ՀՅԴ Բյուրոյի կոչը


Սիրելի հայրենակիցներ,

Արդէն սկսած է Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի հերթական դրամահաւաքը, որ Նոյեմբեր 25-ին թելեթոնով պիտի եզրափակուի Միացեալ Նահանգներու տարածքին:

Դրամահաւաքի նպատակը այս անգամ եւս կը մնայ նոյնը` մասնակցիլ Արցախի բարգաւաճման եւ տնտեսական վերելքին, աւելի ճշգրիտ բնորոշումով` աջակցիլ այս անգամ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ջրամատակարարման ծրագիրներուն:
Արցախը ազատագրուեցաւ Արցախի հայութեան ազատատենչ մարտունակութեան եւ համայն հայութեան այդ պայքարին ցուցաբերած գործօն զօրակցութեան շնորհիւ: Այսօր, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իրողութիւն է, ան արժանի է գալու հայութեան ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի առարկան:
Մենք պարտաւոր ենք կարելին ու անկարելին ընել Արցախի համար, պարտաւոր ենք շէնցնել, պաշտպանել վերջին դարերու մեր ամենամեծ յաղթանակի գրաւականը: Իւրաքանչիւրիս պարտքն է կանգնիլ արցախահայութեան կողքին, յատկապէս այսօր, երբ Արցախի հարցի քաղաքական լուծումը դեռեւս դժուար բանակցութիւններու առարկայ է:
Հետեւաբար Արցախին տրուած որեւէ նիւթական օժանդակութիւն ունի նաեւ քաղաքական իմաստով բարոյական արժէք: Ան համահայկական շարունակուող զօրակցութեան արտայայտութիւնն է Արցախի ազատագրութեան դատին:
Արցախը վերջնականօրէն ազատագրուած կ’ըլլայ, երբ ան ինքզինք պարտադրէ քաղաքական միջազգային ընտանիքին՝ իբրեւ պետական անկախ միաւոր: Այդ նպատակին հասնելու համար կարեւոր է համայն հայութեան արթնամտութիւնն ու անոր կարողականութեան նպատակասլաց գործածութիւնը:
Այս է պատճառը, որ ընթացող դրամահաւաքի ընթացքին հաւաքուած գումարի չափէն աւելի կարեւոր է դրամահաւաքին մասնակիցներու թիւը՝ իբրեւ ապացոյց հայութեան միասնական կամքին:
Առ այդ, կոչ կ’ուղղենք բոլորին խուռներամ ու առատաձեռն կերպով մասնակցելու համահայկական այս նախաձեռնութեան:

Տպել Տպել