնը Կորպաչեւեան խորհրդայնութեան եւ իրենց տնտեսական ու ռազմական շահերէն տարուած` հայութեան իրաւունքները անտեսող ու ֆաշիստ եւ համաթուրանական Թուրքիոյ ամբողջականութիւնը ոգի ի բռին պաշտպանող կայսերապաշտ տէրութիւններուն միջեւ:

Լեռնային Ղարաբաղի Ատրպէյճանի կցումը, 1923ին, ուրիշ բան չէր եթէ ոչ թուրք ու թաթար ժողովուրդներու համաթուրանական ախորժակներուն գոհացում տալու ճիգ մը` Ստալինի եւ Խորհրդային Միութեան օրուան վարիչներուն կողմէ: Ղարաբաղը, Պատմական Արցախը (մէկը` Մեծ Հայքի 15 նահանգներէն) միշտ եղած է հայկական հող, հայաբնակ, հայաշունչ եկ Հայաստանին կապուած շատ աւելի քան «հարիւրաւոր թելերով»:

Մեծ պետութեանց կողմէ միշտ կարելի է ժողովներ, պահանջներ ու բանաձեւեր սարքել` արգելակելու համար ժողովուրդի մը պատմա-քաղաքական արդար պահանջները: Բայց ատիկա ո’չ վերջնական ու խաղաղեցնող լուծում կ’ըլլայ, ոչ ալ խորհրդային ժողովուրդներու «եղբայրութիւն»ը ամրապնդող որոշում: Ազերիները, հայութեան խաղաղ ցոյցերուն դիմաց, իրենց «եղբայրութիւն»ը փաստեցին արդէն` Սումկայթի փոկրոմը կազմակերպելով: Առանց անիրաւուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերահաստատման, խաղաղութիւն եւ ազգամիջեան անկեղծ գործակցութիւն չի յառաջանար:

Հայութիւնը` Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի, Խորհրդային Միութեան տարածքին թէ ամբողջ արտասահմանի մէջ, Ղարաբաղի խնդրին կապակցութեամբ մէ’կ է հոգիով, զգացումներով ու տրամադրութիւններով: Կարելի է, թերեւս, մեծապետական կարգադրութիւններվ ու բռնի ուժով, Ղարաբաղը պահել Հայաստանէն պոկուած, լքուած իր ներկայ իրաւավիճակին մէջ: Բայց կարելի չէ Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս, Ղարաբաղը բաժնել հայ հոգիէն ու մտքէն: Հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պահանջատիրութիւնը, ինչ ալ ըլլան իրեն պարտադրուած որոշումները:

Կեցցէ’ Հայկական Ղարաբաղի քաջարի ժողովուրդը:

Կեցցէ’ Հայաստանը:

Կեցցէ’ իր իրաւունքներուն գիտակից ու ամրօրէն պաշտպան համա’յն հայ ժողովուրդը:
Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ
24 Մարտ, 1988

Տպել Տպել