
Չորեքշաբթի, 4 ապրիլի կէսօրին, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին սկիզբը, ժողովականները քննարկեցին 6 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները եւ յատկապէս` Պէյրութի, Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ կատարուող աշխատանքները: Իբրեւ Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանի ցանկակից կուսակցութիւններ, ժողովականները շեշտեցին 6 մայիսին խիտ շարքերով ընտրութիւններու մասնակցութեան թելադրականութիւնը`…