
Յունիսի 20էն 24 երկարող օրերուն, որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ հաւանաբար Յունիս 23ին, 121 տարի առաջ՝ 1896ին, «Գարահիսար լերան կրծքին՝ նա էլ ընկաւ վիրաւոր. կուրծքը պատռած, սիրտը խոցուած, չար թշնամու գնդակով»… Այդպէս ծանրօրէ՛ն վիրաւոր, բայց մինչեւ վերջին շունչ կռիւը շարունակելով՝ հարիւրաւոր իր զինակիցներուն հետ նահատակուեցաւ անզուգական Պետօ։ Ամբողջ Յունիս ամիսը, այդ տարի, օրհասական օրեր բաժին հանեց Վան-Այգեստանի…















