
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան Կիպրոս կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Մարտ 16-ին Նիկոսիոյ Ազգային Առաջնորդարանի «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած՝ կիպրահայ համայնքաին կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումի ընթացքին, նախագահ Սարգիսեան պարգեւատրեց կիպրահայ ազգային գործիչ Սիմոն Այնէճեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: Պարգեւատրութիւնը արդիւնք է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրապարակած հրամանագրին, որ կը հաստատէ, թէ…















