Համշէնահայութեան Նուիրուած Ձեռնարկին Առիթով Հայկազ Ալվրցեան Լիբանանի Մէջ

Interview1ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ` համշէնահայութեան նուիրուած «Հայեր… Անոնք ալ հայ են» խորագիրով ձեռնարկին իբրեւ օրուան պատգամախօս, Հայաստանէն հրաւիրուեցաւ «Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայոց ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի տնօրէն Հայկազ Ալվրցեան:

Անոր Լիբանան կեցութիւնը` 1-8 մայիս, առիթ ստեղծեց, որ կեդրոնական ձեռնարկին առընթեր կազմակերպուին շարք մը հանդիպումներ եւ զրոյցի երեկոներ, զորս կը թուենք ստորեւ:

Հինգշաբթի, 2 մայիս 2013-ին` հարցազրոյց «Վանայ ձայն»-ի եւ «Ազդակ» օրաթերթի հետ:

Ուրբաթ, 3 մայիս 2013-ին, կեդրոնական ձեռնարկ` «Հայեր… Անոնք ալ հայ են» նիւթով, որ կայացաւ Հայ կաթողիկէ «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հարիւրաւոր հայորդիներու:

Շաբաթ, 4 մայիս 2013-ին Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ հանդիպում Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հօր հետ. ապա ետք նոր վայրի մէջ կայացաւ հարցազրոյց մը «Օ.Թի.Վի.»-ի հայերէն լրատուական բաժինի հետ:

Նոյն օրը, յետմիջօրէին, «Սարդարապատ» ակումբի «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ, ՀՅԴ «Ռոստոմ» Պատանեկան միութեան երէց ընկերներու հետ զրոյց, ուր ընկերները դիտելէ ետք համշէնահայութեան նուիրուած տեսերիզը եւ լսելէ ետք Հայկազ Ալվրցեանի զեկոյցը, հարցումներու ընդմէջէն ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւն:

Կիրակի, 5 մայիս 2013-ի երեկոյեան, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ եւ ներկայութեամբ Այնճարի պատկան մարմիններու ու հայորդիներու, տեղի ունեցաւ համշէնահայութեան նուիրուած հանդիսութիւն մը, համագործակցութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէներու:ARF-SardarabadClub4-

Երկուշաբթի, 6 մայիս 2013-ին, Զմմառու վանքին մէջ հանդիպում Զմմառեան վանահայրերու հետ, իսկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ հանդիպում-զրոյց, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ Զաւարեան Ուսանողական միութեան անդամներուն հետ:

Երեքշաբթի, 7 մայիս 2013-ին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ հանդիպում զրոյց մը, հայ ուսանողութեան եւ տնօրէնութեան հետ:
secondary-school1
Երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ «Ազդակ» օրաթերթի մամլոյ 81-րդ լսարանը` «Արեւմտահայոց հարցերու կեդրոնի գործունէութիւնը» թեմայով, որմէ ետք «Սարդարապատ» ակումբի «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-հանդիպում մը շրջանի ընկերներուն հետ, որուն ընթացքին կոմիտէութեան անունով Հայկազ Ալվրցեանին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը` Համշէնի Զիրքալէ բերդը խորհրդանշող:

Չորեքշաբթի, 8 մայիս 2013-ի առաւօտեան հանդիպում-զրոյց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտութեան հետ, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պուրճ Համուտի հայկական 3 բարձրագոյն վարժարաններու` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեանի եւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեանի բարձրագոյն դասարաններու աշակերտութեան հետ հանդիպում-զրոյց, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Նման իւրայատուկ եւ աննախադէպ նախաձեռնութիւնները՝ մէկ շաբթուան վրայ երկարող, նոր էջ մը բացին լիբանանահայութեան, մանաւանդ երիտասարդ խաւին համար, որոնք թերեւս տեղեակ են Արեւմտահայաստանի մէջ բնակող հայութեան մասին, սակայն անտեղեակ կամ աղօտ տեղեկութիւններ ունին հայութեան այն կարեւոր հատուածին մասին` իսլամացած հայեր եւ համշէնահայեր, որոնք անբաժան մէկ մասնիկն են հայ ժողովուրդին եւ ամբողջութիւն մը կը կազմեն միանալով Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ սփիւռքի հայութեան:

ՀՅԴ «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» ԿՈՄԻՏԷ

aztagdaily.com

Տպել Տպել