
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը ներկայ պայմաններուն մէջ ներքին եւ արտաքին իրադրութիւններու զարգացման միտումներուն վրայ կեդրոնանալու կը հրաւիրէ հայ քաղաքական միտքը: Պատմական ճշմարտութիւն է, որ ազգերն ու պետութիւնները իրենց անկախութեան համար մնայուն պայքարի մէջ են. այդ պայքարը ոչ միայն ռազմական բնոյթ ունի, այլ` մեծ չափերով քաղաքակրթական, աւելի մասնակիօրէն` մշակութային, կրթական, լեզուական եւ հիմա նաեւ յատկապէս արհեստագիտական:…















