
Բաղդատելով ամիսներ առաջ ռուս-հրեայ լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան եւ Ատրպէյճանի յանձնման գործողութեան հետ, չորս թուրք մտաւորականներու Արցախ կատարած այցելութեան ստեղծած թնճուկը տարբեր է։ Դէպքերը այնպէս կրնան ընթանալ, որ այս չորս յանդուգն այլախոհները իրենց կարգին արտայանձնուին Պաքուի, սակայն ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ապա ինչպիսի՞ դատավարութեամբ: Հարցադրումներն ու հնարաւոր անակնկալները բազմաթիւ են։ Լափշին Պելոռուսիոյ քաղաքացի չէր եւ…















