«Ամէն հայ Եղեռնի պատմութիւն մը ունի: Ամէն հայ նահատակ մը ունի իր հոգիին մէջ»

doct-hrant-markarianԿարճ ժամանակ առաջ մեր թերթի էջերէն յայտարարութիւն մը լոյս տեսած էր Libra-6 Productions, Inc. կազմակերպութեան կողմէ «ՎԿԱՅԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» կոչուող ծրագրի իրագործման մասին, որ կը միտի անգլերէնով հրատարակել Եղեռնի զոհերու, Եղեռնէնազատողներու եւ անոնց գերդաստաններուն պատումները՝ գրի առնուած զոհերու եւ վերապրողներու յաջորդ սերունդին կողմէ:

Libra-6 Productions, Inc. Նիւ Եորք նահանգի մէջ արձանագրուած, ոչ շահաբեր կազմակերպութիւն է եւ համամարդկային խնդիրներ կը հետապնդէ՝ թատրոնի, արուեստի եւ մշակութային ձեռնարկներու միջոցով:
Տուեալ ծրագրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով, «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը կապ հաստատեց կազմակերպութեան նորընտիր նախագահ տոքթ. Հրանդ Մարգարեանի հետ, Նիւ Եորքի մէջ (Քանկըրս), որ անմիջապէս յօժարեցաւ հարցազրոյց մը շնորհել մեր թերթի ընթերցողներուն համար:

– Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ վկայութիւնները համախմբելու եւ հատորներով հրատարակելու գաղափարը:

Վերջին տարիներուն, քանի մը ծանօթներ, որոնք Եղեռնէն վերապրողներու զաւակներ են, որոշած էին իրենց գերդաստաններու՝ հօր, մօր, մեծ հօր, մեծ մօր պատմութիւնները գրի առնել՝ յատկապէս իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն համար։ Առիթ ունեցայ կարդալու այդ պատումները։ Անդրադարձայ, որ այս պատումները ո՛չ միայն անհատական արժէք ունին, այլ մեր դատին համար մեծագոյն վաւերական արձանագրութիւններ են։ Եթէ այս քանի մը հոգին գրած են իրենց գերդաստաննեrու մասին, արդեօք ուրիշներ ալ չկա՞ն, որոնք նման պատումեր ունին։

Այդ եղաւ խթանը՝ ճիգ ընելու եւ փորձելու, կարելիութեան սահմաններու մէջ, հաւաքել այս խիստ կարեւոր վաւերագրութիւնները։

Ես ալ Եղեռնէն ազատած հօր եւ մօր վերջին զաւակն եմ։ Հայրս, իր համագիւղացիներով ամէն գիշեր կը հաւաքուէին թղթախաղի մեր տունը։ Դադարներու պահին էր, որ անոնք կը խօսէին իրենց անցած տառապանքի ճանապարհներէն։ Մանուկի մը համար շատ կանուխ էր հասկնալու Եղեռնի բուն էութեան իմաստն ու խորհուրդը։ Տարիներ անցան եւ հասունութեան հետ եկաւ գիտակցութիւնը՝ հետապնդելու անարգուած ազգի մը արդար դատը եւ անոր հետ կապուած խնդիրները։ Հրապարակային դասախօսութիւններով, գրութիւններով եւ յատկապէս թատերական գործերով կեանքիս մեծ մասը տրամադրեցի բազմերես Եղեռնի տարբեր խնդիրներուն։

