Սար­գիս ­Մա­նա­սեան (1880?-1920). ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան պա­հա­պան «ան­կեղծ զի­նո­ւոր»ը, որ ա­ռա­ջին զո­հե­րէն ե­ղաւ պոլ­շե­ւի­կեան «յե­ղա­փո­խու­թեան»

29 ­Մա­յի­սի այս օ­րը, 98 տա­րի ա­ռաջ, ­Պա­քո­ւի մեր­ձա­կայ­քը՝ ­Կաս­պից ­Ծո­վուն բա­ցե­րը, պոլ­շե­ւիկ­նե­րը գնդա­կա­հա­րե­ցին եւ ծով նե­տե­ցին խոշ­տան­գը­ւած մար­մի­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման անձ­նո­ւէր­նե­րէն եւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան պա­հա­պան ան­կեղծ զի­նո­ւոր­նե­րէն ­Սար­գիս ­Մա­նա­սեա­նի։

Հա­մա­կով­կա­սեան տա­րո­ղու­թեամբ քա­ղա­քա­կան ու պե­տա­կան հան­րա­ծա­նօթ գոր­ծիչ էր ­Սար­գիս ­Մա­նա­սեան, որ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ձե­ռամբ իր նա­հա­տա­կու­թե­նէն տա­կա­ւին քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ, 1919ի աշ­նան, ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րարն էր ­Հա­յաս­տա­նի նո­րաս­տեղծ ­Հան­րա­պե­տու­թեան։

Մա­յիս 1920ի սկզբնա­ւո­րու­թեան, երբ Ատր­պէյ­ճա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք պոլ­շե­ւիկ­նե­րը հա­կա­պե­տա­կան ընդ­հա­նուր խռո­վու­թեանց ձեռ­նար­կե­ցին Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի ­Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ­Սար­գիս Մա­նա­սեա­նին իբ­րեւ լիա­զօր բա­նագ­նաց ու­ղար­կեց Ի­ջե­ւան, ուր կեդ­րո­նա­ցած էր պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը՝ թի­կուն­քը տո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նէն յա­ռա­ջա­ցող ­Կար­միր Բա­նա­կին։ Ս. ­Մա­նա­սեա­նի կ­’ըն­կե­րա­նար յա­տուկ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը։ Բա­նագ­նաց­նե­րուն ա­ռա­քե­լու­թիւնն էր երկ­խօ­սու­թեան ճամ­բով դադ­րեց­նել խռո­վու­թիւ­նը։

Պա­տա­հա­կան չէր ­Սար­գիս ­Մա­նա­սեա­նի ընտ­րու­թիւ­նը՝ իբ­րեւ գլխա­ւոր բա­նագ­նա­ցի եւ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հետ խօ­սա­կի­ցի։ Ս. ­Մա­նա­սեան յար­գո­ւած յե­ղա­փո­խա­կա­նի հռչակ կը վա­յե­լէր հա­մա­ռու­սա­կան բո­լոր շար­ժում­նե­րուն մօտ։ ­Պայ­քա­րած էր ­Ցա­րա­կան բռնա­տի­րու­թեան դէմ եւ այդ պատ­ճա­ռով բանտ ալ նստած տա­րի­ներ։ ­Բայց Պոլ­շե­ւիկ­նե­րը դա­ւադ­րա­բար ծու­ղակ լա­րե­ցին ու գե­րի բռնե­ցին ամ­բողջ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը եւ ան­մի­ջա­պէս տա­րին ­Պա­քու, ուր բան­տա­յին չար­չա­րանք­նե­րու եւ հար­ցաքն­նու­թեանց կար­ճա­տեւ շրջա­նէ մը ետք՝ 29 ­Մա­յիս 1920ին տմար­դօ­րէն վերջ տո­ւին ­Մա­նա­սեա­նի եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րու կեան­քին։

