
Սեդօ Պոյաճեան Առաջնորդելու կոչուած ղեկավարի մը պարտականութիւնն է ախտաճանաչումը կատարել, վերլուծել եւ քննել առկայ քաղաքական որեւէ իրավիճակ, որ կառնչուի երկրի անվտանգութեան ու բարօրութեան։ Ուստի, պէտք է հասկնալի համարել Ազգային Ժողովի լուծարումէն առաջ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի նկատողութիւնները Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ։ Մեկնակէտ ունենալով Հայաստանի դէպի ծով ելք չունենալու (landlocked) հանգամանքը, Պրն. Փաշինեան նկատեց, «Հայ-իրանական…















