«Հայ Դատ Եւրոպա» պիտակով նիւթեր

Հարցազրոյց` Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Ատենապետ Ընկեր Գասպար Կարապետեանի Հետ

Գրասենեակի հիմնադրութենէն արդէն անցած են աւելի քան 10 տարիներ: Ինչպիսի՞ իրագործումներ յաջողած են անցնող տարիներուն: Գոհացում տրուա՞ծ է սկզբնական դրդապատճառներուն: Զանազան երկիրներու մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու հիմնադրութենէն ետք, յատկապէս 80-ական թուականներուն, Եւրոպայի երկիրներուն մէջ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումներու շարք մը, որ յատկանշուեցաւ 1987-ին Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ճանաչման բանաձեւով, որ նախապայման կը դնէր Թուրքիոյ` Եւրոպական անդամակցութեան…