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եր­րորդ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ան­կեղծ հա­ւա­տա­ցողն էր ա­զա­տու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րող յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան միու­թեան։ Եր­կա­րա­մեայ գոր­ծակ­ցու­թեան փորձ ու­նէր հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում­նե­րուն հետ, անձ­նա­պէս քա­ջա­ծա­նօթ էր 1917ի ռու­սա­կան մեծ յե­ղա­փո­խու­թե­նէն ետք պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց ղե­կին հա­սած ռուս թէ հայ, վրա­ցի թէ թա­թար յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն։ Եւ երբ 1918ի ­Մա­յի­սէն սկսեալ, Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի քայ­քա­յու­մէն ետք ի­րենց ան­կա­խու­թիւ­նը հռչա­կած Վ­րաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ բուռն հա­լա­ծանք սկսաւ պոլ­շե­ւի­կեան գոր­ծիչ­նե­րու դէմ, ­Սար­գիս ­Մա­նա­սեան հան­դի­սա­ցաւ պաշտ­պան­նե­րէն մէ­կը նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քին այն քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, որ ա­պաս­տան տո­ւաւ հա­լա­ծան­քի են­թար­կը­ւած հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րուն։

Գա­ղա­փա­րա­կան ու ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան այդ դիւ­րա­հա­ւա­տու­թեան ա­ռա­ջին ու մեծ զո­հե­րէն մէ­կը դար­ձաւ ­Սար­գիս ­Մա­նա­սեան։

Ան­վե­հեր յե­ղա­փո­խա­կա­նի եւ հա­ւա­տա­ւոր դաշ­նակ­ցա­կա­նի այս ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին նը­ւի­րո­ւած իր կեն­դա­նագ­րին մէջ, «­Դէմ­քեր ­Հայ Ա­զա­տագ­րա­կան Շարժ­ման» գոր­ծի երկ­րորդ հա­տո­րով, մատ­նա­ցոյց ը­նե­լով գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը պոլ­շե­ւիկ­նե­րու գոր­ծած եղ­բայ­րաս­պան այս ա­նարգ ո­ճի­րին՝ Գաբ­րիէլ ­Լա­զեան կը վկա­յէ.

«­Ռու­սա­կան ­Չե­կա­յի պետ ­Բագ­րա­տո­վի եւ ­Մի­կո­յեա­նի պնդու­մին վրայ է, որ գնդա­կա­հա­րո­ւած է ­Մա­նա­սեան»։ ­Դա­ւա­նա­մոլ պոլ­շե­ւի­կի իր այ­սօ­րի­նակ մեղ­սու­նակ վար­քագ­ծին հա­մար է, որ դաշ­նակ­ցա­կան միտ­քը միշտ սեւ կէտ մը դրաւ, հա­յոց ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ, Ա­նաս­տաս ­Մի­կո­յեա­նի ա­նու­նին կող­քին, խորհր­դա­յին­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան բարձ­րա­գոյն դիր­քե­րու հա­սած պոլ­շե­ւիկ այդ գոր­ծի­չին ար­ժե­ւոր­ման պա­րա­գա­յին։

Իր այդ վկա­յու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նե­լով՝ Գ. ­Լա­զեան կը կա­տա­րէ հե­տե­ւեալ յա­ւե­լու­մը.

«­Հե­տա­գա­յին, երբ ­Հա­յաս­տան խորհր­դայ­նա­ցաւ, Դ­րօ ա­ռի­թով մը հան­դի­պում կ­’ու­նե­նայ Կով­կա­սի ­Կար­միր ­Բա­նա­կի ընդհ. հրա­մա­նա­տար Օր­ժո­նի­կի­ձէին հետ, որ կ­’ը­սէ, թէ ինք ե­թէ լուր ու­նե­նար, կ­’ար­գի­լէր ­Մա­նա­սեա­նի գնդա­կա­հա­րու­մը, ո­րով­հե­տեւ Շ­լի­սէլբուր­գի ցա­րա­կան բան­տին մէջ ճանչ­ցած էր այդ մեծ յե­ղա­փո­խա­կան»ը։

