
Յունուար 18ի այս օրը մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ յեղափոխականի եւ դաշնակցական ղեկավարի լուսապսակ այն դէմքին, որ իր խօսքով եւ գործքով անմահացաւ ՌՈՍՏՈՄ անունով՝ հայոց սերունդներուն կտակելով Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան ու Հայ Մարդու լիիրաւ ինքնահաստատման եւ զարգացման համապարփակ տեսլականը։ Ժամանակի թաւալումին հետ աւելիով բիւրեղացող եւ այժմէական իր հնչեղութիւնը վերանորոգող ժառանգ է…














