
Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2017-ին, Բաստրմաճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան: Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին, կատարողութեամբ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ տիկին Լոռի Անթունեանին, դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկ. Ռիթա Շամլեանին: Ձեռնարկի բեմավարներ ընկերուհի Մարի Յովհաննէսեան եւ ընկեր Արարատ Թորոսեան բացման խօսքով հանդէս եկան, որոնք ողջունելէ ետք…