Ո՞վ էր ­Սար­գիս ­Մա­նա­սեան եւ ի՞նչ գոր­ծեր կա­պած էր իր ա­նու­նին, որ­պէս­զի հաս­նէր նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի կա­րե­ւո­րա­գոյն պաշ­տօ­նին, որ­մէ մե­ծա­պէս կա­խում ու­նէր ա­պա­հո­վու­մը սո­վի եւ գաղ­թա­կա­նու­թեան մեր հայ­րե­նի­քին ներ­քին կա­յու­նու­թեան ու անվ­տան­գու­թեան, Մա­յիս 28էն յե­տոյ։

Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան երկ­րորդ սե­րուն­դի ար­ժա­նա­ւոր գոր­ծիչ­նե­րէն էր մաս­նա­գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թեամբ եւ աս­պա­րէ­զով ու­սու­ցիչ ­Սար­գիս ­Մա­նա­սեա­նը, որ իր բո­լոր ու­ժե­րը եւ ե­րի­տա­սարդ կեան­քը ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան սրբա­զան պայ­քա­րին։

Ծ­նած էր ­Գան­ձա­կի (դաշ­տա­յին Ար­ցա­խի) ­Չար­տախ­լու գիւ­ղը, չքա­ւոր ըն­տա­նի­քի մէջ։ Ծնն­դեան ճշգրիտ թո­ւա­կա­նը ան­յայտ է, բայց յու­շագ­րա­կան պա­տա­ռիկ­նե­րէ կա­րե­լի է են­թադ­րել, որ 1878-80 թուա­կան­նե­րու ծնունդ պէտք է ըլ­լար, ո­րով­հե­տեւ իր ա­նո­ւան ա­ռա­ջին յի­շա­տա­կու­թեան կը հան­դի­պինք 1895ին, իբ­րեւ ­Թիֆ­լի­սի Հ.Յ.Դ. Ա­շա­կեր­տա­կան Միու­թեան նո­րա­գիր ան­դամ աշ­խոյժ պա­տա­նի­նե­րէն մէ­կը։
Տար­րա­կան ու­սու­մը ստա­ցած էր ­Թիֆ­լի­սի ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նին մէջ, որ չքա­ւոր հայ տղոց ձրի կրթու­թիւն ջամ­բող՝ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան մթնո­լոր­տով յա­գե­ցած ու­սում­նա­կան հնոց մըն էր։ Ա­շա­կեր­տա­կան այդ տա­րի­նե­րուն էր, որ նո­րա­կազմ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րով տո­գո­րո­ւած՝ ան ան­դա­մակ­ցած է «­Հայ­կա­զեան Եղ­բայ­րու­թիւն» ա­նու­նով գոր­ծող ա­շա­կեր­տա­կան շար­ժու­մին։ ­Բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ստա­ցած էր ­Թիֆ­լի­սի ռու­սա­կան Ու­սուց­չա­նո­ցին մէջ, փայ­լուն ար­դիւն­քով ա­ւար­տած էր եւ ան­մի­ջա­պէս կո­չո­ւած ու­սուց­չա­կան աշ­խա­տան­քի՝ նախ ­Շու­շիի հե­ղի­նա­կա­ւոր ­Թե­մա­կան վար­ժա­րա­նին, ա­պա՝ նոյ­նինքն ­Թիֆ­լի­սի Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նին մէջ։

Դաշ­նակ­ցա­կան ան­կեղծ զի­նո­ւո­րի իր կրա­կի մկրտու­թիւ­նը ­Մա­նա­սեան ստա­ցաւ 1903ին, երբ Ք­րիս­տա­վո­րի գլխա­ւոր գոր­ծա­կից­նե­րէն մէ­կը դար­ձաւ ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի զին­ման նպա­տա­կով կեան­քի կո­չո­ւած «­Փո­թո­րիկ»ի՝ հայ մե­ծա­հա­րուստ­նե­րէն նո­ւի­րա­հա­ւա­քի — ի հար­կին բռնի — կազ­մա­կերպ­ման ու յա­ջող ի­րա­գործ­ման մէջ։

