
Հինգշաբթի, 27 ապրիլ 2017-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ թիւ 127 լսարանը, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ «Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան» հատորը (Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչատան հիմնադրամի հրատարակութիւն – թիւ 9): Խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ հրատարակութեան խմբագիր ու ՀՅԴ արխիւներու բաժինի պատասխանատու Երուանդ Փամպուքեան:…















