Յայտարարութիւն

Խստoրէն կը դատապարտենք առանց դրդապատճառի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի թիկնապահներուն կատարած յարձակումը, անմեղ ցուցարարներուն վրայ, որ պատահեցաւ Ուաշինկթընի մէջ, Մայիս 16, 2017-ին:

2016-ին, Էրտողանի թիկնապահները երկու անգամ նմանօրինակ միջամտութիւններ կատարած էին Միացեալ Նահանգներու մէջ, Ապրիլին «Պրուքինկզ» հիմնարկին մէջ, բանախօսութեան մը ընթացքին, եւ Յունիսին կռփամարտիկ Մոհամէտ Ալիի թաղման առթիւ: Հաւանաբար այսպիսի միջամտութիւններ բնական են Էրտողանի բռնատիրական ղեկավարութեան տակ, սակայն անհանդուրժելի են Միացեալ Նահանգներէն ներս:

Այս յարձակումները նաեւ կը բացայայտեն ձախողութիւնը՝ Թուրքիոյ նկատմամբ, Միացեալ Նահանգներու կիրարկած մեղմ քաղաքականութեան: Դիւրացնելով Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը, լուռ մնալով Հայաստանի ապօրինի շրջափակման, անտեսելով Թուրքիոյ կատարած օժանդակութիւնը Իսլամական Պետութեան եւ «Ալ Քայիտա»ին, նաեւ անտեսելով կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ ժխտական կեցուածքը, Միացեալ Նահանգները շարունակ կը քաջալերեն Էրտողանի ղեկավարութիւնը, որպէսզի հետզհետէ իր երկրէն ներս թէ՛ դուրս, դառնայ աւելի նախայարձակ:

Էրտողանի նման բռնատէրներու հետ փաղաքշանքով մօտենալով, եւ թոյլ տալով, որ Թուրքիան «արտածէ» իր ըմբռնած «ժողովրդավար» արժէքները, սպառնալիքներու եւ բռնութեամբ լռեցնելով ընդդիմութիւնը, Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը ցուցաբերէ թուլութիւն, խրախուսելով որ յետագային նմանօրինակ այլ միջադէպեր ալ պատահին, եւ վտանգի տակ կը դնէ նոյնինքն իր քաղաքացիները:

Կոչ կ՛ուղենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, անյապաղ եւ ամենայն մանրամասնութեամբ քննել այս միջադէպը, հանրութեան բացայայտել եւ զեկուցել պատահածը, կանխարգիլելու համար նման անյարիր դէպքեր, նաեւ վերջ դնել՝ Միացեալ Նահանգներու կիրարկած ձախող մեղմունակ քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ հանդէպ:

Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէ

Մայիս 18, 2017

Տպել Տպել