Իբ­րեւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մար­տա­կան ու­ժե­րուն զին­ման գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն մէ­կը (Հ.Յ.Դ. Ա­րե­ւե­լեան ­Բիւ­րո­յի կող­քին ստեղ­ծո­ւած ­Զին­ֆո­նի — ­Զի­նո­ւո­րա­կան ­Ֆոն­տի — ան­դամ էր), ­Մա­նա­սեան կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ 1905-06ին ցա­րա­կան սպա­սար­կու­թեանց հրահ­րած հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու դժո­ւա­րին գոր­ծին մէջ։ Ինչ­պէս ­Նի­կոլ ­Դու­ման, որ հայ ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան ու­ժե­րուն գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տարն էր, նոյն­պէս եւ ­Սար­գիս Մա­նա­սեան, որ ­Պա­քո­ւէն մին­չեւ Ե­րե­ւան տա­րա­ծո­ւած հայ մար­տիկ­նե­րը զէնք ու զի­նամ­թեր­քով ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծին գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն էր, գոր­ծե­ցին այն հա­մո­զու­մով ու հա­ւատ­քով, թէ լա­ւա­գոյն պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նը յար­ձա­կո­ղա­կանն է։

Թէեւ ­Մա­նա­սեան լա­ւա­պէս կը գի­տակ­ցէր եւ ուժգ­նօ­րէն դէմ էր հա­յեւ­թա­թար ազ­գա­մի­ջեան թշնա­մանք սեր­մա­նե­լու ցա­րա­կան դա­ւադ­րու­թեան, այ­դու­հան­դերձ՝ ինչ­պէս ա­տե­նի դաշ­նակ­ցա­կան ամ­բողջ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, ­Մա­նա­սեան եւս զի­նեալ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թե­նէն դուրս ելք չտե­սաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի փրկու­թեան հա­մար։

Հա­յեւ­թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րու ծան­րա­գոյն այդ շրջա­նին էր, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը միա­ցաւ ցա­րա­կան բռնա­տի­րու­թեան դէմ բռնկած հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան եւ, իր ­Ռա­յո­նա­կան ­Ժո­ղո­վին մէջ, ըն­դու­նեց ­Կով­կա­սեան գոր­ծու­նէու­թեան ­Նա­խա­գի­ծը, որ մինչ այդ բա­ցա­ռա­պէս Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան դէմ պայ­քա­րող ­Դաշ­նակ­ցու­թեան առ­ջեւ պի­տի բա­նար երկ­րորդ ճա­կատ մը՝ ի խնդիր Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ տե­ղա­կան կա­ռա­վար­ման լայն ինք­նա­վա­րու­թեան։

Պատ­մու­թե­նէն ծա­նօթ է, որ ­Կով­կա­սեան ­Նա­խա­գի­ծը ա­ռա­ջա­ցուց ա­րեւմ­տա­հա­յոց ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին ջեր­մե­ռանդ պաշտ­պան­նե­րու խոր դժգո­հու­թիւ­նը թէ՛ Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն ներս, թէ՛ ընդ­հան­րա­պէս հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ ­Ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով փոր­ձե­ցին չա­րա­շա­հել այդ դժգո­հու­թիւն­նե­րը եւ ձեռ­նար­կե­ցին հա­կա­ցա­րա­կան պայ­քա­րին միա­ցած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րուն մէջ իսկ պա­ռակ­տում ա­ռա­ջաց­նե­լու դա­ւա­դիր գոր­ծու­նէու­թեան։ Ա­րեւմ­տա­հա­յոց դա­տի պաշտ­պան­նե­րու հո­սան­քը կը ղե­կա­վա­րէր դաշ­նակ­ցա­կան վաս­տա­կա­ւոր խմբա­պետ Միհ­րա­նը, ո­րուն ա­նու­նով ալ կնքո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յու եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յու խզում ա­ռա­ջաց­նող «­Միհ­րա­նա­կան ­Շար­ժում»ը։ Խմ­բա­պետ ­Միհ­րան կոյր գոր­ծիք մը դար­ձաւ ցա­րա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան ձեռ­քը եւ ա­նոնց պաշտ­պա­նու­թեան տակ փոր­ձեց քաշք­շել իր կեան­քը, մին­չեւ որ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­նո­ղոք կամ­քով վերջ տրո­ւե­ցաւ ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի ներ­քին ցե­ցը դար­ձած այդ չա­րի­քին։

