
Մայիս 8-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին նիստը ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու քառօրեայ խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցէին Հայ դատի աւելի քան 25 յանձնախումբերէն ու գրասենեակներէն, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն շուրջ 65 ներկայացուցիչներ: Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան արտասանեց բացման խօսք մը, որուն յաջորդեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի ողջոյնի…















