
Լիբանանի Նահատակաց օրուան խորհուրդի ձեւախեղումը արդէն հանգիստ ընկալուած է լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջանակներուն կողմէ: Ամբողջ երկրի մը Օսմանեան Կայսրութենէն կրած արհաւիրքը խորհրդանշող Լիբանանի Նահատակներու օրուան խորհուրդի հեզասահ անցումը դէպի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ինկած մամուլի աշխատակիցներու յիշատակի օրուան, շատ լուրջ խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ: Այստեղ, առարկայականութեան սահմաններուն մէջ մնալու փորձը կը շեշտէ, որ թրքական միջամտութեան…















