
Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան, բայց մանաւանդ 28 Մայիս 1918ին կերտուած անկախ Հայաստանի տարեգրութեան ամէնէն սեւ օրերը արձանագրուեցան Հոկտեմբեր 1920ին, երբ Լենին-Քեմալ սադայէլական զինակցութիւնը ամբողջ թափով երկու կրակի մէջ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Սեպտեմբեր 1920ի վերջին օրերուն քեմալական զօրքերը լայնածաւալ յարձակումի ձեռնարկեցին Հայաստանի դէմ՝ առանց պատերազմի պաշտօնական յայտարարութեան։ Թրքական ներխուժումը իր յաջողութեան գրաւը դրած էր Հայաստանի տարածքին…















