
29 Մայիսի այս օրը, 98 տարի առաջ, Պաքուի մերձակայքը՝ Կասպից Ծովուն բացերը, պոլշեւիկները գնդակահարեցին եւ ծով նետեցին խոշտանգըւած մարմինը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման անձնուէրներէն եւ Հայաստանի անկախութեան պահապան անկեղծ զինուորներէն Սարգիս Մանասեանի։ Համակովկասեան տարողութեամբ քաղաքական ու պետական հանրածանօթ գործիչ էր Սարգիս Մանասեան, որ պոլշեւիկներու ձեռամբ իր նահատակութենէն տակաւին քանի մը ամիս առաջ, 1919ի աշնան, ներքին…