Եղեռնը բարդ նիւթ է։ Ան՝ անհատական, հաւաքական, ազգային, մարդկային, համամարդկային, ընկերային, հոգեբանական եւ քաղաքական մանրամասնութիւններով բարդ եւ բազմերես խառնարան մըն է։ Պիտի ՉԸԼԼԱՅ որե՛ւէ գրական երկ, պատմութեան գիրք, գեղարուսետական գործ, քաղաքական եւ ընկերային գիտաժողով, որ ներկայացնէ Եղեռնի ԲԱՐԴ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆը։ Անկարե՛լի է։ Եղեռնը կը նմանի պատմութեան եւ գիտական այն պեղումներուն, որոնք անհատակ գանձեր կը պարունակեն։ Որքան «նորութիւն»ներ դրսեւորուին, անոնց ետին նո՜ր նորութիւններ կը յայտնուին։ Այդ իսկ պատճառով, ցարդ գրուած բազմաթիւ սքանչելի պատումներու եւ յուշագրութիւններու կողքին, կան բազմաթիւ պատումներ, որոնք կը սպասեն երեւան գալու։ Մէկ ու կէս միլիոն «պատում»ներէն ինչ որ ալ փրկուի, մեր Դատին հետապնդման համար անկասկած դրական քայլ պիտի ըլլայ։ Ահա այս մտահոգութիւններէն թելադրուած ձեռնարկեցինք այս աշխատանքին։

– Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու յուշերը միշտ դժուար եղած է ամփոփել գիրքերու կամ երիզներու մէջ: Մինչեւ հիմա քանի՞աշխատանքներ կան, ուր կարելի եղած է անձնական վկայութիւներ ներառնել:

Ճիշդ է ձեր նշումը։ Մինչեւ հիմա, Եղեռնէն ազատածներու յուշերը երկու հիմնական ձեւով ներկայացուած են – Առաջինը գրութիւններով եւ երկրորդը՝ ձայնագրութիւններով։ Առաջինը, որ յուշագրութիւններ են, առհասարակ անհատական նախաձեռնութիւններ եղած են։ Վերապրողներն են, որոնք պահանջը ունէին իրենց տառապանքին բաժնեկից դարձնելու մեզ՝ յաջորդ սերունդներուն։ Մեծ է թիւը իրենց յուշերը գրի առնողներուն։ Դժուար է բոլորին անունները տալ։ Մահացու մեղք պիտի ըլլայ եթէ անոնցմէ ոեւէ մէկը մոռցուի։ Կան նաեւ հաւաքական պատումներու գործեր։ Այս մարզին մէջ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Ներսէս վրդ. Բախտիկեանի խմբագրութեամբ՝ 1960ական թուականներուն՝ «Մատենաշար Ապրիլեան Եղեռնի» հաւաքաշարը կարեւոր տեղ կը գրաւէ յուշագրութիւններու պահպանման մարզին մէջ։ Անհատական նախաձեռնութիւններուն մէջ, Հայկազուն Եափուճեանի (1965, Պէյրութ), Վերժին Սվազլեանի, (2000, Երեւան), գործերը ընդհանուր նիւթերու հետ միասին, կարեւոր յուշագրութիւններ կը պարունակեն։ Սեդա Քիլէյճեանի (1985, Պէյրութ) գործը ուղղակի վերապրողներու յուշագրութիւն է։ Գրաւոր հրատարակութիւններու կողքին, կան նաեւ ձայնագրուած բանաւոր արխիւներ։ Այս մարզին մէջ, յատկապէս կարեւորագոյն արժէք ունի՝ Զօրեան Ուսումանական կեդրոնի հաւաքածոն, ապա՝ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հաւաքածոն։ Լսած եմ նաեւ, որ Հալէպի մէջ եղած են ձայնագրութիւններ։

– Ինչո՞վ պիտի տարբերի «Վկայութիւններ»ու ձեր նախաձեռնութիւնը:

Վկայագրութիւնները հիմնուած պիտի ըլլան յուշագրութիւններու վրայ։ Ընդհանուր գիծերու մէջ, կարելի է զուգահեռներ գծել՝ յուշագրութիւններու եւ վկայագրութիւններու միջեւ, բայց նպատակի եւ բովանդակութեանց մանրմասնութիւնները կը տարբերին։

Մեր կատարելիքը «վկայագրութիւն» է, որուն բուն մօտեցումը հետեւեալն է-

ա- Մեզի ղրկուած յուշագրութիւնները պիտի վերանայինք, ընտրենք պատահարները եւ ժամանակաքրական շարադրութեամբ՝ ազգային դատական հարցի համար փաստագրական թղթապանակ պատրաստենք, այլ խօսքով՝ «վկայագրութիւն»։

