
Ճիշդ 6 տարի առաջ, 2011-ին ամերիկեան Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը յուլիս 20-ին կ՛ընդունէր խիստ ձեւակերպումներ պարունակող որոշում մը` պահանջելով, որ Թուրքիան բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները վերադարձնէ անոնց «օրինական սեփականատէրերուն»: Քոնկրեսի յանձնախումբը համապարփակ յաւելուած ընդունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Օտարերկրեայ յարաբերութիւններու լիազօրման որոշումին մէջ` կոչ ուղղելով արտաքին գործոց նախարարին, որ` «Թուրքիոյ ղեկավարներուն եւ Թուրքիոյ այլ…















