
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127 ամեակը հանդիսաւոր ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ Կիրակի 21 Յունուար 2018-ի յետմիջօրէին: «Սարդարապատ» նորաբաց կեդրոնի սրահը նեղ էր արդէն ճշդուած ժամէն առաջ իսկ ժամանած հոծ ժողովուրդին համար: Ուշագրաւ ու մանաւանդ գօտեպնդող երեւոյթ էր երիտասարդութեան տիրական ու մեծաթիւ ներկայութիւնը: Հանդիսութիւնը ձեռնհասութեամբ վարեցին ՀՅԴ ՇԵՄ-ի ընկերներ` Գոհար Յակոբեան եւ Սերոբ Պապափիլաւեան: Բացման խօսքով…














