
Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործ ըլլալու դիմագիծին մասին հաստատումները սկսած են հնչել միջազգային կառոյցներու մէջ: Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին կատարուած բարբարոսութիւններուն մասին թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան գերատեսչութիւնները դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու ուղարկած էին թղթածրար Ազրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած ամէնէն անմարդկային վայրագութիւններուն: Փաստացի այս տուեալները, լուսանկարները եւ պատերազմական օրէնքները գլխիվար շրջող բոլոր աքթերուն համարժէք…















