
Ստորեւ կու տանք Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ.Մկրտիչ Մկրտիչեանի գրութիւնը, որ մտածուած էր իբրեւ ելոյթ Հայաստան-Սփիւռք 6որդ համաժողովի բացման հանդիսութեան ընթացքին: Այդ խօսքը չարտասանուեցաւ, որովհետեւ համաժողովի բացումէն քանի մը օրեր առաջ բացման հանդիսութեան յայտագիրը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ: Մեծայարգ ներկաներ, Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները յաճախ կը քննադատուին այն հաստատումով, թէ անոնցմէ գործնական աշխատանքային ծրագիրներ չեն բխիր. թէ անոնք պարզապէս…













