
(Agencia Prensa Armenia).- Արժանթինեան Փաիտոս հրատարակչատունը անցեալ Օգոստոսին լոյս ընծայեց Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի աշխատասիրութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապին մասին: Գիրքը հրատարակուեցաւ «Ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է իմանալ» շարքին մէջ Ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է իմանալ Միջին Արեւելքի տագնապին մասին խորագրով: Գիրքին մասին անդրադարձաւ արժանթինեան գրաւոր եւ բանաւոր մամուլը, ի մասնաւորի՝ ամենատարածուն Գլարին օրաթերթի շաբաթական յաւելուածը ուր…















