Ամսական արխիւներ. November 2014

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Հակազդէ

Երէկ լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի առաւօտեան յայտագիրի «Վուայաժ Վուայաժ»-ի բաժինին մէջ Ազրպէյճան այցելած հիւրեր ակնդիրներուն ներկայացուցին Ազրպէյճանի քարտես մը, որուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացուած էր իբրեւ Ազրպէյճանի մէկ մասը: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ այդ հարցով նամակ մը յղեց «Էմ.Թի.Վի.»-ին` նշելով, որ Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին կողմէ պատրաստուած այդ քարտեսին ճամբով «Էմ.Թի.Վի.»-ի ակնդիրներուն մօտ ստեղծուեցաւ այն…