բ- «Վկայագրութիւններ»ը զերծ պիտի ըլլայ՝ ազգագրական ուսումնասիրութենէ, մշակութային վեհութիւններ, սովորոյթներ, ասացուածքներ յիշելէ։

գ- «Վկայագրութիւններ»ը գեղարուեստական երկ պիտի չըլլան, այսինքն բանաստեղծութիւն, վէպ պիտի չտպենք։
դ- «Վկայագրութիւններ»ը զերծ պիտի ըլլան նաեւ ընդհանուր տեսութիւններ արծարծելէ, քաղաքական կամ այլ մեկնաբանութիւններ ներկայացնելէ։

ե- Գիրքը պիտի պարունակէ նաեւ, գրութիւններուն մէջ գործածուած բոլոր վայրերու համառօտ պատմականը, ուր յատկապէս պիտի նշուին այդ վայրին մէջ ապրած հայերու, եկեղեցիներու եւ դպրոցներու թիւերը, անցեալին եւ ներկայիս։
զ- Պիտի ցանկագրուին հայկական վայրերը՝ անոնց ներկայի թրքական անուանափոոխութիւններով։
է- Համառօտ ձեւով պիտի տանք օտար կազմակերպութիւններու կատարած որբահաւաքի եւ որբանոցներու գործերը։

Ուրեմն, «վկայագրութիւններ»ը պիտի պարունակեն Եղեռնի հետ անմիջականօրէն կապուած դէպքերու հում նիւթերը, շարահիւսուական կառոյցով, ինչպէս նաեւ այդ դէպքերուն հետեւանքները։

Կը յուսանք, որ հաւաքական այս վկայագրութիւնները պատկան մարմիններուն համար, իրական դէպքերու պատումով, դատապարտող փաստացի արձանագրութիւններ կÿըլլան։ Կը խորհինք այս մօտեցումով, մեր ազգային դատի այս հանգրուանին անոր նպաստած ըլլալ։

– Ձեր ծանուցումին ընդառաջողներ եղա՞ծ են ցարդ:

Բարեբախտաբար, այո՛։ Մեծ թիւով գրութիւններ ստացած ենք հետեւեալ երկիրներէ՝ ԱՄՆի տարբեր նահանգներէն, Քանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն եւ Անգլիայէն։ Կը հաւատանք, դեռ բազմաթիւ յուշագրութիւններ կան, որոնք կը սպասեն հրատարակուելու։ Մեր խնդրանքն է, բոլոր անոնք, որոնք յուշեր ունին, առաքեն մեզի իրենց գրութիւնները, որովհտետեւ ժամանակը իր աւերը կը գործէ։

– Դիմումը ուղղուած է վերապրողներու ժառանգորդ՝ յաջորդ սերունդի զաւակներուն եւ թոռներուն, որոնք մեծերու յիշատակներու պատմումներուն վրայ յենուած աշխատանք պիտի ներկայացնեն: Վաւերական ի՞նչ արժէք կը ներկայացնեն այս վկայութիւնները:

Նոյն մտահոգութիւնը մենք ալ ունէինք։ Սակայն նկատեցինք, որ՝ մեզի յղուած գրութիւնները երկու մակարդակի վրայ են։ Մեծ մասը ուղղակի՛ անհատական արձանագրութիւններ են նոյնի՛նքն Եղեռնէն վերապրողներու կողմէ։ Անոնք իրենց յուշերը գրի առած են ատենին եւ առիթը չեն ունեցած հրատարակելու։ Բարեբախտաբար իրենց զաւակները եւ երբեմն ալ թոռները մասունքի պէս պահած են այս յուշագրութիւնները։ Մենք, փափկանկատութեամբ, այդ բնագրերուն կրկնօրինակները կը խնդրենք միայն։ Բնագրերը, որպէս յիշատակ, կÿուզենք որ գերդաստանը պահէ։ Նոյնիսկ կը թելադրենք՝ որ Հայաստան պատմութեան թանգարանը ղրկեն։

