www.kultur.gov.tr կայքի «Հայկական պնդումներ եւ իրողութիւնները. Արեւելեան Անատոլուն հայերու հայրենի՞քն է» խորագիրով յօդուածը դիտարժան քանի մը կարեւոր կէտ հաւաքած է.
Նախ կայքը պաշտօնական-պետական բնոյթ ունի, հետեւաբար պետական քաղաքականութեան համահունչ հրապարակում է: Յօդուածին հրապարակման շարժառիթը, այնտեղ յայտնուած միտքերը, շեշտադրումներն ու եզրակացութիւնը ըստ այնմ պէտք է դիտարկել` փորձել հասկնալու համար, թէ Անգարան հայկական հարցի այս թղթածրարին ուղղութեամբ ի՞նչ նախապատրաստութեան մէջ է:
Հայ ժողովուրդի բնօրրանին հետ կապուած տեսութիւնները նոր չէ, որ կ՛արծարծուին թրքական պաշտօնական շրջանակներու կողմէ: Այստեղ յստակ է տրամաբանութիւնը. պարզացուած ձեւով շեշտել, որ Արեւմտահայաստանը հայ ժողովուրդի պատմական հայրենիքը չէ եղած: Մնացեալը վարկածային ոլորապտոյտներու մէջ առաջնորդելն է ընթերցողը:
Ժխտողականութեան իւրայատուկ մարտավարական քայլ է, որ կ՛առնուի Անգարայի համապատասխան բաժանմունքի վարիչներուն կողմէ ապակողմնորոշելու համար հանրային կարծիքը:
Այս մէկը անշուշտ նման չէ ցեղասպանութիւն ժխտելու դասական մօտեցումին: Նման վարկածներու յառաջ քշումը կը միտի ձեւաւորել այն համոզումը, որ ի սկզբանէ հայերուն հայրենիքը չէ եղած Արեւմտահայաստանը:
Թէ ինչո՛ւ հիմա նման ծագումնաբանական խնդիր պետական մակարդակով կ՛արծարծուի, կ՛արժէ մտածել: Առաջին մտածումը կ՛երթայ հակաքայլ առնելու մարտավարական դիրքորոշումին: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, երբ տակաւ կը զարգանան ճանաչումէն հատուցում կամ պատմական իրաւունքներու վերականգնման հրամայականները, Անգարայի մղձաւանջը ինքզինք կը վերադարձնէ բարձրաձայնելու համար, որ ի սկզբանէ հայկական հողամասեր կարելի չէ համարել այն տարածքները, որոնց հատուցման պատրաստութեան համար իրաւական թղթածրարի առաջադրանք կը յայտարարէ հայ ժողովուրդը` միաժամանակ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:
Այս մէկը ուրեմն թրքական անհանգստութեան տեղի տուող լուրջ ահազանգ է, որուն համար պէտք է պատրաստուիլ եւ պատրաստել հանրային կարծիքը: Անգարան, կը թուի, որ իր գիտահետազօտական բաժանմունքներուն տուած է ազդանշանը այս հարցով զբաղելու եւ ողողելու լրատուադաշտն ու գիտական աշխարհը:
Փորձենք շարունակել Անգարայի պետական քաղաքականութեան տրամաբանութիւնը: Նման վարկածներու ընդունումով ցեղասպանութեան թղթածրարը սահմանափակել սոսկ ճանաչումով: Ահա այստեղ ընդունում-ճանաչում-ներողութիւնը կրնայ աշխատիլ, եթէ միջազգային ընտանիքը համոզուի տարածքներու ոչ հայապատկանելիութեան: Գործադրուած ցեղասպանութեան համար ներողութենէն անդին նոյնիսկ նիւթական հատուցում եւ® վերջ:
Մղձաւանջը բնօրրանային խնդիրին վրայ է եւ այդ իսկ պատճառով ծագումնաբանական, բնիկ թէ եկուոր ըլլալու վրայ կեդրոնացնելով ամբողջ քարոզչաքաղաքական տեսաբանութիւնը: Ճիշդ այստեղ է ուրեմն, որ հայկական կողմը պատմահետազօտական իր որոնումներուն մէջ զգուշ պիտի ըլլայ բնիկ-եկուորի ներհայկական բանավէճեր չսարքելու առումով: Որովհետեւ, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւններու պաշտօնական կայքի այս յօդուածը իր ներածականին մէջ կը խօսի հայերու պատմական հայրենիքին մասին հայ պատմաբաններու զիրար հակասող տեսակէտներուն մասին:
Հետաքրքրական է, որ բնօրրանային այս խնդիրը չի վերաբերիր միայն Արեւմտահայաստանին, ինչպէս յօդուածին խորագիրը պիտի յուշէր. աւարտին կը խօսի հայ ժողովուրդի հարաւային կովկասեան ցեղ ըլլալու հաւանականութեան մասին` եզրակացնելու համար, որ հայերը կովկասեան ցեղերուն հետ որեւէ աղերս չունին:
Այս վերջին տեսակէտը ծառայած է Պաքուի հաշիւներուն: «Վըրթչուըլ Ազրպէյճան» կայքը իշխան Չարլզի Հայաստան այցելութիւնը մեկնաբանելով գրած է. «… Միեւնոյն ժամանակ կը յուսանք, որ արքայազն Չարլզը ուշադրութիւն կը դարձնէ Հայաստանի միատարր բնակչային վիճակին վրայ, որ բնականաբար հարցեր կը յառաջացնէ բնիկ ժողովուրդի մասին, զոր բռնի ուժով վռնտած են այդտեղէն…»:
«Բնիկ»-ը այստեղ ազրպէյճանցիներուն նախնիներն են: Հարցը պատմական անհեթեթութեան մասին չէ, որքան թուրքեւազրպէյճանական քարոզչաքաղաքական միացեալ մեքենայի նոր արտադրութեան շուկայացումին:
Հայկական կողմը զգօնութեամբ պիտի չներքաշուի թելադրուած խաղի այս նոր կանոններուն: Հայկական գիտահետազօտութիւնը պահանջատիրութեան եւ հատուցման իրաւականացումին վրայ պիտի կեդրոնացնէ իր ներուժը: Ճանաչումին յաջորդող հանգրուանը հատուցումն է եւ ոչ թէ բնօրրանային խնդիրները, ինչպէս որ կ՛ուզեն օրակարգի վերածել Անգարան եւ Պաքուն:
«Ա.»
aztagdaily.com







