
Մայիս 28ին, 99 տարի առաջ, Արարատեան դաշտին մէջ, հայ ժողովուրդը սեփական ուժով պարտութեան մատնեց թրքական ասպատակ զօրքերը եւ արժանաւորապէս, այլեւ հերոսական արեամբ նուաճեց ազատ, անկախ ու միացեալ ապրելու իր իրաւունքը։ 1918 թուի Մայիս 25ին Սարդարապատի, իսկ յաջորդ օրերուն նաեւ Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ, թրքական բանակի ընդհանուր յարձակողականը կասեցնելով, թշնամին նահանջի մղելով եւ դէպի յառաջ…















