
Վերջին ամիսներուն, յստակ էր թէ Պելոռուսիա սկսած էր ի նպաստ Պաքուի դիրքորոշումներ ունենալ: Սակայն լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան գծով, կատարուած իրադարձութիւնները մտահոգիչ եւ ահազանգային են: Եղելութեան մասին տեղեկացողը ափ ի բերան անակնկալի կրնայ գալ, մանաւանդ այս օրերուն երբ հետզհետէ շատ աւելի կը խօսուի լրագրողներու ազատ արտայայտութեան եւ պաշտպանութեան մասին: Յատկապէս հայորդիին համար, նորութիւն մը չէ…