Այ­դօ­րի­նակ չա­րի­քին դէմ գա­ղա­փա­րա­կան բուռն պայ­քար մղող դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ գոր­ծիչ­նե­րու շար­քին յաղ­թա­հա­սակ կանգ­նե­ցաւ ­Սար­գիս ­Մա­նա­սեան, որ մեծ հե­ղի­նա­կու­թիւն կը վա­յե­լէր դաշ­նակ­ցա­կան մար­տիկ­նե­րու մօտ։ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի, Ար­շակ ­Ջա­մա­լեա­նի, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի եւ ե­րի­տա­սարդ ղե­կա­վար այլ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րու հետ ­Մա­նա­սեան մեծ դեր ու­նե­ցաւ, մին­չեւ 1907ի ­Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը, Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պա­կան ներ­քին միու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու եւ ա­ւե­լիով խո­րաց­նե­լու պատ­մա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։

Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը եւ դժբախ­տա­բար, հե­տա­գա­յին, ընդ­հան­րա­պէս ռուս պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը եր­բեք չնե­րե­ցին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան՝ ռուս յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մին միա­նա­լու այդ քայ­լին հա­մար։ ­Սեւ ցան­կի վրայ դրո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու ա­ռա­ջին­նե­րէն ե­ղաւ ­Սար­գիս ­Մա­նա­սեան։ Եւ 1909ին, երբ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը բազ­մա­հա­րիւր հայ մտա­ւո­րա­կան­ներ ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թեան են­թար­կե­ցին իբ­րեւ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րու, ա­պա՝ ձեռ­նար­կե­ցին ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իբ­րեւ հա­կա­պե­տա­կան շար­ժում դա­տա­պար­տե­լու եւ լու­ծա­րե­լու տխրահռ­չակ դա­տա­վա­րու­թեան, ­Սար­գիս ­Մա­նա­սեան ե­ղաւ այն ան­վե­հեր ամ­բաս­տա­նեա­լը, որ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ կա­յա­ցած դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին, պա­տաս­խա­նե­լով դա­տա­խա­զի մե­ղադ­րանք­նե­րուն, հպար­տու­թեամբ յայ­տա­րա­րեց, թէ ինք դաշ­նակ­ցա­կան է եւ կա­տա­րած է գա­ղա­փա­րա­կան իր պարտ­քը։

Իր այդ կե­ցո­ւած­քին ու Հ.Յ.Դ. ­Զին­ֆո­նի ան­դա­մակ­ցու­թեան ճամ­բով իր ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար, ­Սար­գիս ­Մա­նա­սեան ծան­րա­գոյն պա­տիժ ստա­ցաւ եւ դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ քա­ղա­քա­կան մեծ յան­ցա­գոր­ծու­թեանց հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած Շ­լի­սէլ­բուր­գի բան­տա­բեր­դին մէջ բան­տար­կու­թեան։ Այդ շրջա­նին էր, որ Օր­ժո­նի­կի­ձէի օ­րի­նա­կով ռուս յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու հետ իր մտեր­մու­թիւ­նը ամ­րապն­դո­ւե­ցաւ։
Սար­գիս ­Մա­նա­սեան ընդ­հա­նուր նե­րու­մէն օգտուած եւ բան­տար­կու­թե­նէ ա­զատ ար­ձա­կո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան բան­տար­կեալ­նե­րու վեր­ջին­նե­րէն ե­ղաւ։ ­Բայց բան­տէն հա­զիւ ար­ձա­կո­ւած՝ տեն­դա­գին փա­րե­ցաւ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին, դար­ձեալ զի­նու­մի գոր­ծին մէջ պա­տաս­խա­նա­տու յանձ­նա­րա­րու­թիւն­ներ ստանձ­նե­լով։

