
Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան պետականօրէն ծրագրումին ու կազմակերպումին նախանշաններէն մէկը տրուեցաւ 1915ի Ապրիլ 3ին, երբ Վանի օրուան կուսակալ Ճեւտէթ Պէյի սադրանքով դաւադրաբար սպաննուեցաւ Վանայ Իշխանը՝ իր երեք զինակիցներով։ Օրին, սակայն, Վանէն դուրս՝ Պոլսոյ մէջ թէ այլուր, իբրեւ այդպիսին չընկալուեցաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման Գաղափարի Մարտիկին ու հայկական յեղափոխութեան մարտունակութիւնը խորհրդանշող Դաշնակցական Ազատամարտիկին դէմ կատարուած…















