
ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին Հետ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան, Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան եւ Սերուժ Աբիկեան, երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Գերմանիոյ դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութի հետ: Պատուիրակութիւնը դեսպանին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան…