Իսկ երբ պայ­թե­ցաւ ­Փետ­րո­ւար 1917ին հա­մա­ռու­սա­կան մեծ յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը եւ Ռու­սա­կան ­Կայս­րու­թեան անխ­տիր բո­լոր շրջան­նե­րէն ժո­ղովր­դա­յին պատ­գա­մա­ւոր­ներ ընտ­րո­ւե­ցան յե­ղա­փո­խու­թեան հե­տա­գայ ըն­թաց­քը հու­նա­ւո­րե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ՝ Անդր­կով­կա­սը ներ­կա­յաց­նող հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու շար­քին իր կա­րե­ւոր տե­ղը ու­նե­ցաւ ­Մա­նա­սեան, որ այդ­պէ՛ս շա­րու­նա­կեց իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը մին­չեւ 28 Մա­յիս 1918ին ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մը եւ ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղ­ծու­մը։

Ու­ղիղ եր­կու տա­րի, մին­չեւ 29 ­Մա­յիս 1920ին հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու կող­մէ իր ա­նար­դա­րա­նա­լի գնդա­կա­հա­րու­մը, ­Սար­գիս ­Մա­նա­սեան իր բո­լոր ու­ժե­րով նուի­րո­ւե­ցաւ հա­յոց պե­տա­կան օ­ճա­խի կեր­տու­մին։ ­Մոռ­ցաւ սե­փա­կան ըն­տա­նի­քը՝ կինն ու զա­ւակ­նե­րը, ո­րոնք ­Թիֆ­լիս կը մնա­յին, իսկ ինք կը փու­թար հաս­նե­լու պե­տա­կան շի­նա­րա­րու­թեան կա­րիք­նե­րուն, ստանձ­նե­լով ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ ի­րեն յանձ­նա­րա­րո­ւած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Այդ­պէ՛ս ընտրուե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի Խորհր­դա­րա­նի ան­դամ, նշա­նա­կո­ւե­ցաւ նա­խա­րա­րի օգ­նա­կան եւ Ապ­րիլ-Օ­գոս­տոս 1919ին ստանձ­նեց, Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ, ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը։

Ճա­կա­տագ­րա­կան դառն վախ­ճան ու­նե­ցաւ ի­րեն վստա­հո­ւած վեր­ջին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, որ ապս­տամբ եւ խռո­վա­րար հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հետ երկ­խօ­սու­թեան գե­տին ստեղ­ծե­լու լիա­զօր բա­նագ­նա­ցի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւնն էր։

Իր կեան­քին գնով ­Սար­գիս ­Մա­նա­սեան սոր­վե­ցաւ, որ պոլ­շե­ւի­կին հա­մար ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւն «գո­յու­թեան ի­րա­ւունք» չու­նէին։

Եւ այդ­պէս վերջ գտաւ, քա­ռա­սուն տա­րե­կա­նին, անձ­նո­ւէր ու ան­վե­հեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի ու դաշ­նակ­ցա­կան ան­կեղծ զի­նո­ւո­րի այս մե­ծա­վաս­տակ կեր­պա­րին։

Յե­ղա­փո­խա­կան այն հա­ւա­տա­ւոր գոր­ծի­չին, ո­րուն մա­սին 1905ին Ար­մէն ­Գա­րօ ը­սած էր՝
«Այս ու­սու­ցի­չի սիր­տին մէջ ի՜նչ զօ­րու­թիւն է, որ թագ­նո­ւած է»։

Ն.

azator.gr

Տպել Տպել