Մեր ստացածներու երկրորդ մասը ազատուածներու զաւակներու պատումներն են։ Այս վերջիններու պարագային, նշուած դէպքերու թուականները, վայրերը, յաջորդականութիւնը կը ստուգուի, բաղդատականը կընենք այլ պատումներու մէջ նշուած թուականներուն հետ։ Կը հաւատանք՝ որ վերապրողներուն զաւակները իրենց ծնողաց ցաւին ուժգնութիւնը հարազատօրէն կÿարտայայտեն։ Տարօրինակօրէն դէպքերը, շատ յաճախ, այնպիսի մանրամասնութեամբ նկարագրուած են, որ կարծէք ականատես մըն է գրողը։

– Ճի՞շդ է ենթադրել թէ այս հրատարակութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Ժամկէտով նախատեսուած է:

Իրականութեան մէջ, ոչ։ Մեր հասկացողութեամբ, Եղեռնի կարեւորութիւնը եւ ահաւորութիւնը ամեակներով չէ՛ որ պիտի ճշդուի։ Եղեռնը, եղեռն էր երէ՛կ, այսօ՛ր եւ վա՛ղը։ Պիտի դադրի՞նք մեր չլուծուած եւ անտեսուած Հարցը հետապնդելէ հարիւրամեակէն ետք։ Ո՛չ։ Այնքան ատեն, որ՝ թրքական կառավարութիւնը չէ ընդունած իր նախորդ կառավարութիւններէն ոճիրը, այնքան ատեն որ արդար հատուցում չէ եղած հայ ժողովուրդին, այնքան ատեն, որ՝ մենք կը մնանք պահանջատիրական դերի մէջ։

Կը խորհինք նաեւ, որ մենք ազգային պարտականութիւն ունինք մեզ նախորդող սերունդին նկատմամբ, որովհետեւ անոնց կեանքերը մեր ազգային հոլովոյթին մաս կը կազմեն, հայոց պատմութիւնը ձեւաւորող մասնիկներ են։

Այս բոլորը կը բխին այն գիտակցութենէն որ՝ ԱՄԷՆ ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ ՄԸ ՈՒՆԻ ԻՐ ՀՈԳՒՈՅՆ ՄԷՋ։

Հաւաքական այդ նահատակները անհանդարտ են եւ մեզի կը մղեն պայքարելու, յարատեւելու եւ իրականացնելու անոնց անկատար տենչերն, իղձերն ու երազները։

Շնորհակալութիւն այս առիթը ընծայելուն համար։ Կը յուսամ, այս լուսաբանաութիւնները առիթ կÿընծայեն, որ ձեր եւ այլ շրջաններէ պատումները կը բազմանան:

Վկայագրութիւն-Հրաւէր Եղեռնի Զոհերու
Եւ Վերապրողներու Ժառանգորդներուն

Գրութիւնները հայերէնով կամ անգլերէնով կրնան ըլլալ։
Կարելիութիւն չունինք այլ լեզուներէ թարգմանելու։ Գրութիւնները կարելի է յղել հետեւեալ
ել-հասցէին՝ [email protected]

Կը խնդրենք նկատի առնել հետեւեալ կէտերը.
1.- Գրութիւնները պէտք է անձնական պատումներ ըլլան:
2.- Նշել զոհերուն, վերապրողներուն անունները, ծննդավայրերը, աքսորի ճանապարհը:
3.- Գրութիւնները 1-15 էջ, անգլերէն կամ հայերէն կրնան ըլլալ. թարգմանութիւնը անվճար է:
4.- Քաջալերելի է ընտանեկան կամ անհատական նկարներ, քարտէսներ ղրկել:
5.- Վաւերականութեան համար գրողները պէտք է ներկայացնեն իրենց համառօտ կենսագրական կէտերը,
անունն ու մականունը, հասցէն, հեռախօսի թիւը, ե-հասցէն:
6.- Գրութիւն մը ընդունելու կամ մերժելու որոշումը վերապահւած է Libra-6ին:
7.- Նիւթական յատկացում պիտի չկատարուի ոեւէ գրողի:
8.- Հրատարակութիւնը կ՛արձանագրուի Միացեալ Նահանգներու օրէնքներուն համաձայն եւ գիրքէն օրինակ մը կը նուիրուի անձին:

azator.gr

Տպել Տպել